ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐ՝ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ
Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջմիութենական առաջին մտախաղերը, որոնք ստեղծեցին մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ համագործակցութեամբ՝ «Türk Beyin Takımı»ի եւ «Akıl Oyunları» հանդէսի։
Դպրեվանքի սրահին մէջ հաւաքուած մեր համայնքային լիսէներու խումբերը նախ ունկնդրեցին հիւրընկալ վարժարանի՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեանի ողջոյնի խօսքին, որուն հետեւեցան Օրքուն Չեթինասլանի կողմէ տրուած բացատրութիւնները։
Ապա սկսան խաղերը, որոնք նախատեսուած էին թէ՛ խմբային եւ թէ անհատական հարթութեան վրայ։ Վեց հանգրուաններով տղաքը չափեցին իրենց գիտելիքները։
Արդիւնքին խմբային դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Դպրեվանք, որուն հետեւեցան Սահակեան եւ Մխիթարեան։ Անհատական դասաւորման մէջ առաջնութիւնը նուաճեց Տանիէլա Պաքըրճըօղլու (Դպրեվանք), երկրորդ հանդիսացաւ Սելինա Մանան (Մխիթարեան) եւ երրորդ՝ Սուրէն Ռոտա Այազ (Սահակեան-Նունեան)։
Մրցանակաբաշխման արարողութենէն վերջ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ բոլորը բարձր տրամադրութեամբ շնորհաւորեցին միջլիսէական այս առաջին մտախաղերուն դափնեկիրները, բոլոր մասնակիցներն ու կազմակերպիչները։