ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ. ԿԱՐՕՏՆԵՐՈՒ ՈՒ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԻ ԵՐԳԻՉԸ
Գէորգ Պետիկեան 80 տարեկան է. պատկառելի տարիք, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ քննութեան ենթարկելու մտաւորականի, գրողի, կրթական մշակի անցած բեղուն ճանապարհը: 1943-ին Հալէպի մէջ ծնած, ապա Ամերիկա հանգրուանած գրողը այսօր ալ կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ՝ իր պատմուածքներով եւ յօդուածներով գծագրելով սփիւռքեան խճանկարը:
Գէորգ Պետիկեան Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ է, պաշտօնավարած է Դամասկոսի, Հալէպի, Պէյրութի եւ Միացեալ Նահանգներու վարժարաններուն մէջ՝ իբրեւ տնօրէն եւ հայոց լեզուի, գրականութեան ուսուցիչ: Մէկ տասնեակ հատորներու հեղինակ է՝ «Մայթերու անցորդը» (1999), «Անգոյն տերեւներ» (2001), «Գրադարանս» (2004), «Բարեւ Հալէպ» (2007), «Դիմատետրս» (2011), «Պապիկը կարդալ չի գիտեր» (2015), «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» (2017), «Ես տեսայ Անին» (2019), «Տարին, որ անցաւ» (2021) եւ «Սփիւռքը» (2022), որոնք կը ներառեն պատմուածքներ, յուշեր, յօդուածներ: Մինչ օրս կ՚աշխատակցի «Ասպարէզ» օրաթերթին (Լոս Անճելըս), «Գրական թերթ»ին (Երեւան), «Գանձասար» շաբաթաթերթին (Հալէպ), ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» օրաթերթերուն (Պոլիս), «Հայրենիք»ին (Ուոթըրթաուն) եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթերուն (Մոնթրէալ):
Բազմաշերտ են մտաւորականը յուզող հարցերը՝ սփիւռքեան հիմնախնդիրներ, ծննդավայր Հալէպի կեղեքող կարօտ, մայրենի լեզուի տեղատուութիւն, Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններ: Թէ՛ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները, թէ՛ յօդուածները շաղախուած են իր վերաբերմունքով դէպի հայրենիք, հայկական ինքնութեան պահպանում:
Գէորգ Պետիկեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ գլխաւոր հերոսը ինքն է՝ իր կեանքը, հայեացքը, իր ապրումներն ու սփիւռքահայի առօրեան ու տագնապները: Գրականութիւնը արձակագիրի համար ես-էն դէպի մենք-ը՝ դէպի համամարդկային հարցերը քննելու միջոց է, իւրատեսակ «հոգիի եւ ներաշխարհի հայելի»: Գէորգ Պետիկեանի գրականութիւնը կարծես մի ընդարձակ, անկեղծ եւ անմիջական զրոյց է, իր բնորոշմամբ՝ «խոստովանատետր» ըլլայ, որու միջոցով գրողը կը պատմէ իր «կեանքի ապրած ժամերու»՝ ժամանակաշրջանի դէպքերն ու իրադարձութիւնները:
Գէորգ Պետիկեանի գրականութեան մէջ մշտական ներկայութիւն է իր ծննդավայրը՝ Ա. Ծառուկեանի բնորոշմամբ՝ «երազային» Հալէպը: «Երազային» քաղաքին յաւերժ սիրահարուած արուեստագէտն է Գէորգ Պետիկեան, որ անընդհատ կը պատմէ «սպիտակ ու հին հեքիաթներու» քաղաքի մասին, կը հիւսէ քաղաքի տարեգրութիւնը: Հալէպը իրեն համար զուտ աշխարհագրական տարածք չէ. սփիւռքի մէջ հասակ առած գրողի համար Հալէպը նաեւ փոքրիկ Հայաստան է. «Հալէպս, ծննդավայրս ըլլալէ աւելի, ինծի համար հայրենիք ալ եղած էր... Հալէպը իմ Հայաստանս էր»:
«Բարեւ Հալէպ», «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» գիրքերը գրողի անմնացորդ սիրոյ խօսուն վկայութիւններն են: Քաղաքին նուիրուած սրտառուչ պատումներ կան Գէորգ Պետիկեանի միւս հատորներուն մէջ եւս:
