ԱՄԵՆԱՆՇԱՆԱՒՈՐ ԾԱՂՐԱԾՈՒՆ

Այս տարի յոբելենական է հայ կրկէսի նշանաւոր դերասան, ծաղրածու, մնջկատակ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արթիսթ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Լէոնիտ Ենգիբարեանի համար: Կը լրանայ անոր ծննդեան 80-ամեակը: Մեծ դերասանը ծնած է 1935 թուականին, Մոսկուա, իսկ 1959 թուականին կեանքի որոշ շրջան մը փոխադրուած եւ ստեղծագործած է Երեւան: Ան ոչ միայն հայկական, այլեւ՝ ժամանակակից կրկէսի նշանաւոր դերասաններէն եղած է, իր ստեղծած կերպարներով հարստացուցած է կրկէսային արուեստը՝ հիմը դնելով ենգիբարեանական մնջախաղին, որ մինչեւ այսօր հայ թատրոնի մէջ գոյատեւող խաղաձեւ մըն է:

Հայ դերասանը թատրոնի պատմութեան մէջ մտած է «տխուր ծաղրածու» անունով: Խինդ եւ ծիծաղ պատճառելով հազարաւոր մարդոց՝ իրականութեան մէջ ան տխուր մարդ մը եղած է: Լէոնիտ Ենգիբարեանի կենսագիրները եւ անոր արուեստի տեսաբանները նկատած են, որ հայկական կրկէսային արուեստի պատմութեան ամենավառ էջը կերտած է ան: Իր կրկէսային դերերու միջոցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեան ստեղծած է մե՛րթ ուրախ, մե՛րթ տխուր, մե՛րթ երկչոտ, մերթ համարձակ կերպարներ՝ կրկէսային զուարճալի խաղերով ցոյց տալով մարդկային բազմապիսի ապրումներ եւ զգացմունքներ:

Մեծ մնջախաղացի եւ կրկէսային ծաղրածուի հայրը եղած է Մոսկուայի «Մեթրոփոլ» ճաշարանի աւագ խոհարարը։ Ենգիբարեաններու ընտանիքը կը բնակէր մէկ յարկանի փայտաշէն տունի մը մէջ։ Մինչեւ իր կեանքը կրկէսին նուիրելը՝ Ենգիբարեան փորձած է քանի մը այլ մասնագիտութիւններ։ 1952 թուականին, աւարտելով միջնակարգ դպրոցը՝ ընդունուած է ձկնային տնտեսութեան ուսումնարան։ Սակայն այնտեղ ուսանած է ընդամէնը կէս տարի՝ տեղափոխուած է մարմնակրթութեան համալսարան: Այդ ժամանակ ան արհեստավարժ բռնցքամարտիկ էր եւ մինչեւ 1950-ական թուականներու կէսերը լաւ արդիւնքներ ունեցած է այդ ասպարէզէն ներս: 1952-1953 մրցաշրջանին ընթացքին բռնցքամարտի Մոսկուայի առաջնութեան ժամանակ Լէոնիտ Ենգիբարեան տարած է ինն յաղթանակ եւ պարտութիւն կրած է ընդամէնը մէկ անգամ։ 1954 թուականին ան արդէն առաջին կարգի բռնցքամարտիկ էր։ Այնուհետեւ կ՚ընդունուի Կրկէսային արուեստի Պետական ուսումնարան, ուր կ՚ուսանի, որմէ ետք Երեւան կը փոխադրուի եւ մաս կը կազմէ հայկական կրկէսախումբին:

1963 թուականին դերասանը խաղացած է Հենրիկ Մալեանի եւ Լեւոն Իսահակեանի «Ճանապարհ դէպի կրկէս» ժապաւէնին մէջ՝ մարմնաւորելով ինքն իր կերպարը:

