ՀՐԱՒԷՐԸ ՄԵՐԺՈՂՆԵՐՈՒ ԱՌԱԿԸ
Ընդհանրապէս կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ՝ հրաւէրը ընդունիլ եւ ընդառաջել անոր։ Արդարեւ հրաւէրը մերժել, հրաւիրողին բարեկամութիւնը մերժել կը նշանակէ, անշուշտ եթէ շատ բանաւոր եւ արդարացուցիչ պատճառ մը գոյութիւն չունի մերժումը։ Այս իմաստով, հրաւէրի մը ընդառաջել կամ մերժել չափանիշ մըն է երկու կողմին բարեկամութեան, մտերմութեան եւ անոնց փոխյարաբերութեան անկեղծութեանը, առողջութեանը։
Ահաւասիկ Յիսուս հրաւէրի նիւթով առակ մը պատմելով բարոյական եւ աւետարանական դասեր կու տայ։ Անշուշտ Աւետարանի այս հատուածը եւ առակը պէտք է նկատի առնել այլաբանական իմաստով եւ այդպէս հասկնալ անոր իմաստն ու նպատակը, ինչպէս Յիսուսի բոլոր առակներուն մէջ։
Ուրեմն անգամ մը եւս ուշադրութեամբ հետեւինք առակի պատմութեան։
«Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց։ Ընթրիքի ժամուն իր ծառան ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ.- Եկէ՛ք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն։
«Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ։
«Առաջինը ըսաւ.- Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուիք։
«Միւսը ըսաւ.- Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի։
«Ուրիշ մը ըսաւ.- Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ։
«Ծառան վերադարձաւ եւ իր տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն տանտէրը վրդոված՝ ըսաւ ծառային.- Անմիջապէս քաղաք գնա՛ եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր։ Քիչ ետք, ծառան վերադառնալով իր տիրոջ ըսաւ.- Տէ՛ր, հրամանդ կատարեցի, բայց տակաւին տեղ կայ։ Տէրը ծառային հրամայեց.- Քաղաքէն դուրս գնա՛ եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի։
«Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներուն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 16-24)։
Այս առակը ո՜րքան նմանութիւն ունի Յիսուսի այն խօսքին հետ, ուր կ՚ըսէ. «Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարմինը բան մը չի կրնար ընել» (ՅՈՎՀ. Զ 63)։ Ուստի Յիսուս միշտ կը խօսի եւ կ՚ուսուցանէ հոգեւոր կեանքի՝ հոգիի կարեւորութեան մասին, քանի որ իսկական կեանքը ո՛չ թէ մարմնական-աշխարհային կեանքն է, այլ՝ հոգեւոր-երկնային կեա՛նքը, որ յաւիտենական է։
Նմանութիւն մը կարելի է գտնել նաեւ Յիսուսի «սերմնացանին առակ»ին հետ, երբ կ՚ըսէ. «Սերմը արմատ չունի իր մէջ, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատայ՝ եւ երբ նեղութիւններու եւ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուի՝ անմիջապէս իր հաւատքը կը կորսնցնէ։ Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդուն, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը եւ հարստութեան հրապոյրը կը խեղդեն Աստուծոյ խօսքը, որ անպտուղ կը դառնայ իր մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 21-22)։
Այս եւ ասոնց նման բազմաթիւ օրինակներ ցոյց կու տան, թէ երբ մարդ աշխարհային զբաղումներով տարուի, մարմնական հոգերով ու մտահոգութիւններով խճողուի, կը հեռանայ իրական երջանկութենէ՝ հոգեւոր վայելքներէ, աստուածային երանելի կեանքէն։ Ուստի պէտք է ներդաշնակել կեանքը՝ աշխարհային-մարմնականը եւ երկնային-հոգեկանը, բայց պէտք է գիտնայ որ կարեւորը միշտ երկնային-հոգեկան կեանքն է, քանի որ էականը եւ կենսականը՝ յաւիտենականը հոգին է եւ հոգեկանը։ Արդարեւ աշխարհային-մարմնական կեանքը ժամանակաւոր է. ի վերջոյ վախճանի մը կը հասնի, ժամանակին լրումովը կը վերջանայ, բայց երկնային-հոգեւոր կեանքը կը շարունակէ, քանի որ յաւիտենական է եւ Աստուծոյ կամքը։ Մարդ կոչուած է յաւիտենականութեան եւ պէտք է ըստ այնմ վարէ իր աշխարհային ժամանակաւոր կեանքը։
Հրաւիրեալներու առակին մէջ բարոյական եւ աւետարանական իմաստներ կը տեսնէ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան երբ կ՚ըսէ.
«Այս առակին մէջ ալ բարոյական եւ աւետարանական իմաստներ զոյգ կ՚ընթանան։ Բարոյական իմաստն է՝ պարապ սարապ եւ արտաքին պատճառներով ու պատճառանքներով ինքզինք չհեռացնել հոգեւոր մխիթարութիւններէն. մի՛ գուցէ ի սպառ զրկումի հանդիպին։
«Իսկ աւետարանական իմաստն է. Երկնից Արքայութեան կոչումէ Հրեաներուն զրկուիլը։ Նոյնիսկ իրենց անհիմն կարծիքներով եւ կամակոր ընթացքով, որով իրենք դուրս մնացին աւետարանական հրաւէրէն, եւ իրենց տեղ մտան անոնք, որոնք իրենց աչքին անարժան եւ անյարմար կը սեպուէին»։
Արդարեւ, մեր ամէն մէկուն կեանքին մէջ ալ, մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ կը պատահին «աստուածային հրաւէր»ներ։ Անոնք կը ներկայանան զանազան ձեւերու տակ, դէպքերով, պատահարներով, արկածներով, նոյնիսկ նեղութիւններով ու դժուարութիւններով, որոնք առիթներ են, նշաններ կամ ազդարարութիւններ են անդրադառնալու հոգիին եւ հոգեւոր կեանքին։ Անոնք հրաւէրներ են աստուածային երկնային կեանքի, հրաւէրներ՝ վայելելու Աստուծոյ արքայութեան շնորհները։ Ոմանք կ՚անդրադառնան եւ կ՚ընդառաջեն հրաւէրին, ուրիշներ չեն անդրադառնար, կը լսեն հրաւէրը բայց չեն ընդառաջեր, կը մերժեն եւ կը կորսնցնեն…։
Ուստի պէտք է գիտնանք եւ անդրադառնանք, որ «կեանք»ը միայն այս աշխարհի վրայ ապրուած կեանքը չէ, մարմնական վայելքներ, հաճոյքներ, ուրախութիւններ չէ՛, չէ՛ նաեւ ժամանակաւոր նեղութիւններ, ցաւեր ու վիշտեր, այլ այդ ամէնը կը պատկանին այս աշխարհին, այլապէս կա՛յ անժամանակ, մշտնջենական կեանքը՝ հոգիին կեանքը, որուն անդրադարձողը կրնայ վայելել զայն յաւիտենապէս։ Եւ պէտք չէ՛ արտօնել, որ աշխարհայինը՝ մարմնաւորը խափանէ, արգելք հանդիսանայ երկնայինին՝ հոգեկանին, որ ճշմարիտ կեա՛նքն է, որուն կոչուա՛ծ է մարդ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 1, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025