Գրողը անընդհատ «կը վերադառնայ» դէպի անցեալ. ինք հեռաւոր Ամերիկայի մէջ է, մինչդեռ միտքը այնտեղ է՝ «հին ու աւանդական» քաղաքին մէջ, ուր «օրերը գեղեցիկ էին», իսկ «ժամանակները՝ բարի». «Եւ այս հինով ապրելու համար, նոյն այդ անցեալս վերապրելու եւ զգալու համար շատ յաճախ փակեցի աչքերս: Կարծես աշխարհի սիրտը հոն էր, որ կը բաբախէր, ու ես կը լսէի անոր յստակ տրոփիւնը»:
«Դրախտային» քաղաքին մէջ ամէն ինչ իտէալական է. այնտեղ բոլորը համերաշխ են եւ հաշտ աւանդոյթներու հետ. նորն ու հինը կողք կողքի են. կը թուէ՝ չկայ հակասութիւն, չկայ բախում. «Հալէպը, մե՛ր Հալէպը, ինծի համար ուրիշ քաղաք մըն էր: Իր աղմուկով, իր փոշիով, իր բազմակենցաղ իրավիճակով, բայց եւ անպայման իր հայկականութեամբ տարբեր էր աշխարհի միւս քաղաքներէն, յատկապէս այս իմ ապրած երկրէս խորհուրդէ զուրկ քաղաքներէն: Անոնք չունին իրենց մէջ կեանքի ալեկոծուած ծովեր կամ խորը մխրճուած արմատներ եւ խորհրդաւոր անցեալներ: Հալէպը ասոնցմով փոխարինել կամ ասոնց հետ բաղդատել կարելի չէ»:
Իր ստեղծագործական համակարգը Գէորգ Պետիկեանը կը կառուցէ երկու աշխարհներու հակադրութեան վրայ. մէկ կողմը՝ ծննդավայրն է, երանելի անցեալը, հայկական ոգին, իսկ միւս կողմը՝ «հին» քաղաքի հակապատկերն է՝ «հսկայ երկիրը»՝ Ամերիկան. «Մենք եկած ենք Ամերիկա կոչուած այս խառնարանին մէջ կամովին ձուլուելու», տագնապով եւ սթափ գիտակցումով կը նկատէ արձակագիրը:
Գրողը կը փաստէ՝ Ամերիկայի մէջ չկան «հայկականութեան միջնաբերդեր». նորն է, որ շարունակաբար կը յաղթէ հինին՝ լեզուի նահանջ, աւանդոյթներու մոռացում, աւանդական ընտանիքի քայքայում: Ինքնութեան կորուստի ճանապարհը բըռ-նած են նաեւ Գէորգ Պետիկեանի հերոսները. «Յուսախաբութի՞ւն թէ ոչ՝ ճգնաժամ» պատմուածքին մէջ հայկական միօրեայ վարժարանի երբեմնի լաւագոյն սանը՝ Թամարը, դպրոցը աւարտելէ որոշ ժամանակ անց չի կրնար նոյնիսկ իրեն ուղղուած հայերէն բացիկը կարդալ: Նոյն կերպով «Մեզի եւ իրենց» պատմուածքի հերոսուհին՝ Անահիտը, կը յիշէ, որ ինքն ալ արմատներով հայ է, սակայն հայութենէ այլեւս ոչինչ կայ, թերեւս միայն անունը. «խե՜ղճ հայութիւն», ցաւով կը փաստէ գրողը՝ հասկնալով, որ անահիտներու կամ թամարներու համար «փրկութիւն» չկայ. հայութիւնը կը շարունակէ «մաշիլ» օտար երկինքներու տակ. «Հապա մեր հարսերը..., հապա մեր գալիք թոռները...: Արդեօք պիտի մնայի՞ն կամ գոյատեւէի՞ն իբրեւ հայեր, իբրեւ մեր ընտանիքի հարազատ զաւակներ, թէ՞ ոչ, պիտի խառնուէին այս մեծ ամբոխին ու կորսուէին», տասնեակ տարիներ անց շահնուրեան նոր նահանջի ահազանգը կը հնչեցնէ Գէորգ Պետիկեան եւ կը յիշեցնէ՝ սա՛ է սփիւռքեան իրականութիւնը. այստեղ բոլորս դատապարտուած ենք:
Գէորգ Պետիկեան, մատը դնելով ազգային վէրքերուն, ցոյց կու տայ մեր բացթողումները, սթափութեան եւ համախմբումի կոչեր կ՚ընէ՝ յիշեցնելով, որ հայրենիքէն հեռու հայը «յաւերժական թափառական է», եւ այս գոյամարտին մէջ պարտութիւնը անխուսափելի է. «հայկականութեան ամրոցները» ի վերջոյ կը փլուին:
Գէորգ Պետիկեան այսօր ալ կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ՝ իր գրիչը ծառայեցնելով հայ մշակոյթին, հայ գրականութեան եւ հայոց լեզուին: Գրողի համար հայօրէն գոյատեւելու զոյգ հանգրուաններ կան՝ հայրենիքը՝ իբրեւ «յաւերժական արժէք» եւ մայրենին՝ իբրեւ «հայութեան տուն», իբրեւ արթմնի գիտակցութիւն:
ՆԵԼԼԻ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆ
«ՍՓԻՒՌՔ» ԳԻՏԱՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵՆՏՐՈՆ
(Արեւմտահայերէնի վերածուած)