ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութենէն հանդէս եկաւ համայն հայութեան ուղղեալ Ամանորի պատգամով։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը։
*
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն տարեմուտի տօնական բերկրութեամբ կ՚ողջունենք ձեզ եւ կը բերենք Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը։
Մեր սրտերը այս պահուն լի են բարի ակնկալիքներով, առ Տէրն աղօթքով եւ Տիրոջ պարգեւներու հայցով։ Բոլորիս մաղթանքն ու ցանկութիւնն է, որ Նոր տարիին ձեռքբերումներն ու ուրախութիւնները բազմապատկուին, մտահոգութիւնները փարատուին, զօրանայ մեր հայրենիքը, ամուր ըլլան մեր ընտանիքները, բարօր ու ապահով ապրի աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը։ Նուիրական այսպիսի զգացումներով քայլ կը կատարենք Ամանորի սեմէն ներս՝ անդրադառնալով նաեւ անցնող տարուան։
2017 թուականին մեր ժողովուրդը ջանք ու աշխատանք գործադրեց յաղթահարելու իր կեանքի խնդիրները, բարօրութեան եւ յառաջընթացի մէջ հաստատելու մեր երկիրը։ Աշխատաւոր, մտաւորական, գործարար, պետական գործիչ, ամէն ոք իր ասպարէզին մէջ՝ ջանք գործադրեց իր նպաստը բերելու մեր ժողովուրդի յառաջընթացին։ Հայրենեաց սահմանները քաջութեամբ պաշտպանեցին մեր բանակի խիզախ զինուորները՝ երաշխաւորները մեր ժողովուրդի խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքի։ Հոգեւոր-եկեղեցական մեր անդաստանը նոյնպէս արդիւնաւորուեցաւ եկեղեցականներու բարի ծառայութեամբ, մեր ժողովուրդի զաւակներու հաւատաւոր ընթացքով ու եկեղեցանուէր ձեռնարկներով։ Տիրոջ ողորմութեամբ դժուարութիւնները մեզ չընկճեցին, իսկ ձեռքբերումներով առաւել յուսադրուեցանք։ Մեր ժողովուրդին կորով ու գործելու եռանդ պարգեւեցին մեր երկրի, ազգի, մեր երեխաներու հանդէպ սէրը, լուսաւոր գալիք կերտելու մեր իղձերն ու տեսլականը։
Եկող 2018 թուականին մենք պիտի տօնենք 100-ամեակը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հաստատման եւ մայիսեան հերոսամարտներու։ Մէկդարեայ այս ժամանակաշրջանին մէջ մեր ժողովուրդը ազգային կեանքի բարձրացման մեծ ճանապարհ անցած է։ Այդ տասնամեակները, բազում դժուարութիւններով հանդերձ, եղան պետականաշինութեան, հայրենակերտումի, գիտութեան, կրթութեան, մեր մշակոյթի զարգացման, ի սփիւռս աշխարհի ազգային կեանքի կազմակերպման, յառաջընթացի ու վերազարթօնքի տարիներ։
2018 թուականը, սիրելիներ, դիմաւորենք կարեւորելով մեր ժողովուրդի ձեռքբերումները, դիմաւորենք նաեւ նախանձախնդրութեամբ՝ առաւել ու առաւել ջանքեր բերելու յանուն մեր հայրենիքի շէնացման ու զօրացման, ազգային մեր իղձերու մարմնաւորման։ Որպէս Քրիստոսի հաւատարիմ ժողովուրդ, որպէս պետութիւն ունեցող ազգ՝ պատասխանատուութեամբ, իրարու հանդէպ սիրով եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցելով մեր գործերուն՝ շարունակենք ծառայել պետական, ազգային ու հոգեւոր մեր կեանքի յառաջընթացին։ Տարեմուտի այս պահուն նորովի կը հնչէ առաքեալի պատուէրը. «Իմաստութեամբ վարուեցէք… օգտագործելով ժամանակը» (Կող. Դ 5)։ Մեր կեանքի ժամանակը արժեւորենք իրականացնելով մեր հոգիի երազները՝ մեր հայրենիքի փառքի եւ մեր ժողովուրդի երջանկութեան համար։
Սիրելիներ, բաժնենք իրերու հետ տարեմուտի ուրախութիւնը, զօրանանք յոյսով ու լաւատեսութեամբ։ Օգնենք կարօտեալներուն, ձեռք երկարենք իրարու ու անօգնական մարդկանց, մեր զաւակներէն բացի խնդութիւն պարգեւենք խնամքի կարօտ երեխաներուն։ Սատար ու զօրակից ըլլանք հայոց բանակին։ Թող ամուր ըլլայ մեր բանակը, հաւատքով ամուր՝ մեր ժողովուրդը։ Կ՚աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար։ Խաղաղութիւն ու բարօրութիւն կը մաղթենք հայրենի մեր երկրին, նոր ձեռքբերումներ՝ հայրենի իշխանութիւններուն եւ մեր ժողովուրդին՝ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս։ Թող Աստուած՝ պարգեւատուն ու առատացնողը ամէն բարիքներու, օրհնէ մեր երկիրն ու ժողովուրդը՝ Սուրբ Ծննդեան շնորհները հեղելով մեր կեանքին։
Շնորհաւոր Նոր տարի։