ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐ

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան քահանայ ձեռնադրեց Ալպերթ Սարկաւագ Համբարձումեանը։ Նորընծան վերանուանուեցաւ Տ. Կիւրեղ Քհնյ. Համբարձումեան։

Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Կրինֆիըլտի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Նորընծան ծնած է Երեւանի մէջ եւ 2019 թուականին աւարտած՝ Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանը։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած խիստ սահմանափակումներէն վերջ առաջին անգամ իրականացուց հովուական այցելութիւն մը, որու ծիրէն ներս ալ այս քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Միլուաքիի մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021