ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին նշեց Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը։ Քա­ղա­քիս մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Տէ­րու­նի տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ Մայր Տա­ճա­րի եր­դի­քին տակ մա­տու­ցուե­ցաւ Սուրբ Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեա­նի, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ օ­րուան քա­րո­զը։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի, Տ. Ոս­կան Արք. Գալ­փա­քեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ Նո­րապ­սակ զոյ­գե­րու օրհ­նու­թեան կարգ՝ ըստ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ հաս­տա­տուած կար­գադ­րու­թեան։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րա­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըն­դու­նեց Մայր Ա­թո­ռի նո­րապ­սակ միա­բան սար­կա­ւագ­ներն ու ի­րենց կո­ղա­կից­նե­րը։ Օ­րուան տօ­նին առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րեց նո­րապ­սակ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ա­ղօթ­քով մաղ­թեց՝ որ­պէս­զի Տի­րոջ սէ­րը եւ հո­վա­նին մշտա­պէս զօ­րա­վիգ ըլ­լան ա­նոնց նո­րա­կազմ ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ա­նոնք ապ­րին ա­ռողջ ու եր­ջա­նիկ կեան­քով։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ սար­կա­ւագ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը՝ խարխ­սուած քրիս­տո­նէա­կան վեհ ու նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րու վրայ, պէտք է սի­րոյ մէջ ա­ւե­լի զօ­րա­նան ու ծաղ­կին ազ­գա­յին նկա­րագ­րով։

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան Նո­րին Սրբու­թիւ­նը «Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քով օրհ­նեց ա­պա­գայ քա­հա­նա­ներն ու ի­րենց կո­ղա­կից­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017