ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի ուսանողները, համանուն Աւագ դպրոցի աշակերտները, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած զինուորներ։ Խումբը Մայր Աթոռ այցելեց Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպման սկիզբին Արմէն Մուրատեան ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին։ Ան Նորին Սրբութեան ներկայացուց մարտական գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած զինուորները, որոնց սխրանքը իրենց տարեկից ուսանողներուն, ապագայ բժիշկներուն համար օրինակ է մարդասիրութեան եւ հայրենանուիրումի տեսակէտէ։ Այս կապակցութեամբ ան նաեւ երախտագիտութեամբ նշեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիծանի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս 2016-ի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի օրերուն զինուորներուն համար ցուցաբերուած օգնութիւնը։
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նախ հետաքրքրուեցաւ իւրաքանչիւր զինուորի առողջական վիճակով եւ ընդգծեց, որ առաջնագիծ կատարած այցելութիւններու ընթացքին ամէն անգամ կը տեսնէ հոգիով վերափոխուած, հասուն երիտասարդներ, որոնք ունին առանձնակի պատասխանատուութեան գիտակցութիւն։
Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին բժիշկի ծառայութեան մէջ հաւատի ընկալման, Հայ Եկեղեցւոյ քարոզչութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներուն։
Որպէս յիշատակ Նորին Սրբութիւնը բոլորին ընծայեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեաններ, իսկ զինուորականները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին սահմանագծի վրայ ծառայող զինուորներու կողմէ պատրաստուած սրբապատկեր մը։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։
ՃԵՖԵՐԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Ճեֆերինը, որ Վաղարշապատ քաղաքի մէջ մասնակցեցաւ բացման արարողութեան մը։ Իրեն ընկերացաւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024