ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ՅԱՏՈՒԿ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաստատուեցաւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակ մը։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կ՚անցնին բազում շրջաններ, ուր գոյութիւն ունին բազմաթիւ վանքեր ու եկեղեցիներ եւ այդ սրբավայրերը, միեւնոյն ժամանակ, կը համարուին մեծ հոգեւոր ժառանգութիւն մը, մշակութային-ճարտարապետական յուշակոթողներ։ Պատերազմի օրերուն Ատրպէյճանի բանակը թիրախաւորած էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին։ Քաղաքի Ատրպէյճանի բանակի հակակշռին տակ անցնելէն վերջ ալ եկեղեցին պղծուած էր։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Շուշիի գործող երկու եկեղեցիներէն միւսը՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչն ալ «Կանաչ ժամ» աւերուած է։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը այս բոլորին դէմ ահազանգ հնչեցուցած է ցայսօր։ Բաց աստի, միջազգային հանրութիւնն ալ իրերայաջորդ ձեւով անդրադարձած է այս խնդրին, ներառեալ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն։

Ըստ երեւոյթին, Վեհափառ Հայրապետը որոշած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աւելի սիստեմաթիկ ձեւով հետամուտ ըլլայ այս հիմնախնդրին։ Ուստի, ստեղծուած է Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակ մը, որու պատասխանատու նշանակուած է Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2020