ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑԻ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ
Հայաստանի մէջ, Տաւուշի թեմէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Դիլիջան քաղաքին մէջ կառուցուելիք նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Այս եկեղեցւոյ հողօրհնէքը կատարուած էր տակաւին 2015 թուականին։ Բարերարներն են Ռուբէն Վարդանեան, Մաքսիմ Աթայեան, Արմէն Կարապետեան եւ Նորայր Թեւանեան։
Հիմնօրհնէքի սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, եկեղեցւոյ բարերարները, Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան, այլ հիւրեր եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Տաւուշի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան եւս արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որմէ վերջ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց հայրապետական իր պատգամն ու օրհնութիւնը։
«Այսօր Դիլիջան քաղաքի 475-ամեակն է։ Ես չեմ կրնար ըսել, թէ ինչ սկզբնաւորութեամբ որոշած են 475-ամեակը, բայց վստահաբար կրնամ վկայակոչել Գրիգոր Մագիստրոս Պահլավունի զօրաւոր մտաւորականը, ըստ որու այս դրախտավայրին մէջ մարդիկ կը մոռնան մահուան մասին։ Այսօր այս եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքով, Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ քարերու օծումով, մենք վերստին կը վկայենք մահուան մասին մոռնալու վերաբերեալ։ Յատկապէս կ՚ուզեմ ըսել, որ սա արդարութեան պատասխանն է ժամանակներու մէջ գործուած այն մեղքին, թէ մենք մեր ձեռքերով քանդեցինք աստուածային տուները այս քաղաքին մէջ, վերածեցինք զանոնք ամէն ինչի, բացի Աստուծոյ ներկայութեան կարեւորագոյն հոգեվիճակէն։ Մենք այսօր այս բանին պատասխանը կու տանք՝ փորձելով այս ճանապարհով սրբել մեղքը բոլոր անոնց, որոնք իմանալով կամ չիմանալով գործեցին զայն», ըսաւ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ մէջբերելով նաեւ Ս. Եփրեմ Ասորիի խօսքերը՝ ըսաւ.
«Եկեղեցին հոգեւոր դրախտ է, ուր հաշտութեան սուրբ խորանը կեանք բխող կենաց ծառն է։ Արդ, վայելեցէք այդ շնորհները, զորս ձեզի համար պատրաստած է Հայրը եւ միաբերան փառաբանեցէք զԱստուած։ Մեր ժողովուրդի համար այս ընկալումով եկեղեցին միայն ճարտարապետական կոթող ու քարեղէն կառոյց չէ, այլ՝ աստուածային ներկայութեան, երկնային շնորհներու բաշխման, հոգիներու մաքրման ու ապաքինման վայր, ժամանակաւորի միջով յաւիտենութեան առաջնորդող հաստատութիւն՝ հիմնուած Քրիստոս Վէմի վրայ։ Մեր եկեղեցական կառոյցներու հովանիին ներքեւ հաստատուած մեր դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ սերունդներ կրթուած են, զօրացած ազգասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ։ Եւ եկեղեցին՝ Քրիստոսի վրայ հաստատուած, եղած է ու կը մնայ պատուարն ու հիմնասիւնը մեր ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան, հայ ոգիի անպարտելիութեան եւ մեր փրկութեան ու յարատեւութեան։ Աշխարհի փոթորկայոյզ ընթացքներու, հակառակութիւններու մէջ եկեղեցին նաեւ այն վայրն է, ուր բոլորին խաղաղութիւն կը տրուի, համերաշխութեան ոգին կը զօրանայ, միասնութիւնն ու միաբանութիւնը կ՚ամրապնդուի։ Այստեղ աստուածպաշտական արարողութիւններուն կը հաւաքուին զանազան հայեացքներու, տեսակէտներու, դիրքորոշումներու տէր անձեր, որոնք օրհնեալ միջավայրի մէջ կը միաւորուին հաւատքով, աստուածպատուէր նուիրական զգացումներով»։
Արարողութենէն վերջ գեղարուեստական ելոյթներով հանդէս եկաւ Դիլիջանի համայնքային կեդրոնի «Նազանի» պարախումբը։
Հիմնօրհնէքէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նաեւ Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը։