ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ որ կը կոչ-ւի նաեւ «Տեառնընդառաջ», կը տօնուի 14 Փետրուարին, այսինքն Յիսուսի ծնունդէն քառասուն օր յետոյ։ Այս տօնը Յիսուսի, տաճարին մէջ Աստուծոյ նուիրելու կամ ընծայելու տօնն է։
«Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփ ու Մարիամ, մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, քանի որ Տիրոջ օրէնքին մէջ գրուած է.- Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է» (ՂՈՒԿ. Բ 22-23)։ Աւետարանի այս տողերը ցոյց կու տան՝ թէ «Տաճար ընծայում»ը Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն կը կատարուէր ծնողներու կողմէ՝ իրենց «արու զաւակը, որ մօրը առաջին զաւակն է» ընծայելու տաճար։ Եւ այդ կը կատարուէր ծննդեան քառասուներորդ օրը։
Արդ, Երուսաղէմի մէջ Սիմէոն անունով մարդ մը կար… Եւ անոր Սուրբ Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ որ տեսնէր Տիրոջ Օծեալը: (Ղուկ. 2: 25-30)
Ան Ս. Հոգիով առաջնորդուած՝ եկաւ տաճար, եւ երբ ծնողները բերին Յիսուս մանուկը՝ անոր վրայ կատարելու այն, ինչ որ օրէնքի սովորութեան համաձայն էր, Սիմէոնը զԱյն իր գիրկը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ ըսաւ. «Այժմ, ո՛վ Տէր, խաղաղութեա՛մբ արձակէ քու ծառան՝ ըստ քու խօսքի. որովհետեւ աչքերս տեսան փրկութիւնը քու, որ պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներու առաջ, լոյս, որ կ՚ըլլայ յայտնութիւն հեթանոսներու համար եւ փառք՝ Իսրայէլի քու ժողովուրդի համար»:
Տէրունի տօնը կը յիշատակէ քառասուն օրուան Յիսուսի ընծայումը: Ըստ հրէական օրէնքի, ամէն արու զաւակ ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանային սրբագործման քառասուն օրերը, նորածինի մայրը իր երախայի հետ կ՚այցելէր տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ իր զաւակի համար օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն: Այսպէս եւ Սուրբ Աստուածամայրը քառասուն օրական Յիսուսի հետ կը ներկայանայ տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս աւետարանիչ (Ղուկ. 2։22-24): Ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը՝ Աւետարանիչը կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիի մասին, որուն Սուրբ Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Տեառնընդառաջը կամ քառասուն օրուան Յիսուսի ընծայումը տաճար կը տօնէ Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր յետոյ՝ Փետրուարի 14-ին: Հայ Եկեղեցւոյ կանոնի համաձայն, տօնի նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ: Ան կ՚աւետէ Տէրունի տօնի սկիզբը: Սովորաբար նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն, որու ընթացքին կ՚օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը: Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ կանթեղներէն վերցուած կրակով եկեղեցիներու բակերուն մէջ կը վառուին խարոյկներ՝ իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, արդէն մի քանի տարիէ ի վեր, Տեառնընդառաջի Ս. Պատարագէն յետոյ հայ եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ:
Տեառնընդառաջի տօնին Հայաստանեայց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ:
Հայ Առաքելական Եկեղեցիի հաստատած կանոններու համաձայն, ութ օրուան եղած ատեն կը մկրտեն մանուկը, իսկ քառասուն օրուան եղած ատեն մայրը երախայի հետ կ՚երթայ եկեղեցի, քահանան երախան կ՚ընծայէ Աստուծոյ, իսկ մայրը կը հանեն քառասունքէն՝ խորհուրդ Քրիստոսի ութօրեայ անուանակոչութեան եւ քառասնօրեայ տաճար ընծայման:
«Տեառնընդառաջ»ը՝ ժողովրդական ընթացիկ եւ գործածական լեզուի մէջ դարձած է «Տէրընտաս», «Տրընդեզ» ձեւերուն։ Կ՚ըսուի նաեւ «Մելետ»։
Ըստ եկեղեցական աւանդութեան, երբ Յիսուսը կը բերեն տաճար, անոր արեւելեան կողմի դռները, որոնք նախապէսն չէին բացուեր, ուժեղ դղրդիւնով կը բացուին եւ մարդիկ իրենց ճրագներով դուրս կու գան տուներէն՝ տեսնելու համար, թէ ինչու այսպիսի աղմուկ մը բարձրացեր է:
Անոնք ակամայ իրենց ճրագներով կը լուսաւորեն Յիսուսի ճանապարհը դէպի տաճար: Այստեղէն ալ յառաջացեր է «Տեառնընդառաջ»ը, որ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ: Տօնի խորհուրդն ալ Տիրոջ ընդառաջ գնալն է:
Տեառնընդառաջի ծիսական արարողակարգը կը սկսի Փետրուարի 13-ի երեկոյեան. եկեղեցական օրացոյցի համաձայն՝ երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը փոխուի օրը եւ Փետրուարի 14-ը կը սկսի Փետրուարի 13-ի երեկոյէն:
Եկեղեցական կարգի համաձայն՝ տօնի նախօրէին՝ երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ, կը կատարուի նախատօնակ, որ կ՚ազդարարէ տօնի սկիզբը: Կանոնի համաձայն՝ նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի կարգ՝ աշխարհի չորս ծագերու, արտերու եւ այգիներու օրհնութիւն:
Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը։ Օրհնուած մոմի կրակով ալ կը վառուի Տեառնընդառաջի խարոյկը՝ որպէս Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ:
Տեառնընդառաջի օրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, տեղի կ՚ունենայ անդաստանի արարողութիւն, կ՚օրհնուին երկրի չորս կողմերը, որպէսզի տարին ըլլայ արգասաբեր, ապա տեղի կ՚ունենայ նախատօնակի ժամերգութիւն, որմէ ետք բակերուն մէջ կրակ կը վառեն, հաւատացեալները այդ կրակէն մոմեր վառելով տուն կը տանին՝ Քրիստոսի աստուածային լոյսով իրենց օճախները օրհնութեամբ լեցնելով: Տեառնընդառաջին խարոյկ վառելը լուսաւորելու՝ գիրն ու գրականութիւնը, արժէքներն ու հարստութիւնները պահպանելու գաղափարը կը կրէ նաեւ:
Կայ նաեւ խարոյկին վրայէն ցատկելու սովորութիւնը. չբեր կիները այդ մէկը կը կատարեն զաւակ ունենալու մաղթանքով, տղամարդիկ՝ մաքրագործման խորհուրդէն մեկնած, իսկ մանուկները՝ չարէն պաշտպանուելու նպատակով:
Յիսուսի տաճար ընծայումի տօնին առիթով ո՛չ միայն եկեղեցական տօնակատարութիւն կը կատարուի, այլեւ առիթ է հայ մանուկները Աստուծոյ ընծայելով փառք տալու Անոր մեր երջանկութեան համար: Անոնք Աստուծոյ պարգեւներն են ծնողներուն տրուած: Աստուած զանոնք յանձնած է իբրեւ աւանդ: Ուստի, պէտք է այս տօնը առիթ ըլլայ մեր զաւակները դաստիարակելու այնպէս, ինչպէս Աստուած ի՛նք պիտի ուզէր, որ անոնք դաստիարակուէին: