ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԴԻՏԵՑԻՆ «ՄԻՒՍ ԳԻՒՂԱՔԱՂԱՔԸ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը երկսեռ աշակերտներ, առաջնորդութեամբ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի ու պատմութեան ուսուցչուհի Իքպալ Փոլատի, «SALT-Galata» մշակոյթի կեդրոնին մէջ դիտեցին Նեֆին Տինչի ու Հերքիւլ Միլլասի կողմէ պատրաստուած ու նկարահանուած «Միւս գիւղաքաղաքը» խորագրով վաւերագրական ժապաւէնը։ Յունաստանի Դիմիթսանա եւ Թուրքիոյ Պիրկի գիւղաքաղաքներուն մէջ կատարուած նկարահանումներու միջոցով հեղինակները ի վեր կը հանեն թուրքերու եւ յոյներու իրարու հանդէպ ունեցած թշնամական վերաբերմունքը, որ յառաջ եկած է դպրոցական դասագիրքերուն, պետական քարոզչութեան, թանգարաններուն եւ այլ արտաքին ազդակներու միացումով։ Հետեւաբար, «թշնամանքը» խախուտ հիմքերու վրայ է եւ պիտի փլի, եթէ դէմ յանդիման գան երկու հասարակութիւնները, ճանչնան զիրար ուղղակիօրէն։
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք բեմադրիչ Նեֆին Տինչ պատասխանեց իրեն ուղղեալ հարցումներուն։ Աշակերտները գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն։