ՅԱՐԳԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇԸ

Բա­րո­յա­կան վճռա­կան ընտ­րանք­նե­րը կը հրա­ւի­րեն մար­դը՝ մաք­րուե­լու սիր­տով, ներք­նա­պէս, ա­մէն յո­ռի բնազդ­նե­րէ եւ փնտռել սէ՛­րը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կ՚ու­-սուցուի, թէ ճշմար­տու­թիւ­նը ո՛չ թէ տե­սա­նե­լի կամ շօ­շա­փե­լի ար­ժէք­նե­րու, այլ ան­տե­սա­նե­լի եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու մէջ կը կա­յա­նայ։ Ար­դա­րեւ ճշմա­րիտ եր­ջան­կու­թիւ­նը չի՛ կա­յա­նար հարս­տու­թեան կամ բա­րե­կե­ցու­թեան մէջ, ո՛չ մարդ­կա­յին փառ­քին կամ աշ­խար­հա­յին հզօ­րու­թեան մէջ, ո՛չ ալ մարդ­կա­յին ո­րե­ւէ գոր­ծի մէջ՝ որ­քան ալ օգ­տա­կար ըլ­լայ ան, եւ ոչ ալ ա­րա­րա­ծի մը մէջ, հա­պա միա՛յն Ի­մաս­տու­թեան, Սի­րոյ եւ Բա­րի­քի մէջ՝ որ հա­մա­պար­փակ կը ներ­կա­յաց­նեն Աս­տուա՛ծ։

Ու­րեմն, ինչ­պէս Ճոն Հեն­րի Նիու­ման կ՚ը­սէ, հարս­տու­թիւ­նը օ­րուան մեծ «աս­տուա­ծու­թիւն»ն է, ա­նոր է, որ բազմութիւնը եւ մարդոց ամբողջ զանգուածը բնազ­դա­բար յար­գանք կը մա­տու­ցա­նէ։ Ա­նոնք եր­ջան­կու­թիւ­նը կը կշռեն «հարս­տու­թեան» հա­մե­մատ եւ հարս­տու­թեան հա­մե­մատ ալ՝ կը կշռեն «յար­գե­լիու­թիւն»ը։ Այս բո­լո­րը յա­ռաջ կու գայ այն հա­մո­զու­մէն, թէ հարս­տու­թեամբ մարդ ա­մե­նա­կա­րող կը դառ­նայ։ Հարս­տու­թիւ­նը ու­րեմն օ­րուան մէկ «կուռք»ն է եւ հռչա­կը՝ երկ­րորդ կուռ­քը։ Հռչա­կը, համ­բա­ւը, ե­րե­ւե­լիու­թիւ­նը, ճանչ­ցուած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը եւ աշ­խար­հը աղմ­կե­լը հա­սած է նկա­տուե­լու իբ­րեւ բա­րիք մը ինքն ի՛ր մէջ, գե­րա­կայ բա­րիք մը՝ ա­ռար­կայ մը իս­կա­կան մե­ծա­րան­քի։

Սուրբ Բար­սեղ Կե­սա­րա­ցի կ՚ը­սէ. «Նա­յիր քեզ»։

Ուս­տի մարդ պէտք է ճանչ­նայ ինք­զինք, որ­պէս­զի ա­ռիթ ու­նե­նայ տես­նել մտքի եւ հո­գիի աղ­տե­րը, ա­րատ­նե­րը եւ սրբագ­րէ, մաքրէ զա­նոնք։ Այս ի­մաս­տով՝ չի բա­ւեր մաք­րել սիր­տը, այլ նաեւ՝ միտ­քը, որ խոր­հուր­դը կը վե­րա­ծէ գոր­ծի՝ բա­րի կամ չար։ Ու­րեմն «Նա­յիր քեզ», որ­պէս­զի ախ­տա­ճա­նա­չու­մը ներ­քին ար­ժէք­նե­րու՝ սրտի եւ մտքի։ Ներ­հա­յեցո­ղու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը պէտք չէ ան­տե­սել աշ­խար­հա­յին զբա­ղում­նե­րու, հո­գե­րու եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու հո­սան­քին տա­րուե­լով։

Ար­դա­րեւ Աս­տուած ստեղ­ծեց մար­դը՝ որ­պէս­զի ճանչ­նայ զԻնք։ Եւ երբ ճանչ­նայ՝ պի­տի սի­րէ զԱյն, քա­նի որ Ան աղ­բիւր է ա­մէն բա­րի­քի եւ ա­մէն սի­րոյ։

Ս. Ե­րա­նոս Լիոն­ցի եւս կ՚ը­սէ այս մա­սին.

«Ե­րա­նի՜ ա­նոնց որ սրտով սո՛ւրբ են, քա­նի որ ա­նոնք Աս­տուած պի­տի տես­նեն, սա­կայն ո՛չ ոք պի­տի տես­նէ Աս­տուած եւ պի­տի ապ­րի, ըստ իր մե­ծու­թեան եւ ա­նա­սե­լի փառ­քին, քա­նի որ Հայ­րը ա­նըմբռ­նե­լի է։ Բայց Իր սի­րով, Իր բա­րու­թեամբ մար­դոց հան­դէպ եւ Իր Ա­մե­նա­զօ­րու­թեամբ ու Ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեամբ, Ան կը հա­ճի զԻնք սի­րող­նե­րուն շնոր­հել ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­մը տես­նե­լու Աս­տուած՝ քա­նի որ ի՛նչ որ ան­կա­րե­լի է մար­դոց, կա­րե­լի՛ է Աս­տու­ծոյ…»։­

Ուս­տի մե­ծամ­տու­թիւն, փա­ռա­մո­լու­թիւն եր­բեք յար­գե­լիու­թեան պատ­ճառ­ներ չեն. հա­մեստ ու խո­նարհ հո­գի­ներ, ո­րոնք ճանչ­ցած են ի­րենք զի­րենք, ո­րոնք ճանչ­ցած են Ի­մաս­տու­թիւ­նը, Սէ­րը, Բա­րին՝ որ Աս­տուած ի՛նքն է, յար­գե­լիու­թեան ար­ժա­նի են։ Հո­գին է, որ կ՚ո­րո­շէ մար­դուս յար­գե­լիու­թեան չա­փա­նի­շը, ներ­քին մա՛րդն է, որ ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը կ՚ո­րո­շէ։ Տե­սէ՛ք, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ո՞ր ար­տա­քին գե­ղեց­կու­թիւն, ո՞ր ար­տա­քին տեսք մշտնջե­նա­ւոր եւ ա­նայ­լայ­լե­լի է մնա­ցած։ Բայց ներ­քին գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը՝ սէ­րը, ի­մաս­տու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ա­մէն ա­ռա­քի­նու­թիւն մշտա­տեւ ար­ժէք­ներ են՝ ո­րոնք ար­ժա­նի են յար­գե­լիու­թեան։ Եւ ե­թէ գի­տու­նը յար­գե­լի է, հա­պա հա­մեստ գի­տու­թեան տէր մէ­կը ար­ժա­նի չէ՞ յար­գան­քի, կամ ե­թէ մե­ծա­տու­նը յար­գե­լիու­թիւն կը վա­յե­լէ, հա­պա խո­նարհ աղ­քա­տը եւ կա­րի­քա­ւո­րը պէտք չէ՞ յար­գե­լի նկա­տել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 17, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015