«ՊԱՐԱՊ» ԺԱՄԵՐԸ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐԵԼ
Աշխատող ամէն մարդու արդա՛ր իրաւունքն է՝ արձակուրդ վայելել, հանգիստ կամ դադար ընել եւ զբօսանքի ժամանակ յատկացնել։ Ասիկա բնական է, քանի որ տեւական աշխատանքը անտանելի կը դարձնէ կեանքը, օգուտէ աւելի՛ վնասի պատճառ կը դառնայ այդ տեսակ աշխատութիւնը եւ անշուշտ ապարդիւն կը մնայ անոր հետեւանքը՝ աշխատանքէն ակնկալուած շահը կամ օգուտը։ Արդարեւ, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, մանաւանդ աշխատանքի մէջ ալ չափաւորութիւնը անհրաժեշտ է՝ սպասուած օգուտը ձեռք ձգելու, արդիւնաւորուելու համար։
Ուրեմն, ամէն աշխատութիւն պէտք է դադար մը ունենայ եւ աշխատողը այդ միջոցին ուրիշ բաներով զբաղի, զուարճանայ, աւելի սիրողական գործերով անցընէ իր ժամանակը եւ նոր ուժով մը շարունակէ իր աշխատանքը։
Ընդհանրապէս կը հարցուի մարդոց, թէ իրենց «պարապ» ժամերուն ի՞նչով կը զբաղին։ Ի՞նչ է իրենց սիրողական հաճոյքները, զբաղումները եւ ինչպէ՞ս կը զուարճանան։
Հարցումին ընդհանրապէս սապէս կը պատասխանուի. «գիրք կը կարդամ, երաժշտութիւն կ՚ունկնդրեմ, թատրերգութեան եւ զանազան արուեստի ներկայացումներուն կը հետեւիմ, եւ այլն»։
Յաճախ կը լսուի այս պատասխանը։ Բայց երբ որպէս հարցում կը հարցուի, թէ «պարապ» ժամերուն ի՞նչ կ՚ընէք, կարծես այդ պարապ ժամերը անարժէք, անկարեւոր պահեր են եւ այդ պահերուն անկարեւոր, անպէտ, անօգուտ, աւելորդ եւ երկրորդական զբաղումներ եւ գործեր կը կատարուին։ Եւ մանաւանդ երբ այդ «պարապ» ժամերը լեցնող գործերը մտային եւ արուեստի գործերով զբաղելու յատկացուի, այնպէս կը հասկցուի, թէ՝ այդ զբաղումները, չըսելու համար «պարապ», աւելորդ եւ երկրորդական գործեր են՝ անօգուտ եւ անշա՛հ։
Այո, թերեւս, մտային զբաղումներ եւ արուեստով ապրուած պահեր ոմանց համար անօգուտ, անշահ եւ ապարդիւն կրնան ըլլալ նիւթապէս, եւ սակայն կարելի չէ՛ ուրանալ, թէ այդ կարգի զբաղումները միտքը կը զարգացնեն եւ հոգին կ՚ազնուացնեն։ Ուրիշ խօսքով՝ եթէ ո՛չ նիւթական, բայց բարոյական եւ հոգեւոր, մտային շահ կ՚ապահովեն։ Եւ «շահ»ը միայն նիւթական՝ մարմնական եւ ֆիզիքական աշխարհի շրջանակին մէջ պէտք չէ՛ նկատի ունենալ, մտաւոր եւ հոգեւոր շահերն ալ մարդուս օգուտ կ՚ապահովեն եւ անոր զարգացման, ազնուացման պատճառ կ՚ըլլան։ Եւ սակայն մարդիկ, ընդհանրապէս, մինակ տեսանելի եւ շօշափելի շահերու եւ օգուտներու կարեւորութիւն կ՚ընծայեն. անոնց համար նիւթական-մարմնական-ֆիզիքական շահը շա՛հ է եւ օգտակար։ Եւ դարձեալ, այսպէս մտածողներ մտային եւ հոգեկան շահերը «շահ» չե՛ն համարեր, կ՚անտեսեն եւ կարեւորութիւն իսկ չեն տար։
Եւ այս մտայնութիւնը եւ խորհելակերպը արտայայտող խօսքը սա է. «պարապ» ժամերու ընթացքին գիրք կը կարդանք, արուեստի գործերով կը զբաղինք, եւ այլն։ Կարծես, թէ այս բոլորը երկրորդական եւ անկարեւոր՝ «պարապ» զբաղումներ ըլլային, «լեցուն» եւ հիմնական աշխատութենէ աւելցած ժամանակ մը արժանի գործեր կը նկատուին։ Բայց կը սխալի՛ն…։
