ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉՈՒԵՑԱ՛Ւ…

Ան­շուշտ, պի­տի ը­սէք, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, մե­զի ան­ծա­նօթ չէ, թէ Յի­սուս խա­չուե­ցաւ։ Բայց սի­րե­լի­նե՜ր, բնաւ խոր­հա՞ծ էք կամ դուք ձե­զի հար­ցու­ցած էք, թէ Յի­սուս ին­չո՞ւ խա­չուե­ցաւ։ Ա­ռանց չարչա­րուե­լու, ա­ռանց խա­չուե­լու կա­րե­լի չէ՞ր որ կա­տա­րեր իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ան չու­նէ՞ր այդ կա­րո­ղու­թիւ­նը՝ որ հե­ռու մնար խա­չե­լու­թեան ա­րար­քէն։

Ու­րեմն, միա­սին խոր­հինք եւ խորհր­դա­ծենք, Յի­սուս ին­չո՞ւ խա­չուե­ցաւ, Յի­սուս ին­չո՞ւ չար­չա­րանք­նե­րու են­թար­կուե­ցաւ, Յի­սուս թո­ղուց, որ իշ­խա­նա­ւոր­ներ ձեր­բա­կա­լեն զԻնք եւ Ի­րեն հետ վա­րուին որ­պէս հա­սա­րակ «ոճ­րա­գործ» մը։ Հոս չենք ու­զեր խո­րա­նալ Յու­դա­յի պատ­մա­կան եւ ճա­կա­տագ­րա­կան դե­րին մա­սին՝ որ­պէս մատ­նիչ։ Ան պէ՛տք էր կա­տա­րեր իր պատ­մա­կան դե­րը։ Այս մա­սին հե­տաքրք­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու թարգ­ման ե­ղած էր Գրի­գոր Սար­կա­ւագ Գալ­փաք­ճեան թեր­թիս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ։

Բայց հար­ցը սա է. Յի­սուս ե­թէ ու­զէր չէ՞ր կրնար Իր «օ­ձի­կը ա­զա­տել» եւ ար­գի­լել այն բո­լոր ա­հա­ւոր պա­տա­հար­նե­րը՝ ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան իր երկ­րա­յին կեան­քին վեր­ջի մի քա­նի օ­րե­րուն ըն­թաց­քին՝ ակն­թար­թի մը ա­րա­գու­թեամբ։ Երբ ա­մէն ինչ լաւ կ՚ըն­թա­նար, ինչ­պէ՞ս փո­խուե­ցաւ ա­մէն ինչ եւ Յի­սուս «ոճ­րա­գործ»ի մը դիր­քին մէջ խա­չուե­ցաւ…։

Որ­քա՜ն ի­մաս­տա­լից է Յի­սու­սի խօս­քը, երբ կ՚ը­սէ.

«Ժա­մա­նակս լե­ցուած է»։ Այս խօս­քով Ան կը յայտ­նէ, թէ Ինք կը շար­ժի Հօ­րը կամ­քով։

Ար­դա­րեւ ի՞նչ էր Հօ­րը կամ­քը։ Կա­րե­լի չէ՞ր որ փո­խուեր այդ «կամք»ը։ Ուս­տի այդ կամ­քը իր յա­տուկ ա­ռու­մով վճռա­կան «ճա­կա­տա­գի՞ր» մըն էր, թէ՝ ծրա­գիր մը, որ նպա­տա­կի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մե­մատ կա­րե­լի է փո­փո­խու­թեան են­թար­կել։ Ե­թէ նպա­տա­կը մար­դոց փրկու­թիւնն էր, ա­պա ու­րեմն ա­նոր միակ կեր­պը Յի­սու­սի խա­չե­լու­թի՞ւնն էր։ Պէ՞տք էր զո­հուիլ…։

Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Ան­ձը ու­նայ­նա­ցուց ծա­ռա­յի կեր­պա­րանք առ­նե­լով, մար­դոց նմա՛ն ըլ­լա­լով… Ինք­զինք խո­նար­հե­ցուց, մին­չեւ իսկ մա­հուան հնա­զան­դե­ցաւ, եւ այն ալ՝ խա­չի մա­հուամբ, այ­սինքն խա­չե­լու­թեամբ մա­հուան են­թար­կուե­լու։ Յի­սուս մար­դա­ցաւ ա­ռանց վե­րա­պա­հու­թեան, եւ են­թար­կուե­ցաւ այն բո­լոր փոր­ձու­թիւն­նե­րուն եւ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու՝ ո­րոնց են­թա­կայ կ՚ըլ­լայ ո­րե­ւէ մարդ իր ապ­րած կեան­քին ըն­թաց­քին»։

Ա­յո՛, ին­չո՞ւ խա­չուե­ցաւ Յի­սուս։

Այն օ­րէն սկսեալ երբ Պետ­րոս դա­ւա­նե­ցաւ, թէ Յի­սուս Քրիս­տոս Որ­դի՛ն է կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ, Յի­սուս սկսաւ յայտ­նել Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ թէ Ինք պէ՛տք էր Ե­րու­սա­ղէմ եր­թար, հոն չար­չա­րուէր, սպան­նուէր եւ եր­րորդ օ­րը յա­րու­թիւն առ­նէր (ՄԱՏԹ. ԺԶ 21)։

­Պահ մը միայն՝ Յի­սուս Իր աս­տուա­ծա­յին փառ­քը կը յայտ­նէ, հաս­տա­տե­լով այս­պէս՝ Պետ­րո­սի դա­ւա­նու­թիւ­նը։ Ան ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք Իր փառ­քին մէջ մտնե­լու հա­մար պար­տի անց­նիլ Խա­չի ճամ­բէն՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։ Ար­դա­րեւ Մով­սէս եւ Ե­ղիա տե­սած էին Աս­տու­ծոյ փառ­քը Լե­րան վրայ։ Այս կեր­պով «Օ­րէնք»ը եւ «Մար­գա­րէ»նե­րը ա­ւե­տած էին Մե­սիա­յին չար­չա­րան­քնե­րը։ Ուս­տի Յի­սուս Քրիս­տո­սի մա­հուան չար­չա­րան­քը ի­րա­պէ՛ս Հօր կա՛մքն է, Որ­դին կը գոր­ծէ իբ­րեւ Աս­տու­ծոյ Ծա­ռան…։

Կը հե­տե­ւի, թէ Քրիս­տո­սի «ա­շա­կերտ»ը պէտք չէ՛ միայն ի­րեն պա­հէ հա­ւատ­քը եւ ապ­րի զայն, այլ նաեւ դա­ւա­նի՛ զայն, վկա­յէ ա­նոր վստա­հու­թեամբ եւ տա­րա­ծէ զայն։ Ար­դա­րեւ պա­հուած գան­ձը ո՛չ մէ­կուն օ­գուտ կրնայ ու­նե­նալ։

Պէտք է պատ­րաստ ըլ­լան ա­նոնք՝ որ «ա­շա­կերտ» են, դա­ւա­նե­լու Քրիս­տո­սը մար­դոց առ­ջեւ եւ հե­տե­ւե­լու Ա­նոր՝ Խա­չի ճա­նա­պար­հին վրայ, հա­լա­ծանք­նե­րուն, չար­չա­րանք­նե­րուն եւ տա­ռա­պանք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, ո­րոնք եր­բեք չեն պակ­սիր մարդ­կա­յին կեան­քին։ Ուս­տի հա­ւատ­քին ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ վկա­յու­թիւ­նը պա­հան­ջուած են փրկու­թեան, այ­սինքն ե­րա­նու­թեան հա­մար։ Յի­սուս կ՚ը­սէ.