1964 թուականին Փրակի մէջ տեղի ունեցած Ծաղրածուներու միջազգային մրցոյթին Լէոնիտ Ենգիբարեան արժանացած է առաջին մրցանակին: Անոր ստեղծագործական կեանքին մէջ ամենայաջողը 1960-ական թուականներն էին, երբ ան հիւրախաղեր ունեցած է Խորհրդային Միութեան մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Բացի կրկէսէն, Լէոնիտ Ենգիբարեան հանդէս եկած է մնջախաղով: Շարժանկարային արուեստի մէջ ան նկարահանուած է աշխարհահռչակ վարպետներու մօտ, օրինակ՝ Սէրկէյ Փարաջանով (խաղացած է անոր «Մոռցուած նախնիներու ստուերները» շարժանկարին մէջ): Նկարահանուած է նաեւ ծաղրածուի ստեղծագործութեան մասին պատմող երկու շարժանկարի մէջ: 1971 թուականին Լէոնիտ Ենգիբարեան կը հեռանայ Խորհրդային Միութեան կրկէսէն։ Այս մէկը ըրած է այն պատահարէն ետք, երբ իր գործընկերոջ արգիլած են իր հետ մեկնիլ արտասահմանեան հիւրախաղերու։

Լա­ւա­գոյն ներ­կա­յա­ցում­նե­րէն են «Աստ­ղա­յին անձ­րեւ», «Ծաղ­րա­ծուի տա­րօ­րի­նա­կու­թիւն­նե­րը»։ Ան ստեղ­ծած է ող­բեր­գա­կան եւ կա­տա­կեր­գա­կան տե­սա­րան­նե­ր, բազ­մա­զան կեր­պար­ներ ու ի­րա­վի­ճակ­ներ, կի­րա­ռել բարդ հնարք­ներ, զորս ցու­ցադ­րած է նաեւ կրկէ­սին մէջ։ Խո­հա­փի­լի­սո­փա­յա­կան ե­րանգ ու­նին Են­գի­բա­րեա­նի «Փո­ղո­ցա­յին աք­րո­պաթ», «Քայ­լեր», «Ողջ ու մե­ռա­ծը», «Բռնցքա­մարտ», «Սիր­տը ա­փի մէջ», «Հո­վա­նոց», «Ջու­թակ», «Լոյս եւ ստ­­ուեր» ու այլ ման­րա­պա­տում­նե­րը։

Լէոնիտ Ենգիբարեան մահացած է 1972 թուականին՝ Մոսկուայի իր բնակարանին մէջ: Շատ կարճ կեանք ունեցած է աշխարհաճանաչ ծաղրածուն, արթիսթը հրաժեշտ տուած է կեանքին, երբ նոր բոլորած էր ընդամէնը 37 տարեկանը։ Սակայն, ան արդէն արժանացած էր իր արուեստի բոլոր դափնիներուն: Հանդիսատեսը շատ կը սիրէր բարի ու թախծոտ աչքերով ծաղրածուն եւ միշտ բարութիւն եւ ժպիտ կը սպասէր իրմէ:

Անոր մահուընէ ետք Երեւանի մէջ ստեղծուած է Ենգիբարեանի անուան մանկական կրկէս-սթիւտիոն, իսկ Երեւանի Կրկէսի շէնքին առջեւ տեղադրուած է անոր յուշարձանը: Բայց քանի որ Երեւանի Կրկէսի շէնքը այժմ հիմնովին քանդուած է, արձանը ժամանակաւորապէս պահ դրուած է։ Երբ կրկէսի նոր շէնքը կառուցուի, ան դարձեալ պիտի տեղադրուի։ Արդէն ընթացքի մէջ է նոր շէնքին կառուցումը: Մինչեւ այս տարուան վերջ Արշակունեաց պողոտային վրայ աւարտին պիտի հասցուի Երեւանի նոր Կրկէսի շէնքը, որ պիտի կրէ մեծ դերասան Լէոնիտ Ենգիբարեանին անունը: Իսկ սթուտիոն ժամանակաւորապէս կը գործէ այլ շէնքի մը մէջ:

Լէոնիտ Ենգիբարեանի մէկ այլ արձանն ալ տեղադրուած է Ծաղկաձոր քաղաքի Ծաղկունեաց հրապարակին վրայ: Այս արձանը կը բնորոշէ անոր մէկ մանրապատումը, որ դերասանը շատ գեղեցկօրէն գրած է հովանոցի մասին:

Երեւանեան անոր արձանը անկախութենէն ետք տեղադրուած նորագոյն արձաններու կարգին կը պատկանի։ Անոր հեղինակը արձանագործ Լեւոն Թոքմաճեանն է, որ մեծ դերասանը քանդակած է ըստ իր յիշողութիւններուն, զորս ունէր Լէոնիտ Ենգիբարեանէն:

