ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մարդ կեան­քի ըն­թաց­քին զա­նա­զան դէպ­քե­րու ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լայ, կ՚ապ­րի, կ՚ազդուի ու կը տպա­ւո­րուի, ո՛ր մէ­կը հա­ճոյք, ու­րիշ մէ­կը ցաւ կը պատ­ճա­ռէ. ո՛ր մէ­կը կ՚անց­նի կ՚եր­թա՜յ, ու­րիշ մէ­կը տեղ կը գրա­ւէ մտքին ու սրտին մէկ ան­կիւ­նը, միշտ կը մնայ որ­պէս ան­բու­ժելի վէ՛րք մը…։

Ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը, կար­ծեմ, ա­մե­նէն վի­րաւո­րիչ­նե­րէն մէկն է, ո­րուն մարդ կրնայ հանդի­պիլ յա­ճախ իր կեան­քին մէջ։

Ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը ան­բու­ժե­լի, ան­դար­մանե­լի վէր­քեր կը թո­ղու մար­դուս սրտին մէջ եւ խո­րա­պէս կը տպա­ւո­րէ մարդ­կա­յին միտ­քը։ Կան ո­մանք՝ որ կա­րե­ւո­րու­թիւն իսկ չեն տար ա­պե­րախ­տու­թիւն­նե­րու, քա­նի որ ա­նոնց հա­մար ա­պե­րախտ մար­դը՝ բա­րե­կամ չէ, թէեւ քիչ մը ծանր կը թուի, բայց ա­պե­րախտ մար­դը՝ «մա՛րդ» չէ, այլ՝ տմարդ։ Եւ մարդ չե­ղո­ղի հա­մար ցաւ զգալ, վշտա­նալ՝ ա­նի­մաստ է, այդ­պէս մտա­ծող­նե­րու եւ ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը այդ աչ­քով դի­տող­նե­րու հա­մար…։

Ե­րա­նի՜ այդ­պէս կա­րե­նար խոր­հիլ ա­մէն մարդ։

Ո­մանք, կար­ծեմ, մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մող մար­դիկ կը վի­րա­ւո­րուին, երբ ա­պե­րախ­տութեան հան­դի­պին, կը յու­սալ­քուին, կը վշտա­նան եւ կեան­քը ա­նի­մաստ կը թուի ի­րենց։ Բայց կրկնա­պա­տիկ կը վնա­սուին, քանի որ ա­պե­րախ­տը չի զգար, չ՚անդ­րա­դառ­նար իսկ ի­րենց վի­ճա­կին եւ կը շա­րու­նա­կէ ա­պե­րախ­տու­թեամբ մօ­տե­նալ, որ­պէս բնա­կան վար­մունք։ Ա­պե­րախ­տը ե­թէ անդ­րա­դառ­նար իր սխա­լին՝ ար­դէն ան ա­պե­րախտ չէր ըլ­լար։

Ար­դա­րեւ կեան­քի մէջ սխալ­ներ մեծ մա­սամբ «սխա՛լ» են, քա­նի որ են­թա­կան չ՚անդ­րա­դառնար սխա­լին եւ կը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թացքը։ Ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը տե­սակ մը ան­տար­բե­րու­թիւն կամ ան­գի­տակ­ցու­թիւն կա­րե­լի է նկա­տել, քա­նի որ ա­պե­րախ­տու­թեան նա­խա­պատ­ճառ­նե­րէն մին եւ գլխա­ւորն է՝ ան­տար­բե­րու­թի՛ւ­նը։

Ե­կէ՛ք սի­րե­լի­ներ, իմ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, տես­նենք, թէ ի՛նչ մօ­նե­ցում ու­նի ա­պե­րախ­տու­թեան նկատ­մամբ Սուրբ Գիր­քը, եւ դի­տենք այս ախ­տա­ւոր ե­րե­ւոյ­թը «հո­գե­ւոր աչք»ով ան­գամ մըն ալ։

Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ, թէ ա­պե­րախ­տու­թիւնը չա­րե­րուն բնա­ւո­րու­թիւ­նը եւ նկա­րա­գի՛րն է.

