ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ

ԲԱՐԿԱՑԱԾ ՑՈՒԼԸ

Ցուլը առանց պատճառի բարկացաւ եւ փորձեց հարուածել կով մը, իշուկ մը, ոչխար մը, նիհարակազմ, սեւ կատու մը եւ իր կարմիր կատարով յոխորտացող աքլոր մը, բայց անոնք իրենց ամբողջ զօրութեամբ վազեցին, փախան եւ հեռացան իրմէ:

Ցուլը դիտեց իր շուրջը եւ փնտռեց մէկը, որ հարուածէ: Ան տեսաւ միայն հպարտ, կանաչ, ցցուն ու իր շուրջի անցուդարձերէն անհոգ կաղնի մը: Ցուլին այնպէս թուեցաւ, որ կաղնին զայն կ՚անտեսէ եւ կ՚ուզէ մենամարտիլ: Բարկացած պատրաստուեցաւ հարուածելու, սակայն կաղնին յորդրելով ըսաւ.

-Պիտի զղջաս, եթէ զիս հարուածես, քանի կոտոշներդ կացին կամ սղոց չեն:

Ցուլը զայրոյթով ըսաւ ծառին.

-Ես չեմ զղջար, դո՛ւն միայն պիտի զղջաս քեզ հարուածելէս եւ գետին գլորելէս ետք:

Եւ ցուլը յարձակեցաւ կաղնիին վրայ ու զօրաւոր հարուած մը հասցուց, բայց իսկոյն զգաց, ի՛ր գլուխին վրայ, ծանր մուրճի մը հարուած մը եւ տատանելով ու անհամաչափ քայլերով ետ քաշուեցաւ: Նայեցաւ կաղնիին, տեսաւ զայն հպարտ եւ անվնաս, ապա լսեց ծառին կանչող ձայնը.

-Օ՛ն, հարուածէ անգամ մըն ալ:

Ցուլը ըսաւ ծառին.

-Պիտի հարուածեմ ուրիշ օր մը, երբ գլուխիս ցաւը անցնի:

Կաղնին ոչ մէկ բառով պատասխանեց ցուլին, ան վստահ էր, որ առաջին հարուածին՝ երկրորդը, ոչ մէկ օր, պիտի յաջորդէ:

 

ՄԱՅՐԵՐԸ

Մանուկ բուն իր մօր հարցուց.

-Աշխարհի վրայ կա՞յ իմ ձայնէս աւելի գեղեցիկ ձայն:

Մայրը սիրառատ հայեացքով նայեցաւ դստրիկին եւ ըսաւ.

-Ով որ ձայնդ լսէ՝ ինքնաբերաբար, մեղեդիին ազդեցութեամբ, կ՚երերայ եւ գոհացած կ՚աղաղակէ:

Մանուկ բուն հրճուեցաւ մօր խօսքերէն եւ հարցուց.

-Իսկ բազէն կրնա՞յ ինծի յաղթել թռչելով եւ արծիւը ինձմէ զօրե՞ղ է:

Մայրը պատասխանեց.

-Դուն քեզ մի՛ համեմատեր ապուշ բազէին հետ, որ լէշ կ՚ուտէ, եւ անխոհեմ, թափառկոտ եւ յիմար արծիւին հետ:

Մանուկ բուն աւելի հրճուած սկսաւ վայել մարդոց մէջ, մարդիկը պոռչտուքով դժգոհեցան, չդիմացան եւ ականջները ձեռքերու մատներով փակեցին՝ ձայնը չլսելու համար:

Մանուկ բուն փորձեց չափուիլ բազէին ու արծիւին հետ, բայց հասկցաւ, որ ինք բազէներու պէս արագ չի սլանար եւ արծիւներու պէս զօրեղ չէ: Ան յուսահատ վերադարձաւ իր մօր քով եւ նախատեց զայն օգտակար խրատներ չտալուն համար:

Սակայն երբ բուիկը զաւակներու մայր դարձաւ, այն ատեն միայն հասկցաւ, թէ իր մայրը չէր խաբած եւ ըսած էր միայն այն խօսքերը, որոնց կը հաւատար:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021