Տասնամեակներ առաջ Լեւոն Թոքմաճեան մեկնած է Սպիտակ Ռուսիա, ուր ներկայ եղած է Լէոնիտ Ենգիբարեանի ելոյթին: Երբ ելոյթէն յետոյ հանդերձարան գացած եւ տեսած է Ենգիբարեանը՝ քրտինքներու մէջ՝ ձեռքին ծաղիկ մը, մէկ անկիւնը կեցած, տպաւորուած է եւ այդպէս ալ հետագային կերտած է դերասանի քանդակը՝ ծաղիկ ի ձեռին:

Եր­կու տա­րին ան­գամ մը Ծաղկաձորի մէջ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի Մնջա­խա­ղի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօն՝ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան, Երեւանի Մնջախաղի պետական թատրոնի, Ազգային թա­տե­րա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան միա­ւոր­ման եւ Ծաղ­կա­ձո­րի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ։ 2010 թուականին Մնջախաղի թատրոններու միջազգային փառատօնը Ծաղկաձորի մէջ կոչուեցաւ յայտնի ծաղրածու-մնջախաղաց Լէոնիտ Ենգիբարեանի անունով։ Իսկ արդէն 2012 թո­ւա­կա­նին, երբ Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հեր­թա­կան Մնջա­խա­ղի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը, կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղադ­րո­ւե­ցաւ աշ­խար­հահռ­չակ Լէո­նիտ Են­գի­բա­րեա­նի պրոն­զեայ ար­ձա­նը։ 2008, 2010 եւ 2012 թուա­կան­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցուած փա­ռա­տօ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս մաս­նակ­ցե­ցան թա­տե­րա­խում­բեր եւ ան­հատ կա­տա­րող­ներ Սպա­նիա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Յու­նաս­տա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Լաթ­վիա­յէն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ֆրան­սա­յէն, Չե­խիա­յէն, Լե­հանս­տա­նէն, Դա­նիա­յէն, Ճա­բո­նէն, Ղա­զա­խիս­տա­նէն, ինչ­պես նաև հայ­կա­կան թա­տե­րա­կան, կրկէ­սա­յին խում­բեր, նուա­գա­խում­բեր, ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բեր, տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ հրա­վա­ռու­թիւն։ Իսկ 2014 թուա­կա­նի փա­ռա­տօ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Օ­գոս­տո­սի 10-15 թուա­կան­նե­րուն։

«… Մարդը իր բնոյթով բարի ու մեծահոգի է եւ անոր հետ միշտ հարկաւոր է վարուիլ մեծահոգաբար, հարկաւոր է հաւատալ անոր. մարդու սիրտին մէջ եղած բարիին, ժպտալու ընդունակութեան, զգալու, բարին գնահատելու ընդունակութեան, ուրիշին կարեկից ըլլալու ընդունակութեան», գրած է Լէոնիտ Ենգիբարեան։

Լէոնիտ Ենգիբարեան, բացի տաղանդաւոր ծաղրածու ըլլալէ, նաեւ գրող է, գրած է մանրապատումներ, որոնք լոյս տեսած են գիրքի մը մէջ: Այն, ինչ որ չէ կրցած արտայայտել դերերու միջոցաւ, յանձնած է թուղթին իբրեւ հոգիի մտորումներ:

Ժա­պա­ւէն­ներ՝ Են­գի­բա­րեա­նի մա­սին

- «Վա­ռա­րան-նստա­րան­ներ», 1975

- «Մեր մանկութեան կրկէսը», 1983

- «Լէոնիտ Ենգիբարով», 1984

- «Մարդը՝ դեղին մոլորակէն», 1986

- «Բոլորը ծաղրածու են։ 4-րդ եթերաշրջան։ Լէոնիտ Ենգիբարով», 1986

- «Լէոնիտ Ենգիբարեան։ Հեռուստայիշատակներ։ Ան արեւոտ ծաղրածու էր...»

