ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԸ

Բիւ­զան­դա­կան Վա­ղէս կայս­րը «ա­րիո­սա­կան» ա­ղան­դի հե­տե­ւորդ էր եւ կը հա­լա­ծէր քրիս­տո­նեա­նե­րը։

Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վար եւս մէջն էր քրիս­տո­նեայ հա­լա­ծուած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։ Ան իր որդ­ւոյն Մար­տի­րո­սի եւ տասն­չորս քաջ մար­տիկ­նե­րու հետ նա­հա­տա­կուած է իր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին հա­մար։

Սար­գիս զօ­րա­վար, իր քա­ջու­թեան պատ­ճա­ռով Կոս­տան­դիա­նոս կայս­րի (285-337) կող­մէ իշ­խան կը կար­գուի եւ սպա­րա­պետ՝ Կա­պա­դով­կիա­յի։ Ան ո՛չ միայն գե­րա­զանց սպա­րա­պետ էր, այ­սինքն շրջա­նի մը բո­լոր բա­նակ­նե­րուն վե­րին հրա­մա­նա­տա­րը, այ­լեւ հիա­նա­լի՜ քա­րո­զիչ։

Օգ­տուե­լով կայս­րին յօ­ժա­րու­թիւն­նե­րէն եւ թոյլ­տուու­թե­նէն՝ իր իշ­խա­նու­թեան տակ գտնուող քա­ղաք­նե­րուն մէջ կը քան­դէ մե­հեան­նե­րը՝ չաս­տուած­նե­րու նուի­րուած կռա­տու­նե­րը եւ կը կա­ռու­ցա­նէ ե­կե­ղե­ցի­ներ՝ տա­րա­ծե­լով քրիս­տո­նէու­թիւ­նը։ Երբ Յու­լիա­նոս Ու­րա­ցո­ղի թա­գա­ւո­րու­թեան օ­րե­րուն (360-363) հետզ­հե­տէ կը սկսի Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցիի դէմ հա­լա­ծանք­նե­րը, Սուրբ Սար­գիս, աս­տուա­ծա­յին յայտ­նու­թեամբ հրա­ման առ­նե­լով հե­ռա­նալ կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն, իր որդ­ւոյն Մար­տի­րո­սի հետ կու գայ եւ կ՚ա­պաս­տա­նի Քրիս­տո­նեայ Հա­յաս­տան՝ ուր կը թա­գա­ւո­րէր Տի­րան ար­քան՝ Մեծն Տրդա­տի թո­ռը՝ Խոս­րո­վի որ­դին։ Տե­ղե­կա­նա­լով, որ Յու­լիա­նոս մեծ զօր­քով կ՚ար­շա­ւէ Պարս­կաս­տա­նի վրայ, Հա­յոց ար­քան, մտա­ծե­լով իր եր­կի­րը զերծ պա­հել հա­ւա­նա­կան յար­ձակ­ման վտան­գէն, կը թե­լադ­րէ Սուրբ Սար­գի­սին՝ ծա­ռա­յու­թեան անց­նիլ Շա­պու­հի մօտ։ Շա­պու­հը սի­րով կ՚ըն­դու­նի Սուրբ Սար­գի­սի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ զայն կը կո­չէ զօ­րա­գուն­դե­րու ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար։

Զօ­րա­կան­նե­րէն շա­տեր, տես­նե­լով փայ­լուն զօ­րա­վա­րի բա­րե­պաշ­տու­թիւ­նը եւ վար­քով վկա­յուած նուի­րու­մը առ Աս­տուած, Ա­նոր հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը եւ իր ա­ղօթք­նե­րով Տի­րոջ գոր­ծած հրաշք­նե­րը, Սուրբ Սար­գի­սի հե­տե­ւե­լով՝ սկսան հետզ­հե­տէ հրա­ժա­րիլ հե­թա­նո­սու­թե­նէ եւ դար­ձան քրիս­տո­նեայ։

Սա­կայն Շա­պուհ զօ­րա­կան­նե­րէն կը պա­հան­ջէր պաշ­տել կրա­կը եւ զոհ մա­տու­ցա­նել ա­նոր։

Զօ­րա­վա­րը ան­մի­ջա­պէս եւ հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ մեր­ժեց ա­սի­կա։ Ար­դա­րեւ ան ը­սաւ Շա­պու­հին. «Երկր­պա­գե­լի է միա՛յն Աս­տուած՝ Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թիւ­նը, որ ստեղ­ծած է եր­կինքն ու եր­կի­րը։ Իսկ կրա­կը եւ կամ կուռ­քե­րը ի բնէ աս­տուած­ներ չե՛ն, հո­ղե­ղէն մար­դը կրնայ ա­նոնք փճաց­նել, ոչն­չաց­նել»։ Եւ այս խօս­քե­րը ը­սե­լէ ետք, Սուրբ Սար­գիս կը քան­դէ, կը կոր­ծա­նէ բա­գի­նը, այ­սինքն՝ կուռ­քե­րու տա­ճա­րը եւ զո­հա­րա­նը ամ­բողջ։

