ԾԱՌԻՆ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ՏԱՐԻՔԸ
Հարցում մը ունիմ սիրելի՜ներ՝ որուն բանաւոր պատասխան մը կը փնտռեմ։ Թէեւ սակաւաթիւ մեր օրերուն, բայց մեր շուրջը կան ծառեր, որոնք երկար տարիներ կը գտնուին հոն՝ ուր կը տեսնենք ամէն օր։ Սակայն ներկայիս, որքան կը նշմարենք, բնաւ պատահած չէ՛, գէթ դարի մը մէջ, ոեւէ մարդկային էակ, որ հարիւր տարի ապրած ըլլայ եւ եթէ կայ հազուագիւտ մարդիկ, բոլորովին բացառութիւններ են, բայց կան ծառեր, որոնք հոն են աւելի քան դար մը…։
Ինչո՞ւ։ Խորհա՞ծ էք բնաւ այս մասին։
Կարելի է անիմաստ կամ աննպատակ համարուի նման անդրադարձում մը։ Ոմանք կրնան մտածել՝ թէ ծառը եւ մարդը բաղդատել կարելի չէ՝ քանի որ անոնց բնութիւնը բոլորովին տարբեր է եւ անբաղդատելի՛։
Բայց ծա՛ռն ալ մա՛րդն ալ նոյն Բնութեան անդամներն են եւ կարելի է բաղդատել զանոնք։
Այս Բնութեան ընդհանուր համակարգութեան մէջ «ծառ»ի մը կը շնորհուի հարիւր տարի կամ աւելի ապրելու առանձնաշնորհումը եւ կը զլացուի «մարդ» էակին՝ որ ենթադրաբար ամբողջ ստեղծագործութեան ծրագրին «դափնեպսակ»ն է։ Ինչո՞ւ։
Բանականութիւնը կ՚ըսէ՝ թէ այս երեւոյթին տակ պատճա՛ռ մը պէտք է ըլլայ։ Եթէ քմահաճոյք չէ եղածը, պատահական չէ, ուրեմն ի՞նչ է պատճառը։
Մէկ բացատրութիւն, ընդունելի կամ անընդունելի, հիմնաւոր կամ անհիմն, սա՛ թերեւս թէ մարդոց ստուած մեծամասնութիւնը «արժանի չէ՛ այդքան երկար ապրելու…»։ Վրան խորապէս մտածելու արժանի հարց մը ահաւասիկ։ Դիտենք մեր շուրջը սիրելիներ՝ մեզմէ շատերս, որ աւելի քան յիսուն տարի ապրեր ենք, ի՞նչ եղեր ենք, կամ ի՞նչ ըրեր ենք, որ արդարացուցիչ պատճառ ունենանք յիսուն տարի եւս ապրելու…։
Եթէ այս իմաստով մօտենանք հարցին՝ հարցում մը եւս պատասխան գտնել կը սպասէ. շատեր յիսուն տարի ապրելով՝ արդէն բաւական ապրած չե՞ն։ Այո՛, շատեր յիսուն տարի ապրելով՝ արդէն բաւական ապրած են։
Որպէսզի թիւրիմացութեան պատճառ չդառնանք, բացատրենք։ Չար մարդիկ, ընկերութեան վնաս պատճառող մարդիկ ինչո՞ւ երկար ապրին, որպէսզի իրենց չարութիւնը եւ վնասարար ազդեցութիւնը տարածեն յիսունէն անդին երկրո՞րդ յիսնամեակի մը վրայ։ Շատեր պիտի հակառակին այս տեսութեան եւ դէմ պիտի գտնեն մարդուն ապրելու իրաւունքին, ազատութեան եւ պիտի ըսեն՝ թէ ամէն անհատի դերը աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրով որոշուած է եւ իմաստասիրական տեսանկիւնէն դիտողներ պիտի ըսեն՝ աշխարհի հաւասարակշռութիւնը կ՚ապահովուի հակադրութիւններու ներդաշնակութեան ներկայութեամբ։ Ուրեմն պէ՛տք է երկար ապրին չարերն ալ, վնասակարներն ալ, որպէսզի աշխարհի վրայ եւ կեանքի մէջ հաստատուի ներդաշնակութիւնը՝ որ հի՛մն է ամէն իրականութեան, ամէն ճշմարտութեան։
Ուրեմն անոնք ալ պէտք է ապրին, եւ երկար ապրին, որպէսզի հաւասարակշռութիւնը ապահովուի։