- «Լէոնիտ Ենգիբարեան-բոլոր ռեփլիք-ները»,  1993

- «Լէոնիտ Ենգիբարեան», 1997

- «Գրպանահատներու արքան»

- «Լէոնեա, մեզի բան մը ցոյց տուր»

- «Աստղային ծաղրածուն», 2003

- «Ծիծաղի արքաները։ Ենգիբարեան», 2003

- «Լէոնիտ Ենգիբարեան (Ինչպէս գացին կուռքերը)», 2006

- «Սիրտը՝ ափի մէջ», նուիրուած է Լէոնիտ Ենգիբարեանի 70-ամեակին, 2005

- «Լէոնիտ Ենգիբարեան. ժպիտ՝ արցունքներու մէջէն», 2005

- «Պոէտն ու ծաղրածուն», 2008

ՀՈՎԱՆՈՑԸ

…Փոքր-ինչ լռելէ ետք աղջիկը ըսաւ. «Բայց մենք տեղ չունինք ապրելու, տուն չունինք»։

Տղան ծիծաղեցաւ եւ ըսաւ, որ ինք հովանոց ունի, բոլորովին նոր, ու եթէ կոճակը սեղմես, ան ինքն իրեն կը բացուի։ Եւ հովանոցը հրաշալի տուն է, շատ յարմարաւէտ՝ երկուքի համար։ Ճիշդ է, ան պատեր չունի, բայց փոխարէնը բաւական է ձեռքը երկարել, եւ դուք կը գիտնաք, թէ դուրսը տարուան ո՛ր եղանակն է՝ օրինակ, վերջացա՞ծ է գարունը, թէ տակաւին կը շարունակուի:

Այնպիսի բնակարանով, ինչպիսին հովանոցն է, յարմար է ճանապարհորդել, հաճելի է լսել անձրեւի ձայնը ու նաեւ…

Բայց աղջիկը չհարցուց «նաեւ ինչ…» եւ հեռացաւ մէկ ուրիշի քով, որ բոլոր յարմարութիւններով մէկ սենեակնոց բնակարան ունէր, բայց, երեւի, այնուամենայնիւ չունէր այդպիսի հովանոց, իսկ եթէ նոյնիսկ ունէր, ապա, համաձայնինք, ինչի՞ համար  ան-հըրաժեշտ է մարդու մը երկու բնակարանը, չէ՞ որ ատիկա ծիծաղելի է…

Այժմ, շատ տարիներ անց, ան վերջապէս հասկցած էր, թէ այդ ի՜նչ հրաշալի հովանոց էր՝ փոքրիկ օդապարիկ մը, որմէ բռնուելով երկուքով, կարելի է թռչիլ-երթալ հեռու՜-հեռու, յատկապէս անձրեւոտ օրերուն…

Եւ ան կը թախծէ իր արդէն երեք սենեակնոց բնակարանին մէջ, որովհետեւ ինչքան մեծ է բնակարանը, այնքան հեռու են իրարմէ անոնք, որոնք կը բնակին այնտեղ, եւ երբ անձրեւ կու գայ, ան պատրաստ է ներքեւ նետուիլ իր հովանոցը փնտռելու, բայց միթէ՞ տասնհինգերորդ յարկէն կը ճանչնաս, թէ ո ՞րն է քու հովանոցդ:

Իսկ եթէ նոյնիսկ ճանչնաս, ապա յայտնի ալ չէ, թէ այսօր սարքի՞ն է արդեօք վերելակը։

ՄԻ՜ ՆԵՂԱՑՆԷՔ ՄԱՐԴԸ

Մարդը զուր տեղը, այնպէս պէտք չէ նեղացնել, որովհետեւ ատիկա շատ վտանգաւոր է: Իսկ եթէ յանկարծ ան Մոցա՞րթ է: Ատկէ զատ, ան տակաւին չէ հասցուցած ոչինչ գրել: Դուք զինք կը նեղացնէք, եւ ան, ընդհանրապէս, ոչինչ չի գրեր: Չի գրեր մէկը, յետոյ՝ միւսը, եւ աշխարհի մէջ կը պակսի գեղեցիկ երաժշտութիւնը, կը պակսին լուսաւոր զգացմունքներն ու միտքերը, իսկ ատիկա կը նշանակէ՝ կը պակսին նաեւ լաւ մարդիկ:

Անշուշտ, անյայտ մէկը մը կարելի է նեղացնել, չէ՞ որ բոլորը Մոցարթ չեն, բայց, այնուամենայնիւ, իսկ եթէ յանկարծ…

Մի՜ նեղացնէք մարդը, պէտք չէ:

Դուք այնպիսին էք, ինչպիսին՝ ան:

Պահպանեցէ՜ք զիրար մարդի՜կ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015