Խօսքն Ու Գործը
Իր արտասովոր պաշտօնավարութեան առաջին մէկ ամսուան ընթացքին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցոյց տուաւ, որ ոչ միայն իբրեւ նախագահութեան թեկնածու կարեւորութիւն չի տար իրականութեանց, այլ պատրաստ է իր շահերուն չյարմարող ճշմարտութեանց դէմ պայքարը շարունակելու՝ Սպիտակ տունէն եւս:
Միայն իր իրականութիւնները լուսարձակի տակ պահելու նպատակով ազատ մամուլին վրայ յաճախ անարդար եւ անընդունելի յարձակումներ կատարելու ընթացքին Թրամփ կը մոռնայ, որ արդար ժողովրդավարութեան համար կենսակա՛ն է ազատ մամուլը, որ գործադիր, օրէնսդիր ու արդարադատ մարմիններու գործունէութեանց կարեւոր հսկիչ մըն է:
Նաեւ, հակառակ իր այն խոստումներուն, թէ ինք պիտի չարտօնէ, որ իր նախագահութիւնը նպաստէ իր բազմաթիւ ներդրումներուն եւ ընկերութեանց, ինքզինք անոնցմէ ամբողջովին չհեռացնելու քայլով Թրամփ կը հաստատէ, որ իր ընտանիքին շահերը գերադաս կը նկատէ երկրի շահերէն:
Օրինակի համար, ան իր պաշտօնավարութեան առաջին ամսուան ընթացքին երեք շաբաթավերջ անցուցած է Ֆլորիտա գտնուող իր պանդոկին մէջ՝ հոն հիւրընկալելով նաեւ օտար ղեկավարներ: Այս քայլով ան միլիոնաւոր տոլարի ձրի ծանուցում ապահոված է իր ընկերութեան, եւ այս մէկը՝ հակառակ իր խոստումին, որ նախագահ ընտ-րըւելէն ետք Սպիտակ տունէն շատ պիտի չհեռանայ, որովհետեւ, իր բնութագրումով, անդունդի եզրին հասած երկրին վիճակը բարելաւելու համար շատ գործ ունի ընելիք:
Ասոր կողքին, նախագահին եւ անոր ընտանիքի ճամբորդութիւններուն համար մէկ ամսուան ընթացքին պետութեան կողմէ ծախսուած գումարը աւելի քան 11 միլիոն տոլար եղած է, ինչ որ աւելի քան տասնապատիկն է Օպամայի մէկ ամսուան ճամբորդութեանց համար ծախսուած գումարին (միջին հաշուով). ծախս մը, որ յաճախ կը քննադատուէր թեկնածու Թրամփին կողմէ:
Հետաքրքրականօրէն, իր պաշտօնավարութեան առաջին մէկ ամսուան ընթացքին ան կրցաւ Չինաստանի մէջ «Թրամփ» պիտակին արձանագրութիւնը ապահովել, բան մը, որուն համար կը պայքարէր վերջին տասն տարիներուն ընթացքին: Այս «իրագործում»էն անմիջապէս ետք ան յայտարարեց, որ հաստատ պիտի մնայ «Մէկ Չինաստան» քաղաքականութեան վրայ, մինչ նախապէս նշաններ ցոյց տուած էր, որ Չինաստանէն անջատուած Թայուանին աւելի՛ մօտիկութիւն ցոյց կրնայ տալ:
Մինչ այդ մտահոգիչ սկսած են դառնալու Թրամփի այն յայտարարութիւնները, որ արդէն իսկ չափազանց հարուստ զինուորական ուժերուն յաւելեա՛լ գումարներ հարկաւոր են, եւ որ՝ հիւլէական մարզը պէտք է աւելիո՛վ զարգացնել: Նշենք, որ երկրին ռազմական տարեկան ամավարկը արդէն իսկ շուրջ 600 միլիառ տոլար է, իսկ նախորդ վարչակարգին օրով արդէն իսկ սկսած է հիւլէական մարզը աւելիով արդիականացնելու երեսուն տարուան հսկայ ծրագիրի մը իրականացումը, որ մօտաւորապէս 1 եռիլիոն տոլար պիտի արժէ:
Միւս կողմէ՝ Թրամփ կը շարունակէ իր ուշադրութեան մեծ մասը կեդրոնացնել ոչ անմիջական դարձած ապօրինի գաղթականներու հարցին վրայ եւ կը ջանայ երկրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ իսլամական երկիրներէ գաղթականներու կասեցումով, հակառակ անոր որ իր հետապնդած երկիրներու քաղաքացիներէն յատկանշական վտանգ չի տեսնուիր:
Յիշեցնենք, որ նախկին վարչակարգին որդեգրած՝ ապօրինի գաղթականներ արտաքսելու խստացուած քաղաքականութեան եւ այլ տնտեսական պատճառներով վերջին տասնամեակին ապօրինի գաղթականներուն թիւը գրեթէ անփոփոխ մնացած է: Գաղթականներու ջատագովներուն կողմէ «գլխաւոր արտաքսողը» մակդիրին արժանացած Օպամայի օրօք՝ 2009-2015-ին, պետութիւնը 2.5 միլիոն ապօրինի գաղթական արտաքսած է:
Ուրեմն, կարելի է ըսել, որ ինքզինք երկրի պատմութեան մէջ ամենալա՛ւ նախագահը եւ ամենակարո՛ղ փրկիչը նկատող Թրամփը կա՛մ իսկապէս ծանօթ չէ իր նախորդներուն իսկական իրագործումներուն, կա՛մ կը նախընտրէ զանոնք նկատել «կեղծ մամուլին» արտադրած «այլընտրանքային իրականութիւններ»:
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ որքա՛ն երկար պիտի ըլլայ համբերութիւնը՝ Թրամփը նախագահ ընտրած զանգուածին, որ տակաւին շօշափելի քայլեր կը սպասէ տնտեսական ճակատի վրայ:
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