«Ու ա­ղէ­կու­թեան փո­խա­րէն գէ­շու­թիւն ը­նող­նե­րը ին­ծի դէմ կը կե­նան, վասն­զի ես ա­ղէ­կու­թեան ե­տե­ւէն կ՚եր­թամ» (ՍԱՂՄ. ԼԸ 20), եւ. «Վասն­զի մար­դիկ պի­տի ըլ­լան անձ­նա­սէր, ար­ծա­թա­սէր, ամ­բար­տա­ւան, հպարտ, հայ­հո­յիչ, ծնող­նե­րու անհ­նազանդ, ա­պե­րախտ, ան­սուրբ» (Բ ՏԻ­ՄՈԹ. Գ 2)։ Կը հե­տե­ւի, թէ ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը իր լայն ա­ռու­մով՝ բա­րի­քի դէմ չա­րիք գործել եւ չճանչ­նալ բա­րիք ու ա­մէն ար­ժէք. մսխում մը, վատ­նո՛ւմ մըն է ար­ժէք­նե­րու ու բա­րի­քի։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս ի­մաս­տով է, որ Սաղ­մո­սեր­գուն տրտունջ­քը կը յայտ­նէ մեծ նե­ղու­թեան մէջ. «Նաեւ իմ բա­րի­քիս տեղ չարիք հա­տու­ցա­նե­ցին ու իմ սի­րոյս տեղ՝ ա­տե­լու­թի՛ւն» (ՍԱՂՄ. ՃԹ 5)։ Եւ կար­ծեմ ապե­րախ­տու­թեան ա­մե­նէն ցա­ւա­լին եւ ծանր վի­րա­ւո­րո­ղը՝ ազ­գա­կան­նե­րու եւ կամ ան­կեղծ կար­ծուած բա­րե­կամ­նե­րու ա­պե­րախ­տու­թիւնն է, ինչ­պէս Յոբ կ՚ը­սէ. «Ազ­գա­կան­ներս զիս թո­ղու­ցին ու իմ ճան­չուոր­ներս զիս մոռցան» (ՅՈԲ. ԺԹ 14)։­

Իսկ հա­ւա­տա­րիմ կար­ծուած օգ­նա­կան­նե­րու, կամ խտրու­թիւն չդրուած ծա­ռա­նե­րու ա­պերախ­տու­թիւ­նը նոյն­քան ցա­ւա­լի՜ է եւ մտա­հո­գիչ. «Ծա­ռաս կան­չե­ցի ու ա­նի­կա պատաս­խան չտուաւ, թէեւ բե­րա­նովս ա­նոր ա­ղա­չե­ցի» (ՅՈԲ. ԺԹ 16)։ Ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն ա­պե­րախ­տու­թեան պատ­ճա­ռած վիշ­տը եւ ցա­ւը անմ­խի­թա­րե­լի է։ Ծա­նօթ կար­ծուած­նե­րու մէջ օ­տար զգալ, բազ­մու­թեան մէջ մի­նակ զգալ ինք­զինք, բա­րո­յա­կան չար­չարանք է, ինչ­պէս կ՚անդ­րա­դառ­նայ Յոբ եւ կ՚ը­սէ. «Իմ տունս բնա­կող­նե­րը ու ա­ղա­խին­ներս զիս ան­ծա­նօթ մէ­կը սե­պե­ցին ու ա­նոնց աչ­քին առ­ջեւ օ­տա­րա­կան ե­ղայ» (ՅՈԲ. ԺԹ 15)։

­Մարմ­նա­կան չար­չա­րան­քէն շատ ա­ւե­լի ծանր ու տա­ժա­նե­լի, ան­տա­նե­լի է՝ բա­րո­յա­կան չարչա­րան­քը։ Յոբ իր են­թար­կուած չար­չա­րանք­նե­րով տի­պա՛ր մըն է ամ­բողջ մարդ­կու­թեան։ Ան են­թար­կուած է ա­պե­րախ­տու­թեան ա­մէն աս­տի­ճա­նին, ա­մէն տե­սա­կին, ա­մէն մար­դու կող­մէ։

Իսկ նե­ղու­թեան մէջ գտնուող բա­րե­կա­մէ մը հե­ռու մնալ, օգ­նու­թիւն զլա­նալ, ա­պե­րախտու­թեան ու­րիշ մէկ տե­սակն է՝ միշտ ցա­ւա­լի՜, միշտ մտա­հո­գիչ.

«Սի­րա­կան­ներս ու ըն­կեր­ներս իմ չարչա­րան­քիս պատ­ճա­ռով հե­ռո՛ւ կը կե­նան, ազ­գա­կան­ներս ալ հե­ռու կը կե­նան» (ՍԱՂՄ. ԼԸ 11)։ Եւ ի՜նչ վատ զգա­ցում է մէ­կու մը՝ ո­րուն նե­ղու­թեան ա­տեն հե­ռա­նան իր վստա­հած­նե­րը։ Ա­պե­րախ­տու­թեան ա­մե­նէն վի­րա­ւո­րիչ կող­մը, որ յա­ճախ կը դի­մա­ւո­րուի մարդ։ Ո՞ր մէ­կուն վստա­հիլ, ո՞ր մէ­կուն ա­պաւի­նիլ՝ երբ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ա­մէն ազ­նիւ զգա­ցում կոր­սուած է եւ հա­ւա­տար­մութիւ­նը այ­լեւս ո­րե­ւէ նշա­նա­կու­թիւն չու­նի…։

Հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն­ներ եւ բա­րո­յա­կանու­թեան զգա­ցում­ներ կ՚ու­սու­ցա­նեն, թէ ա­պե­րախտ­նե­րու եւ ան­հա­ւա­տա­րիմ­նե­րու հետ սի­րով ու հա­ւա­տար­մա­բար պէտք է վա­րուիլ։ Մարդ­կա­յին միտ­քը ո՜ր­քան պէտք է ազ­նիւ ըլլայ, մար­զուած, որ կա­րե­նայ վարուիլ բա­րի՝ չա­րին դէմ։ Եւ ո՜ր­քան դժուար է մարդ­կա­յին բնու­թեան՝ չա­րին դէմ բա­րի, ա­տե­լու­թեան դէմ սի­րով եւ ա­պե­րախ­տու­թեան դէմ հա­ւա­տարմու­թեամբ վարուիլ։ Դժուար եւ ան­կեղծ ու ի­րա­տես ըլ­լանք՝ ան­կա­րե­լի բան է վի­րա­ւորուած մէ­կէ մը ա­ռողջ մար­դու պէս վա­րուիլ պա­հան­ջել։ Մարդ ե­թէ վի­րա­ւո­րուած է, զինք վի­րա­ւո­րո­ղէն «ար­դար հա­տու­ցում» պա­հանջե­լու ի­րա­ւուն­քը ու­նի, ի՛նչ որ բնա­կան է եւ չի հա­կա­ռա­կիր բա­նա­կա­նու­թեան։

Ար­դա­րեւ տես­լա­կա­նը եւ գործ­նա­կա­նը պէտք է միշտ զա­նա­զա­նել ի­րար­մէ եւ կա­րե­լին պա­հան­ջել են­թա­կա­յէն՝ ո՛չ ա­ւե­լին եւ ոչ ալ պա­կա­սը։ Ար­դա­րու­թիւ­նը ա՛յս կը պա­հան­ջէ…։ Ա­ռա­քեա­լը կը պա­տուի­րէ միշտ սէր ցոյց տալ ա­պե­րախտ­նե­րուն. «Ես մեծ յօ­ժա­րու­թեամբ ծախք պի­տի ը­նեմ, պի­տի ը­նեմ ու ծախք պի­տի ըլ­լամ ալ ձեր ան­ձե­րուն հա­մար, թէ­պէտ եւ ձեզ ա­ւե­լի՛ սի­րե­լովս ձեզ­մէ քիչ սի­րուիմ ալ» (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 15)։ Թէ ի՛նչ է ա­պե­րախ­տու­թեան հա­տու­ցու­մը կամ պա­տիժը։ Ա­ռա­կա­խօ­սը սա­պէս կ՚ը­սէ. «Ո՛վ որ ա­ղէ­կու­թեան փո­խա­րէն չա­րիք կը հա­տու­ցա­նէ՝ չա­րի­քը ա­նոր տու­նէն պա­կաս պի­տի չըլ­լայ» (Ա­ՌԱԿ. ԺԷ 13)։

«Աս­տուած իմ տա­ռա­պանքս ու իմ ձեռ­քիս աշ­խա­տու­թիւ­նը տե­սաւ ու ե­րէկ գի­շեր քեզ յան­դի­մա­նեց» (ԾՆՆԴ. ԼԱ 42)։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը ան­պայման պի­տի պատ­ժուի աս­տուա­ծա­յին ար­դա­րու­թեան հա­մա­ձայն իր ար­ժա­նի ե­ղած կերպով։

Իսկ Մար­գա­րէն այս մա­սին կ՚ը­սէ. «Մի­թէ աղէ­կու­թեան փո­խա­րէն չա­րիք կը հատուցուի՞։ Բայց ա­նոնք իմ ան­ձիս համար փոս փո­րե­ցին։ Յի­շէ՛, թէ քու առ­ջեւդ կայ­նե­ցայ, որ­պէս­զի ա­նոնց հա­մար բա­րե­խօ­սու­թիւն ը­նեմ ու քու բար­կութիւնդ ա­նոնց­մէ դարձ­նեմ։ Ա­նոր հա­մար ա­նոնց տղա­քը սո­վի՛ մատ­նէ ու զա­նոնք սու­րին ձեռ­քը յանձ­նէ՛։ Ա­նոնց կի­նե­րը ան­զա­ւակ ու որ­բե­ւա­րի թող ըլ­լան եւ այ­րե­րը թող մեռ­նին ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պա­տե­րազ­մի մէջ սու­րով թող զար-նըւին» (Ե­ՐԵՄ. ԺԸ 20-21)։ Ուս­տի պա­տի­ժը պէ՛տք է հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լայ յան­ցան­քին, այս ի­մաս­տով ու նպա­տա­կով հասկ­նա­լու է վե­րո­յի­շեալ տո­ղե­րը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 3, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2015