ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջին օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հուն­գա­րիոյ «Փիե­թէր Բազ­ման» կա­թո­լիկ հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փրոֆ. Սու­րո­մի Սա­պոլ­չի գլխա­ւո­րած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Հիւ­րե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փրոֆ. Ռու­բէն Միր­զա­խա­նեան։ Հիւր վե­րա­տե­սու­չի ըն­կե­րա­կից­նե­րու շար­քին էին հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէ­նը, Հա­յա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի վա­րի­չը եւ վե­րա­տե­սու­չի խորհր­դա­կա­նը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Հուն­գա­րիոյ Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի ընդ­հա­նուր տնօ­րէնն է։ Հարկ է նշել, որ հուն­գա­րա­կան այս հա­մալ­սա­րա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մի­ջեւ ան­ցեալ տա­րուը­նէ ի վեր կը ծա­ւա­լուի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ուա­խու­թիւն յայտ­նեց հուն­գա­րա­կան հա­մալ­սա­րա­նա­կան այս պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու բե­րու­մով։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած կա­պե­րուն՝ ընդգ­ծե­լով, որ նման սերտ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի մեծ թի­ւով ու­սա­նող­նե­րու հա­մար հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռեն մաս­նակ­ցիլ հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու եւ այդ­պէ­սով՝ կը նպաս­տեն փո­խա­դարձ ճա­նա­չո­ղու­թեան ու եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ բա­րե­կա­մու­թեան զօ­րաց­ման։ Այս ա­ռու­մով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց Հուն­գա­րիոյ Կա­թո­լիկ հա­մալ­սա­րա­նէն ներս հաս­տա­տուած Հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, որ Մայր Ա­թո­ռը պատ­րաս­տա­կամ է ա­ջակ­ցիլ այդ ամ­պիո­նին՝ տրա­մադ­րե­լով անհ­րա­ժեշտ գրա­կա­նու­թիւն։

Իր հեր­թին, հիւր վե­րա­տե­սուչն ալ ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քին ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին, նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի զար­գաց­ման տես­լա­կա­նին։

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017