ԿԵԱՆՔԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կեան­քի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը մարդ­կա­յին մտքի եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու «բարձր»երն են։ Ա­նոնք չեն ու­զեր եր­բեք մե­ծու­թիւն, բարձ­րու­թիւն եւ ո­րե­ւէ զա­նա­զա­նու­թիւն տես­նել ի­րենց շուր­ջը պա­տող ի­րե­րու ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մէջ՝ վեր չեն նա­յիր, քա­նի որ ա­նոնք վե՛րն են…։

Ար­դա­րեւ սի­րե­լի է ան, որ եր­բեք վեր չի նա­յիր, եւ ոչ ալ՝ վար։ Գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը մար­դուս կը սոր­վեց­նեն, թէ՝ միայն «բարձ­րու­թե­նէ մը կա­րե­լի է բարձ­րու­թի՛ւն տես­նել»։ Զոր օ­րի­նակ, գե­ղե­ցիկ լեռ­նե­րը՝ պատ­մու­թեան մէջ միշտ պաշ­տա­մուն­քի ու զո­հի ար­ժա­նի վայ­րեր նկա­տուած են։ Լեռ­նե­րու այդ գե­ղեց­կու­թիւ­նը՝ որ ի­րենց բարձ­րու­թե­նէն կը ծնի, կը խորհր­դան­շէր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը՝ «հո­գե­ւոր բարձ­րու­թեան» եւ «հո­գե­ւոր գե­ղեց­կու­թեան» բնա­կա­նա­բար՝ որ­պէս պայ­մա՛ն Աս­տուած տես­նե­լու եւ Ա­նոր հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու։

Ուս­տի մարդ բարձ­րա­նա­լու է հո­գիով, սրտով ու մտքով, որ կա­րե­նայ տես­նել ու գնա­հա­տել ի՛նչ որ աս­տուա­ծա­յին է, այ­սինքն «գե­ղե՛­ցիկ» ի­րեն հա­մար։

Գե­ղե­ցի­կին անդ­րա­դառ­նա­լու եւ զայն վա­յե­լե­լու հա­մար ու­րեմն, անհ­րա­ժեշտ է բարձ­րա­նա՛լ։

Չէ թէ մե­ծու­թիւն չկայ, այլ որ ին­քը մարդ՝ շի­տակ եւ ու­ղիղ դիր­քի մը վրայ կայ­նած չէ՝ որ­պէս­զի տես­նէ փնտռած «մե­ծու­թիւն»ը։ Բարձր մար­դը՝ գե­ղե­ցիկ մա՛րդ է, քա­նի որ ան բարձ­րա­գոյն հո­գիով կրնայ տես­նուիլ՝ հո­գե­ւոր ի­մաս­տով։ Բարձր ըլ­լալ բարձ­րու­թեան ար­ժա­նի ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ, թէ ոչ վե­րէն նա­յիլ եր­բեք ու եր­բե՛ք «բարձր» ըլ­լալ չի՛ նշա­նա­կեր։ Յա­ճախ կը կրկնենք՝ բարձր կար­ծել ինք­զինք, եւ այդ­պէս ներ­կա­յաց­նել ինք­զինք բարձ­րու­թիւն չէ, ինչ­պէս՝ բա­րի ե­րե­ւիլ «բա­րի ըլ­լալ» չի նշա­նա­կեր։ Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս կ՚ապ­րին ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն­նե­րու եւ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ, տեղ մը՝ ուր ցոյց կու տայ ի­րենց ճշմա­րիտ նկա­րա­գի­րը եւ շա­տեր չե՛ն այն՝ ինչ որ կ՚ե­րե­ւին եւ ա՛յդ­պէս կը ներ­կա­յաց­նեն ի­րենք զի­րենք…։

Բարձր մար­դը, ը­սինք, գե­ղե­ցիկ մարդ է եւ ար­ժա­նի՝ բարձ­րու­թիւն­ներ ու գե­ղեց­կու­թիւն­ներ վա­յե­լե­լու։

Բարձր, եւ ու­րեմն գե­ղե­ցիկ մար­դը՝ լո՛ւռ է, եր­բեք չ՚աղմ­կեր, չի՛ պո­ռար, չի կան­չեր որ մար­դիկ ըն­դու­նին, ծա­փեն, փա­ռա­բա­նեն, գո­վա­բա­նեն իր իս­կա­կան բարձ­րու­թիւնն ու գե­ղեց­կու­թիւ­նը։ Ան գի­տէ՝ թէ ի՛նչ է ինք։ Չա­փը, կշի­ռը եւ սահ­մա­նը լա՛ւ գի­տէ եւ միշտ խա­ղաղ է, քա­նի որ կը ճանչ­նայ ինք­զինք եւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նի իր գե­ղեց­կու­թեա­նը ար­ժէ­քին եւ բարձ­րու­թեա­նը կա­րե­ւո­րու­թեա­ն։­

Օ­րուան հի­ւան­դոտ գո­վա­սի­րու­թե­նէն, սնա­մէջ փա­ռա­մո­լու­թե­նէն բա­ցար­ձա­կա­պէս զե՛րծ է բարձր ու գե­ղե­ցիկ մար­դը։ Կա­րե­ւոր չէ՝ թէ ի՛նչ կ՚ը­սեն կամ ի՛նչ չեն ը­սեր մար­դիկ. «ին­չո՞ւ»ն պէտք չէ ի­րեն հա­մար։

Մարդ մը, հո­գիով ու մտքով բարձ­րու­թեան վրայ կե­նա­լէ յե­տոյ, ի՜նչ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի մար­դոց կար­ծի­քը կամ վկա­յու­թիւ­նը, քա­նի որ ո՛չ մէ­կուն կար­ծի­քը վճիռ է՛ եւ վկա­յու­թիւ­նը՝ ճշմար­տու­թիւն։

Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին կար­ծի­քը, եւ շին­ծու, կար­ծե­ցեալ համ­բա­ւը ի՞նչ կ՚ար­ժեն երբ մէջ­տե­ղը՝ բարձ­րու­թեան մը ստեղ­ծած գե­ղե­կու­թեան մը ի­րա­կա­նու­թիւ­նը գո­յու­թիւն ու­նի։ Շլա­ցած աչ­քին նա­յուած­քը եւ շե­ղած մտքին կար­ծի­քը չե՛ն կրնար փո­խել գե­ղեց­կու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը…։

Բարձ­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս ը­սինք, լուռ է՝ որ­քան քա­րե­րը լուռ են, բայց բարձ­րու­թիւ­նը ու­նի գե­ղեց­կու­թիւ­նը՝ որ ան­ձա՜յն կը փայ­լի հո­գի­նե­րու մէջ։

Բարձ­րու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը՝ շա­տե­րու ան­տե­սա­նե­լի, կը գե­ղեց­կաց­նէ ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը՝ կեա՛ն­քը։

Մարդ բո­լո­րո­վին ան­տար­բեր ըլ­լա­լու է եւ ան­գի­տա­կից, որ ան­գի­տակ ապ­րի կեան­քի ան­ցա­ւո­րու­թեան։

Սաղ­մո­սեր­գուին հա­մա­ձայն՝ կեան­քը ի­մաս­տու­թիւն կը նշա­նա­կէ՝ տե­ւա­կան գի­տակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ ժա­մա­նա­կի սա­հող, պակ­սող «դրա­մագ­լուխ»ի մը՝ որ կը ներ­կա­յաց­նէ «սե­փա­կան կեա՛նք» մը…։

Անդ­րա­դառ­նա՜նք կեան­քի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 11, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015