ԱՐԴԱՐ ՎԱՍՏԱԿ ԵՒ ԱՐԴԱՐ ԾԱԽՔ
Աշխատանքը՝ աշխարհի սկիզբէն ի վեր անփոփոխ եւ կենսական սկզբունք մը եղած է ամէն կենդանի էակի գոյապահպանման ու գոյատեւմանը համար։ Եւ բոլոր կենդանի էակներու ամենէն կատարեալը՝ իմացականութեամբ ե՛ւ բանականութեամբ օժտուածը՝ մարդը աշխատանքի շնորհիւ է որ կրցած է ապահովել իր էութիւնը։ Մարդուս աշխատանքի ձեւն ու հանգամանքը կը տարբերի միւս կենդանիներէն, քանի որ ան գիտակցութիւնը ունի «ապագայ»ի մը իրողութեան եւ այս իսկ պատճառով չ՚աշխատիր միայն իր ներկան ապահովելու համար, այլ նաեւ՝ իր եւ իր յաջորդներուն ապագա՛ն։
Եւ «ապագայ»ի համար աշխատիլ, ո՛չ միայն ներկայ սերունդի, այլ ապագայ սերունդի մասին մտահոգուիլ, անոնց ապահովութեանը, բարելաւմանը եւ երջանկութեանը ձգտիլ, անոնց համար ալ ներկային աշխատիլ միա՛յն մարդուն յատուկ, բնորոշիչ հանգամանք մը՝ բարեմասնութիւն մըն է։
Արդարեւ, «ապագա՛յ»ի մասին մտահոգուիլ, ապագայ սերունդներու հոգածութիւնը ստանձնել՝ մարդուն իմացականութեան, պատասխանատուութեան գիտակցութեան հարց մըն է, որ միա՛յն մարդուն իւրայատուկ է։
Ուստի մարդ կը խորհի, կը մտահոգուի, կը պատրաստուի նաեւ յաջորդ ժամանակներու, այսինքն՝ ապագային, որ իրականութեան մէջ բոլորովին «անծանօթ» աշխարհ մըն է՝ անտեսանելի, անշօշափելի եւ նոյնիսկ շատ անգամ «աներեւակայելի՛»։
Եւ այս կէտին, ահաւասիկ երեւան կու գայ մարդկային բարձր առաքինութեան մը արտայայտութիւնը՝ մարդասիրութեան, զոհողութեան, նուիրումի, անձնուիրութեան ազնիւ եւ սրբազան զգացումները, որոնք մարդ էակին յատուկ են։
Արդարեւ, մարդը «մա՛րդ» ընողը իր այս յատկութիւններուն անդրադարձումն է, ինչ որ կ՚ենթադրէ այլասիրութիւն, գիտակցութիւնը այն ճշմարտութեան, թէ՝ աշխարհի վրայ միայն «ինք» չկայ, միակ կարեւորը իր «Ես»ը չէ՛, այլ իր շուրջ կայ նաեւ իրեն նմաններ, եւ ոչ միայն ներկայիս, այլ նաեւ՝ յառաջիկայ ժամանակներուն իրեն բոլորովին անծանօթ յաջորդներ։ Այլապէս անոնք ալ հոգալ, անոնց ալ պահանջքները ներկայիս տեսնել ու գոհացնելու համար կարելին ընել՝ առաքինի մարդու յատկութիւն մըն է։ Եւ ընդհանուր առումով, այլասիրութիւն կամ մարդասիրութիւն չի նշանակեր միայն ներկայ մարդկութիւնը սիրել, այլ սիրել եւ հոգալ նաեւ ապագայ մարդը։
Մարդուս տեսածը սիրել, տեսածը հոգալ մասամբ դիւրին է եւ բնակա՛ն. բայց անտեսանելին, անծանօթը սիրել եւ հոգալ, ահաւասիկ ա՛յս է վեհանձնութիւնը, «կատարեալ մարդ» ըլլալու, «բարեգործ» ըլլալու նշանակութիւնը՝ իմա՛ստը։
Արդարեւ միայն իր շուրջինները սիրել, միայն իր ժամանակակիցները հոգալ ամէնուս պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնն է, քանի որ մարդուս սկզբնական կոչումն է իրերօգնութիւն, բայց «շուրջիններ» ու սահմաններ թէ՛ անձերով եւ թէ՛ ժամանակով անցնիլ «մեծ մարդ»ու, ազնիւ եւ առաքինի մարդու գո՛րծ է։ Երանի՜ այն մարդասէրներուն, որոնք «մարդ»ը միայն այսօրուան մարդը չեն տեսներ, այլ ամբողջ մարդկութիւնը՝ անցեալի եւ ապագայի մէջ միանգամայն։
«Համակրական հասկացողութիւն»ը մարդուս յատուկ բարեմասնութիւն մըն է, բայց այդ համակրական հասկացողութիւնը, մարդ, որքան կարենայ տարածել ժամանակի մէջ, անիկա այդքան կատարելութեան կը հասնի եւ կ՚ազնուանայ։ Ուստի «ապագան տեսնել», գէթ ապագան երեւակայել՝ մարդուն տրուած առաւելութիւն մըն է, որ մարդը կը բարձրացնէ, մեծահոգի կ՚ընէ։
Եւ բոլոր այս խորհրդածութիւններու, ճշմարտութիւններու առաջնորդութեամբ, կարելի է ըսել, որ աշխատանքը պարտաւորութիւն մըն է մարդուս համար, աւելին՝ ընկերային պատասխանատուութեան հարց մը, քանի որ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է աշխատի թէ՛ իր, թէ՛ իր շուրջիններուն կեանքը ապահովելու համար, բայց ըստ վերոյիշեալ ճշմարտութեան, պէտք է աշխատի նաեւ «ապագայ» մը կազմելու, ապագայ կեանք մըն ալ ապահովելու համար։ Ինչպէս ըսինք, արդէն մարդուն սկզբնական կոչումը ա՛յս է եւ ան պէտք է հաւատարիմ մնայ իր կոչումին՝ իրերօգնութեան։ Եւ այս իրերօգնութեան սահմանը պէտք է տարածուի կարելի չափով մարդկութեան ամէն խաւերուն եւ երկարի ամբողջ ժամանակի շերտերուն մէջ։
Այս իմաստով, ստացուածքը, ընդհանրապէս դրամը, պէտք է «մարդկութեան հասարակաց ուժ»ը համարուի եւ անիկա իրերօգնութեան արդար միջոց ընդունուի, կեղծ բարեպաշտութեամբ չանարգուի, չվարկաբեկուի եւ չնախատուի։
Դրամը «արժէք» մըն է, միջոց մը, առարկայ՝ իրերօգնութեան, իրար զօրացնելու, զիրար ամբողջացնելու, կատարելագործելու, երջանկացնելո՛ւ։
Բայց այդ արժէքը պէտք է «արդար վաստակ»ով ձեռք ձգուած ըլլայ, արդար աշխատանքի արդիւնք ըլլայ։ Այլապէս արժէք չի ստանար անիկա։
Եւ «արդար աշխատութիւն»ը, արդար վաստակը աստուածահաճոյ է, մանաւանդ երբ արդարօրէն օգտագործութեան յատկացուի։ Այլապէս արդար աշխատանքի վաստակը եթէ բարեգործական նպատակներու չի գործածուիր, ամուլ ու անշարժ, անօգուտ կը մնայ եւ չօգտագործուած արժէք մը «արժէք» չի ներկայացներ։ Ուրեմն երբ աշխատանքը արդար է, վաստակն ալ արդա՛ր է, բայց այդ վաստակին «արժէք» ներկայացնելը կախում ունի անոր գործածութենէն, գործածութեան նպատակէն։ Ահաւասիկ այս ուղղութեամբ արդար արժէք մըն է այն՝ որ մարդուս սկզբնական կոչումին համաձայն կը գործածուի մարդոց արդար պահանջները գոհացնելու համար։
Անաշխատ ըլլալ «ընկերային յանցանք» մըն է, այս իմաստով, եթէ մէկը բանաւոր արգելք մը չունի աշխատելու, ինչպէս Ժան Ժագ Ռուսօ կ՚անուանէ՝ «ընկերային արժէքներու հանդէպ գողութիւն» ըրած կը համարուի, քանի որ անարդար եւ անիրաւ իւրացում կ՚ընէ։ Ուստի ամէն մարդ իր կարողութեան եւ տարողութեան համեմատ պէտք է արդար աշխատանքով արտադրէ եւ իր արդար վաստակը ուրիշներուն օգտագործութեան տրամադրէ եւ ինք ալ, փոխադարձաբար ուրիշներու օգտագործութենէն նպաստաւորուի։
Ընկերային արդար կեանքը ա՛յս կը պահանջէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 30, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025