Արդարեւ, հոս կարելի է հարցնել, թէ՝ կարեւորը երկա՞ր ապրիլն է, թէ ոչ՝ արդիւնաբեր ապրիլը։ Անշուշտ անվիճելի է, որ կեանքը շնորհ մըն է, արժէք մը կը ներկայացնէ, բայց եւ այնպէս ան շնորհ մըն է նաեւ օգտագործելու, արդիւնաւորելու համար ընծայուած։ Եւ ուրեմն, պէտք չէ տարօրինակ թուի այն հարցումը՝ թէ ո՞րն է նախընտրելին՝ երկար բայց անօգուտ կեանք մը, թէ ոչ՝ չափաւոր բայց օգտալից եւ արդիւնաւոր կեանք մը։ Կեանքը տրուած է մարդուս օգտագործելու համար, բաժնելու, բաժնեկից ընելու շուրջինները, մերձաւորները եւ կարելիութեան ու տարողութեան չափով՝ համայն մարդկային ընկերութիւնը։
Մարդ ստեղծուած է մարդկային ընկերութեան, մարդկային ընտանիքին մէջ տեղ մը գրաւելու եւ իր դերը կատարելու համար։ Մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, «կեանք»ը տրուած է իրեն այս պայմանադրութեամբ ու պարտաւորութեամբ։
Մարդուս իրերօգնութեան այս կոչումը՝ իրեն կը բեռնաւորէ ծանր պատասխանատուութիւն, որ կ՚որոշէ նաեւ իր մարդ ըլլալու հանգամանքն ու արժանիքը։ Պատասխանատուութեան այս գիտակցութիւնը մարդուս առաքինութեան եւ ազնուութեան ստուգանիշն է։ Պատասխանատուութեանը գիտակից մարդը ազնիւ է եւ առաքինի, եւ ան կ՚ապրի կեանքը լիուլի, օգտակարութիւն եւ արդիւնաւորութիւն ապահովելով թէ՛ իր անձին եւ թէ իր շուրջիններուն, իր մերձաւորներուն…։
Ուրեմն «կեանքը ապրիլ» պէտք չէ չափուի ժամանակի երկարութեամբ, այլ մանաւանդ՝ օգտաբերութեամբ եւ արդիւնաւորութեա՛մբ։
Արդարեւ ի՞նչ է կեանքը եւ ո՛չ՝ աշխարհի վրայ, սերունդներու մէջ դրոշմել գեղեցիկը, բարին եւ ճշմարիտը եւ թողուլ հետք մը այս արժէքներէն։
Խորհեցէ՛ք իմ սիրելի եւ ազնիւ ընթերցող բարեկամներ, մէկը, որ երկար ապրած է, բայց ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ցոյց տուած է մարդկութեան, անշուշտ իր կարողութեան, կարելիութեան եւ տարողութեան չափով, իսկ ուրիշ մը ապրած է չափաւոր ժամանակով, բայց օգտակարութիւն ունեցած է իր շուրջիններուն, մարդկութեան՝ իր ինքնութենէն բան մը թողած է անոնց, բան մը աւելցուցած է արժէքներու վրայ՝ ըլլայ նիւթական, ըլլայ բարոյական, ըլլայ մտային աշխարհի մէջ…։
Դժուար չէ պատասխանել՝ թէ ո՛րը «երկար» ապրած է այդ պարագային։
Ծառը երկար կ՚ապրի, քանի որ մարդ՝ երկա՜ր տարիներ օգտուելու, դաս առնելու պահանջքը ունի Բնութենէն, որուն կարեւոր մէկ տա՛րրն է ծառը։ Եւ պէտք է ընդունիլ՝ թէ մարդկային կեանքը «սահմանեալ նպատակ»ի մը համար համակարգուած է, ուստի եթէ մէկը յիսուն տարուան մէջ չէ կրցած ծառայել այդ նպատակին՝ հարիւր տարուան մէջ ալ չի՛ կրնար։ Ան՝ որ յիսուն տարին չէ կրցած արժեցնել, հարիւրը ինչպէ՞ս կրնար արդարացնել։ Յիսուն տարուան մէջ նպատակին չհասնող մէկը՝ մնացեալ յիսուն տարուան մէջ կրնա՞յ հասնիլ։
Ի՞նչ կ՚ըսէք սիրելի բարեկամներ…։
Ծառը իրեն համար չ՚ապրիր, մարդը սակայն իրեն համար կ՚ապրի։ Այս է կարծեմ տարբերութիւնը ծառին եւ մարդուն։ Ծառեր երկար տարիներ, դարե՜ր ապրեր են մարդոց տալու համար իրենց հովանիին հանգստութիւնը։ Մարդ ի՞նչ տուած է ծառին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 11, 2015, Իսթանպուլ