Մարդ էակը իր էութեան մէջ մարմին ե՛ւ հոգի ե՛ւ միտքէ կազմուած է, այս արժէքներուն մէկ հատին իսկ բացակայութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ «էակ»ը կորսնցնէ իր «մարդ» հարգամանքը, «մա՛րդ» կոչուելու համար էակը պէտք է ունենայ «մարմին» ե՛ւ «հոգի» ե՛ւ «միտք»։
Ուրեմն այս երեք արժէքներուն վերաբերեալ ամէն գործ եւ զբաղում կարեւո՛ր է եւ պիտանի՝ օգտակար ու շահաւէտ։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ մտաւոր եւ հոգեկան զբաղումներ երկրորդական կամ անկարեւոր գործեր չե՛ն. «պարապ» գործեր չե՛ն, որ «պարապ» ժամանակներ յատկացուի անոնց։ Արդարեւ մարմնաւոր գործեր, մտային աշխատանք եւ հոգեկան զբաղումներ անհրաժեշտ են մարդուն ամբողջացման համար եւ անոնք հաւասար արժէք կը ներկայացնեն, բայց անոնցմէ մարմնային, հոգեւոր զբաղումները երբեմն կ՚անտեսուին, քանի որ զգացումներ կը ծանրանան անոնց վրայ, կը զգացուին եւ կը տպաւորուին։ Երբեմն «արտաքին»ը ներքինին, երբեմն ալ «ներքին»ը արտաքինին կրնա՛յ ազդել ու գերազանցել։ Բայց ասիկա հաւասարներու մէջ «առաջին»ը ըլլալու հարց մըն է, այլապէս անոնք որպէս «մարդ»ուն բաղադրիչները՝ միշտ կարեւոր են «մարդ»ուն ամբողջական կազմութեան համար։
Այս խորհրդածութիւններէ կը հետեւի, թէ՝ ի՛նչ որ է մարմնական էութեան ապահովման համար աշխատանքը, նոյնն է՝ մտային եւ հոգեւոր էութեան համար կատարուած աշխատանքը, զբաղումը եւ գործը։ Ուրեմն «կարդալ» կամ «արուեստի գործերով զբաղիլ» մարդուս համար «պարապ» ժամերը լեցնող «պարապ» գործեր չե՛ն։
Վերջապէս, այս ճշմարտութիւնը ապացուցանող փաստերէն մէկն ալ մէկ օրուան 24 ժամերուն հաւասար երեք հատուածներու վերածուիլն է։
Սապէս. մէկ օրը քանի որ 24 ժամ է, ուրեմն կը նշանակէ, որ մարդ ունի 8 ժամերու երեք հատուածներ մէկ օրուայ ընթացքին։ Մարդ քանի որ իր մարմնական էութիւնը ապահովելու, գոյապահպանելու եւ գոյատեւականացնելու համար աշխատութեան պէտքը կը զգայ, առաջին 8 ժամուայ հատուածին մէջ կրնայ աշխատիլ եւ այս ժամանակամիջոցը ընդհանրապէս ընդունուած ժամանակաշրջան մըն է։
Երկրորդ 8 ժամուայ հատուածին կրնայ իր մտաւոր եւ հոգեւոր պահանջքները հոգալ՝ կարդալ, արուեստի հետեւիլ, աղօթել, եւ այլն։
Կը տեսնուի, որ հաւասար ժամանակամիջոցներու մէջ ամէնքն ալ կրնայ կատարել մարդ եւ չի կրնար արդարացնել ինքզինք ըսելով՝ թէ ժամանակ չունի մտայինի եւ հոգեւոր զբաղումներու յատկացնելի։ Ահաւասիկ, երկար 8 ժամ, հաւասարապէս՝ աշխատանքի ժամերուն։
Եւ վերջապէս, մարմնին, հոգիին եւ մտքին մասամբ հանգստանալու, հանգչելու ժամանակամիջոցը՝ երրորդ հատուածը 8 ժամերու՝ քունի ժամանակը։ Բայց հոգին եւ միտքը այդ ժամերուն ալ կը շարունակեն աշխատիլ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 3, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/01/2025
- 03/01/2025