ՇԻՇԼԻԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐԸ

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը, որ Թուրքիոյ ախոյեանը եղած է, յառաջիկային երկիրը պիտի ներկայացնէ ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի ախոյեաններու լիկին մէջ։ Որակաւորման փուլի հանդիպումները նախատեսուած են 23-28 օգոստոսին, Շթութկարտի մէջ, Գերմանիա։ ՈՒԷՖԱ-ի Նիոնի կեդրոնին մէջ արդէն տեղի ունեցած է վիճակահանութիւն, որու արդիւնքներով յայտնի դարձած են Շիշլիի մրցակիցները։ Այսպէս, Շիշլի պիտի մրցի Շթութկարտի (Գերմանիա), Էօրէպրէօի (Շուէտ) եւ Ճէօրճիընս (Վրաստան) խումբերուն հետ F խմբակին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2022