ԱՊՐԻՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յառաջիկայ աշնան հովուապետական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ դէպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը։ Պըրպենքի Առաջնորդարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Գալիֆորնիա։ Հայրապետական այցելութեան կարգախօսն է. «Ապրինք մեր հաւատքը»։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Թեմական խորհուրդի հրաւէրին ընդառաջ՝ Վեհափառ Հայրապետը 25-30 Հոկտեմբեր թուականներուն պիտի շնորհէ հովուապետական այցելութիւն, որուն ընդառաջ արդէն խանդավառութիւնը այժմէն դարձած է զգալի։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը սփիւռքեան ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ունի առանձնայատուկ տեղ մը։ Գալիֆորնիոյ շրջանը ընդհանրապէս կը համարուի հայոց սփիւռքի ողնայարի հիմնական բաղկացուցիչներէն մին՝ իր խտացեալ մարդուժով եւ համապատասխան մեծ ներուժով։ Իբր այդ, եկեղեցական կեանքէ ներս ալ Արեւմտեան Թեմը ունի կարեւոր դերակատարութիւն։ Վերջին տարիներուն Արեւմտեան Թեմը կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք եւ այդ անանտեսելի նուաճմուներուն մէջ անփոխարինելի ներդրում մը ունի Թեմակալ բարեխնամ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եռանդը եւ գործունէութիւնը։
Ըստ այժմ նախատեսուած ժամանակացոյցին, Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբերի 25-ին։ Օր մը վերջ, Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ մուտք պիտի գործէ Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճար։ Հոգեւորականաց թափօրով եւ երգչախումբի երգեցողութեամբ տաճար առաջնորդուելէ վերջ Նորին Սրբութիւնը պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Մինչ այդ, Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարի գալուստ պիտի մաղթէ իրեն։ Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 27-ին, Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ։ Նոյն օրը, Վեհափառ Հայրապետը պիտի հանդիսապետէ «Արարատ» հայ տարեցներու տան նոր մասնաշէնքի պաշտօնական բացման եւ օրհնութեան կարգին։
Շաբաթ, Հոկտեմբերի 28-ի առաւօտեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական վարժարաններու միացեալ ձեռնարկը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ դպրոցահասակներուն։ Պիտի յաջորդէ Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը երիտասարդութեան հետ։ Կիրակի, Հոկտեմբերի 29-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հայրապետական Ս. Պատարագ։ Վեհափառ Հայրապետը թեմի 90-ամեակին առթիւ պիտի մատուցէ գոհաբանական Ս. Պատարագ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայրապետական մաղթանք»։ Յաւարտ արարողութեան տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն։ Նոյն օրը երեկոյեան, թե-մի 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ, Հոլիվուտի «Տաղլըեան» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ պիտի սարքուի պաշտօնական ընդունելութիւն։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբերի 30-ին, Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը պիտի շնորհէ Մեքսիքայի հայ համայնքին, որ մաս կը կազմէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին։
Այս ծրագրի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը պիտի վերադառնայ Լոս Անճելըս, ուր 2-3 Նոյեմբեր թուականներուն նախատեսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստը (ԳՀԽ)։ Պըրպենքի առաջնորդարանէն ներս Նորին Սրբութեան բարձր նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ զուգադիպելով Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեակի յոբելենական շրջանին։ ԳՀԽ-ի նիստին մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ Արեւմեան Թեմի Թեմական խորհուրդը։ Այսպէսով Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ հաստատուած աւանդութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ դուրս ԳՀԽ-ի նստաշրջաններ կազմակերպելու վերաբերեալ, պիտի ունենայ նոր շարունակութիւն մը։ Արցախէ, Նիւ Եորքէ եւ Մոսկուայէ վերջ Լոս Անճելըս պիտի հիւրընկալէ ԳՀԽ-ի նստաշրջանը։
Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը այժմէն հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծած է թեմի հաւատացեալներուն մօտ, որոնք վստահ են, թէ այդ այցելութիւնը պիտի ըլլայ օրհնաբեր։