Զայ­րա­ցած ամ­բո­խը կը յար­ձա­կի Սուրբ Սար­գի­սի եւ ա­նոր որ­դին Մար­տի­րո­սի վրայ։

Ա­ռա­ջին նա­հա­տա­կու­թեան պսա­կին կ՚ար­ժա­նա­նայ ա­նոր որ­դին՝ Մար­տի­րո­սը։ Իսկ Սուրբ Սար­գիս կը բան­տար­կուի եւ հաս­տատ ու հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր հա­ւատ­քին մէջ՝ կը գլխա­տուի։ Իր նա­հա­տա­կու­թե­նէն յե­տոյ Սուրբ Սար­գի­սի մար­մի­նը կը լու­սա­ւո­րուի իր վրայ ծա­գած լոյ­սով։ Քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին հա­մար կը նա­հա­տա­կուին նաեւ Սուրբ Սար­գի­սի եւ ի­րենց հա­ւատ­քին հա­ւա­տա­րիմ տասն­չորս զի­նուոր­նե­րը։

Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ նա­հա­տակ­նե­րու մար­մին­նե­րը կ՚ամ­փո­փեն Հա­միան քա­ղա­քը։ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց Վար­դա­պե­տը Սուրբ Սար­գի­սի մա­սունք­նե­րը կը բե­րէ Կալ­բի՝ Աշ­տա­րա­կի շրջա­նը եւ կը տե­ղա­ւո­րէ հոն՝ ուր կը կա­ռու­ցա­նէ ե­րա­նե­լիին ա­նու­նը կրող ե­կե­ղե­ցին։

Այս տա­րի՝ 2017 թուա­կա­նին, Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նը կը տօ­նուի 11 Փետ­րուար, Շա­բաթ օր։

Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Հայ­րա­պե­տի բարձր տնօ­րի­նու­թեամբ Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վա­րի տօ­նը հրչա­կուած է «Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու Օրհ­նու­թեան Օր»։

­Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նին կը նա­խոր­դէ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի կող­մէ հաս­տա­տուած «Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահք»ը։ Պահ­քը կը տե­ւէ հինգ օր։

Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քը հինգ օր է, քա­նի որ Դրախ­տի մէջ օ­րի­նադ­րուած պահ­քի փո­խա­րէն սահ­մա­նուած է պահ­քը հո­գե­ւոր հայ­րե­րու կող­մէ։ Եւ ինչ­պէս անհ­նա­զան­դու­թեան պատ­ճա­ռով այդ հինգ օ­րուան պահ­քին, մար­դը դո՛ւրս ե­կաւ դրախ­տէն եւ կորսն­ցուց փառ­քը, այդ­պէս ալ պա­հե­լով Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քի հինգ օ­րե­րու պա­հե­ցո­ղու­թեամբ, մարդ ե՛տ պի­տի ստա­նայ իր փառ­քը։ Ու­րեմն «Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­ք­»ի հինգ օ­րե­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն Ա­դա­մի Դրախ­տի մէջ ապ­րած հինգ օ­րե­րուն՝ որ սահ­մա­նուած պահ­քին անհ­նա­զանդ գտնուե­ցաւ։ Եւ քա­նի որ Ա­դամ հինգ զգա­յա­րան­նե­րով մե­ղան­չեց, ա­պա ու­րեմն ա­մէն մէկ զգա­յա­րա­նի սրբա­գործ­ման հա­մար սահ­մա­նուած է պահք, իւ­րա­քան­չիւր օր մաք­րե­լու հա­մար մէկ զգա­յա­րան։ Նաեւ՝ երբ Ա­դամ ե­լաւ Դրախ­տէն, հինգ օր ա­նօ­թի մնաց, ծոմ պա­հեց եւ յե­տոյ կե­րաւ երկ­րի պտուղ­նե­րէն, ո­րը ե­ղաւ ա­ռա­ջին պահ­քը՝ դրախ­տէն ար­տաք­սու­մէն ետք։

