ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄՕՏ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ազ­գա­յին տօ­նին՝ Ան­կա­խու­թեան օ­րուան առ­թիւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քիս մօտ ԱՄՆ-ի հիւ­պա­տո­սա­րա­նին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ ԱՄՆ-ի Ազ­գա­յին տօ­նը կը նշուի Յու­լի­սի 4-ին, իսկ այս տա­րի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։

Ան­գա­րա­յի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ճոն Պես­սի եւ Իս­թան­պու­լի մօտ ԱՄՆ-ի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Չարլզ Հան­թը­րի տան­տի­րու­թեամբ սարքուե­ցաւ ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, ո­րուն հրա­ւի­րուած էր նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին եւ մեր հա­մայն­քին ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց դես­պան Պես­սին եւ ա­ւագ հիւ­պա­տոս Հան­թը­րին։ Նո­րին Սրբու­թեան կող­քին ներ­կայ էին նաեւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։

Բա­ցի մեր հա­մայն­քէն հրա­ւի­րուած զա­նա­զան դէմ­քե­րէ, այս ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի լրագ­րող, «NEWS DEEPLY» մե­տիա­յի ըն­կե­րու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր Լա­րա Սեդ­րա­կեան։ Մե­տիա­յի աշ­խար­հէ ներս իր ծա­ւա­լած աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեամբ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ Լա­րա Սեդ­րա­կեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ դուստրն է Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի։ Ան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կ՚ապ­րի Հոնկ Քոն­կի մէջ եւ քա­նի մը օ­րէ ի վեր գոր­ծին բեր­մամբ կը գտնուի Իս­թան­պու­լի մէջ։ Այս զու­գա­դի­պու­թիւ­նով ան եւս ներ­կայ գտնուե­ցաւ ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցեց Լա­րա Սեդ­րա­կեա­նին հետ, գնա­հա­տեց ա­նոր բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը՝ փո­խան­ցե­լով իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

ԱՄՆ-ի Ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան հոծ թի­ւով հրա­ւի­րեալ­ներ, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէին քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, դի­ւա­նա­գէտ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, ա­րուես­տա­գէտ­ներ, գոր­ծա­րար­ներ, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­ներ, ա­կա­դե­մա­կան­ներ, զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան աշ­խար­հէն յայտ­նի դէմ­քեր եւ այլ հիւ­րեր։ Բա­ցօ­թեայ ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր եւ ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին ի­րա­րու հետ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015