ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 25-ամեակին առթիւ, երէկ, յոբելենական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան Անթիլիասի մէջ։ Նորին Սրբութեան 25 տարուան ծառայութիւնը արժեւորուեցաւ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով՝ հայ ժողովուրդին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանին մատուցած սպասարկութիւնը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձաւ։

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարէն ներս երէկ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք։ Պատարագիչն էր Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագի աւարտին Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ յոբելեար Արամ Ա. Կաթողիկոս շրջապատուեցաւ Կիլիկեան Աթոռի միաբաններուն եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն կողմէ։ Այս փուլին խօսք առաւ Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Այս առթիւ հայր սուրբը շեշտեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի պարագային հայր ըլլալու յատկանիշը շատ էական է։ «Որպէս միաբան՝ երբ կը նայինք ձեր 25 տարուան գահակալութեան տարիներուն, այդտեղ մենք ամենէն շատ ձեր հայրութիւնը կը տեսնենք։ Որպէս հայր դուք գուրգուրացիք, փայփայեցիք եւ խնամեցիք այս Սուրբ Աթոռը՝ աճեցնելով միաբանական շարքերը, երիտասարդ ուժերը ձեզմով ներշնչուած եկան միանալու Կիլիկեան ուխտին», ըսաւ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ ըսաւ, թէ 25 տարի առաջ Աստուծոյ ոգեղէն ներկայութեան մէջ ուխտած էր հաւատարիմ մնալ Աստուածաշնչական արժէքներուն, եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսուցումներուն եւ դաւանանքներուն, ուխտած էր ծառայել Աստուծոյ, ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ իր ամբողջ ծառայութիւնը կարելի է խտացնել երեք բառերով՝ եկեղեցաշէն, ազգաշէն եւ հայրենաշէն։ «Բնականաբար մենք ալ սխալներ գործեցինք պատմութեան ընթացքին, ինչպէս մեր եկեղեցին, աշխարհի բոլոր եկեղեցիները սխալներ գործած են, սակայն էական է մեր աստուածատուր կոչումին, առաքելութեան, ծառայութեան հաւատարիմ ըլլալը։ Թող Աստուած ներէ, ինչ սխալ որ գործած ենք մեր ծառայութեան ճամբուն վրայ։ Թող ազգը ներէ, ուր որ թերացանք։ Սակայն մեր ծառայութեան կոչումը երբեք նահանջ չարձանագրեց», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Կաթողիկոսարանի այս հաւաքոյթէն վերջ Անթիլիասի վանքի սեղանատան մէջ միաբանական ճաշկերոյթ սարքուեցաւ ի պատիւ Նորին Սրբութեան։ 22 միաբաններու ներկայութեամբ սարքուած ճաշի աւարտին եւս խօսք առաւ յոբելեար Կաթողիկոսը։ Այս առթիւ ան մէջբերեց Կիլիկեան Աթոռի երջանկայիշատակ կաթողիկոսներէն Զարեհ Կաթողիկոսի կողմէ Դպրեվանքի աշակերտութեան փոխանցուած պատգամը. «Դպրեվանքի մէջ ամէն բանէ առաջ ու վեր նկարագիր կը կերտուի»։ Ի շարունակութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոս նշեց, որ սա է մարդ կերտելու ու կազմաւորելու մեկնակէտը եւ նպատակակէտը։ Առանց նկարագրի մարդու ունեցած բոլոր արժէքները փուճ են ու նոյնիսկ վնասաբեր թէ՛ իրեն եւ թէ իր շուրջիններուն համար։ Մարդը գլխագիր մարդ կը դառնայ իր նկարագրով։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ անցեալ քառորդ դարու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան առաքելութեան՝ զայն արժեւորելով նկարագիր, հաւատարմութիւն եւ ծառայութիւն բառերով յատկանշուած հայեցակէտերով ու չափանիշներով։ 

«Մենք կոչուած ենք Անթիլիասը միշտ պահել ճառագայթող ներկայութիւն իր ժողովրդանուէր ծառայութեամբ միայն», եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։

Այս առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակը՝ արեւշատութեան մաղթանքներով։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2020