ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիոյ Պա­վիէրա նահանգէն փու­թա­ցած խումբ մը հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Տո­րո­թէա Կրէ­նիէ­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բը Իս­թան­պու­լի մէջ այս օ­րե­րուն կը ծա­նօ­թա­նայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն։ Այս շրջագ­ծով Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը գեր­մա­նա­ցի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի պատ­մու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան եւ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քին շուրջ։

 

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2015