ՀԱՍՆԻԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման մասնակիցները Վեհափառ Հայրապետին խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ դէպի Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութեան ընթացքին մասնաւոր տեսակցութեան հնարաւորութեան ընձեռման համար։ Անոնք Նորին Սրբութեան ներկայացուցին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործունէութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք գոհունակութեամբ անդրադարձան Մայր եկեղեցւոյ հետ գործակցութեան եւ ապագայի համար պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաւել ջանքեր ներդնել աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքէն ներս հոգեւոր միութեան հասնելու համար՝ արձագանգելով մէ՛կ ըլլալու Տիրոջ պատգամին։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց այս տեսակցութեան համար եւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը ուղղեց Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ընդգծեց վերջին շրջանին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատասխանատուներու կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հետ միութեան մէջ գործելու պատրաստակամ ոգին, որով հնարաւոր է ամրապնդել համազգային միասնականութիւնը, վերականգնել հոգեւոր կեանքի միութիւնը։

Խօսքը եզրափակելով՝ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Հայ աւետարանական եկեղեցին նոր արդիւնքներով ու ձեռքբերումներով պիտի շարունակէ համալրել բարեսիրական իր ծառայութիւնները՝ յանուն հայրենիքի զարգացման եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարօրութեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017