ՄԻԼԱՆՈՅԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կիրակի պատարագեց Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ներկայիս կը նշուի Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 60-ամեակը։ Այս յոբելեանը առիթ դարձած է մեծ խանդավառութեան։ Հայրապետական հանդիսաւոր Ս. Պատարագն ալ համախմբեց ամբողջ իտալահայութիւնը։ Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իտալահայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատ-գամը։ Յոբելեանին առթիւ Նորին Սրբութիւնը այս եկեղեցւոյ նուիրեց սրբապատկեր մը։

Կիրակի երեկոյեան ալ Վեհափառ Հայրապետի ի պատիւ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Միլանոյի Հայ տան մէջ։ Ամբողջ համայնքը հրաւիրուած էր այդ հաւաքոյթին մասնակցելու։ Ընթերցուեցաւ Լոմպարտիայի շրջանային խորհուրդի նախագահի ողջոյնի խօսքը։ Հարկ է նշել, որ Միլանօ մաս կը կազմէ այս շրջանին։ Վեհափառ Հայրապետը այս ընդունելութեան ընթացքին ալ իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց իտալահայութեան։

Շաբաթավերջի ծրագրի ամենավառ դրուագներէն մին էր նոյնպէս Միլանոյի Հայ տան մէջ կազմակերպուած երիտասարդաց հաւաքը։ Վեհափառ Հայրապետը նոր սերունդէ իտալահայերու հետ մէկտեղուեցաւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ եւ անոնց յորդորներ ուղղեց՝ որպէսզի պահպանեն իրենց ինքնութիւնը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018