«Ո՛վ որ Զիս դա­ւա­նի մար­դոց առ­ջեւ, Ես ալ զինք պի­տի դա­ւա­նիմ Հօրս առ­ջեւ, որ եր­կինքն է. իսկ ո՛վ որ ու­րա­նայ Զիս մար­դոց առ­ջեւ՝ Ես ալ զինք պի­տի ու­րա­նամ Հօրս առ­ջեւ, որ եր­կինքն է» (ՄԱՏԹ. Ժ 32-33)։­

Ու­րեմն կը տես­նուի, որ Յի­սու­սի խա­չե­լու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր «ծրագ­րի» մը մասն էր, եւ պէտք էր որ Ան չար­չա­րուի, հա­լա­ծուի եւ խա­չուի։ Ար­դէն կեան­քի ի­րա­կա­նու­թիւնն է այս՝ կեան­քը նե­ղու­թիւն­նե­րով, ցա­ւե­րով, վիշ­տե­րով, եր­բեմն նեղ դռ­նե­րէ անց­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցող ըն­թացք մը չէ՞։

Յի­սու­սի խա­չե­լու­թիւ­նը կեան­քին մէկ պա­հանջքն էր. ա­ռանց չար­չա­րուե­լու եր­ջան­կու­թիւն չ՚ըլ­լար, ե­թէ ըլ­լայ՝ սուտ եւ խա­բէա­կան կ՚ըլ­լայ, կ՚անց­նի կ՚եր­թա՜յ…։ Կեան­քը իր ի­րա­կա­նու­թեամ­բը ցոյց տա­լու հա­մար Յի­սուս չար­չա­րուե­ցաւ եւ խա­չուե­ցաւ, քա­նի որ Ան Ճշմար­տու­թի՛ւնն իսկ է։

Ե­կէ՛ք, բո­լո­րո­վին տար­բեր կեր­պով մը մօ­տե­նանք հար­ցին։

Յի­սուս մար­դա­ցաւ, կա­տա­րեալ մա՛րդ ե­ղաւ, եւ Ան մար­դա­ցաւ ա­ռանց վե­րա­պա­հու­թեամբ։ Յի­սու­սի վար­դա­պե­տու­թեան կա­րե­ւոր սկզբունք­նե­րէն է նաեւ հա­ւա­սա­րու­թի՛ւ­նը։ Եւ քա­նի որ «կա­տա­րեալ մարդ» էր, ու­րեմն պէտք էր որ «մար­դոց նման ըլ­լար» ըստ հա­ւա­սա­րու­թեան ան­խախ­տե­լի սկզբուն­քին։ Ինք չէր կրնար բա­ցա­ռու­թիւն կազ­մուիլ հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբուն­քէն։

Ի­րա­ւա­ցի կամ ա­նի­րաւ, Յի­սու­սի դէմ կա­տա­րուած ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րուն պա­տի­ժը՝ մա­հու վճիռ ար­ձա­կել կը պար­տադ­րէր։ Յի­սու­սի տեղ պարզ հա­սա­րակ մարդ մը ի՛նչ պա­տի­ժով որ պի­տի դա­տա­պար­տուէր, նոյն պա­տի­ժին պէտք էր են­թար­կուեր Ինք, որ­պէս­զի չխախ­տի հա­ւա­սա­րու­թեան սկզբո՛ւն­քը։

Խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­ներ, մէ­կը որ հա­ւա­սա­րու­թիւն կը քա­րո­զէ իր ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին, բայց երբ իր կեան­քը խնդրոյ ա­ռար­կայ ըլ­լայ չի գոր­ծադ­րեր զայն եւ ինք­զինք բա­ցա­ռու­թիւն կը նկա­տէ։ Այդ­պի­սի մէ­կը ո՞ր­քան վստա­հու­թիւն կրնայ ներշն­չել իր շուր­ջին­նե­րուն։ Զո­հո­ղու­թիւ­նը աչ­քի չառ­նող մէ­կը ո՞ր­քան յարգ ու պա­տիւ կրնայ ու­նե­նալ մար­դոց առ­ջեւ։ Զո­հել ու զո­հուիլ՝ մար­դուն ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վեր կը բռնեն, փոյթ չէ՛, թէ ա­նոնք կորսնց­նեն ի­րենց կեան­քը նոյ­նիսկ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 25, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2015