Դար­ձեալ մար­դը ստեղ­ծուե­լէն ա­ռաջ ե­ղան հինգ օ­րեր, քա­նի որ մար­դը ստեղ­ծուե­ցաւ ա­րար­ջու­թեան վե­ցե­րորդ օ­րը։ Այդ հինգ օ­րե­րուն ստեղ­ծուե­ցան բո­լոր ա­րա­րած­նե­րը եւ այդ հինգ օ­րե­րուն ո՛­չինչ կ՚ու­տէին, քա­նի որ թե­րեւս չկա՛ր ու­տե­լու հրա­ման, ա­պա ու­րեմն այդ օ­րե­րը սրբու­թեան եւ պահ­քի օ­րեր կը նկա­տուէին։ Եւ վե­ցե­րորդ օ­րը ստեղ­ծուե­ցաւ մա՛ր­դը եւ պահ­քը լու­ծուե­ցաւ։

Եւ Աբ­րա­համ հինգ օր պահք պա­հեց եւ ա­պա Աս­տուած ա­նոր խոս­տա­ցաւ տալ Ի­սա­հակ որ­դին։

Նաեւ Ի­սա­հակ ծո­մա­պա­հու­թեամբ փրկուե­ցաւ զո­հա­բե­րուե­լէ։ Եւ Յա­կոբ նաեւ հինգ օ­րը պահ­քով ան­ցուց։ Եւ անդ­րա­նիկ զա­ւակ­ներ հինգ օր ծո­մա­պա­հու­թիւն կ՚ը­նէին երբ մա­հա­նար ի­րենց հայ­րը։ Ուս­տի կան բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­ներ եւ վկա­յու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք կ՚ար­դա­րաց­նեն հինգ օ­րուայ Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քի էու­թիւ­նը։

Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վա­րի տօ­նը, Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­դու­նուած է նշել ո՛չ միայն ե­կե­ղե­ցա­կան ծէ­սով, այ­լեւ ժո­ղովր­դա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րով՝ ա­ւան­դուած ու նուի­րուած ձե­ւով։

Ար­դա­րեւ Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վար, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­րա­գա­հաս բա­րե­խօսն է։ Ա­նոր միջ­նոր­դու­թեամբ հրաշք­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են եւ կ՚ու­նե­նան։

Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նին, ե­րի­տա­սարդ­ներ կ՚ա­ղօ­թեն Սուր­բին, որ­պէս­զի ի­րենց ա­ղօթք­նե­րը հաս­նի առ Աս­տուած։ Ար­դա­րեւ, Սուրբ Սար­գի­սը սի­րոյ ե­րա­զան­քին ա­պա­հո­վու­թիւնն է՝ սի­րոյ ե­րա­զան­քը ի­րա­կա­նաց­նող Սո՛ւրբն է։

Սուրբ Սար­գի­սի մա­սին բազ­մա­թիւ ա­ւան­դա­պատ­մու­թիւն­ներ կան։ Այս ա­ւան­դա­պատ­մու­թիւն­նե­րէն մին է.-

Աղ­քատ ա­շուղ Ղա­րիբ մը կը սի­րէ մե­ծա­հա­րուս­տի մը աղ­ջի­կը. աղ­ջիկն ալ զինք կը սի­րէ, բայց ա­շու­ղը աղ­քատ է եւ աղջ­կան հայ­րը կ՚ար­գի­լէ, որ ա­նոնք ա­մուս­նա­նան։ Ա­շու­ղը դրամ հա­ւա­քե­լու հա­մար օ­տար եր­կիր կ՚եր­թայ՝ աշ­խա­տե­լու։ Եւ եօ­թը տա­րի պայ­ման կը դնէ վե­րա­դառ­նա­լու եւ ա­մուս­նա­նա­լու հա­մար։ Ան­շուշտ դժուար, նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի փա­փաք մըն է ա­շու­ղին մտադ­րա­ծը։ Ան կ՚ա­ղօ­թէ եւ բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը կը խնդրէ Սուրբ Սար­գի­սին։ Սուրբ Սար­գիս կը բա­րե­խօ­սէ եւ եօ­թը տա­րին հա­զիւ լրա­նա­լուն՝ իր ա­րա­գա­հաս ճեր­մակ նժոյ­գով՝ ըն­տիր ձիով զայն ակն­թար­թի մը մէջ կը հասց­նէ աղջ­կան հօր մօտ։ Եւ մե­ծա­հա­րուս­տը տես­նե­լով եւ վկա­յե­լով Ա­շուղ Ղա­րի­բին հաս­տա­տա­կամ կե­ցուած­քին, կա­տա­րուած հրաշ­քին եւ ան­կեղծ սի­րոյն, կ՚օրհ­նէ զա­նոնք եւ կ՚ար­տօ­նէ որ ա­մուս­նա­նան։ Եւ ան­կա­րե­լին կա­րե­լի կը դառ­նայ այս­պէս…։

- Մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ Ար­մէն Սար­կա­ւագ Բա­յա­դեա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 6, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017