ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ
Ե.
Սենեակին ընտրութիւնը: Օդը: Արեան մասին: Լոյսը, արեւը եւ անոնց նշանակութիւնը: Սենեակին օդը ինչէ՞ս կ՚աղտոտի: Նկուղները, վառարանները, լամբը, մանկիկին արտաթորութիւնները, փոշին: Մանկանոցի կահաւորութիւնը: Օրօրո՞ց, ճօճա՞ն, թէ՞ մահճակալ: Օրօրումը եւ օրօրոցի երգը: Մանկիկին քունը:
Օդը կ՚ապականի նաեւ երեխային արտատորութիւններէն:
Մանկիկին աղտոտած փաթաթանները անմիջապէս սենեակէն դուրս պիտի տարուին, իսկ աւելի մեծ երեխաները պէտք է ամանի վրայ նստեցնել: Բժիշկ Րաուխվուս խորհուրդ կու տայ խուփով աման գործածել, եւ երեխան վրան նստեցնելէ առաջ, մէջը քիչ մը ջուր եւ աւազ լեցնել: Դուրս գալէն յետոյ բերանին խուփ կը դնեն եւ դուրս կը տանին: Յարմարութեան համար փոքրիկ աթոռի մը նստատեղիին վրայ ծակ կը բանան ու ամանը մէջը կը դնեն, որպէսզի երեխան յարմար նստի: Դուրս գալէն ետք մանկիկին ետեւը կը սրբեն բարակ փափուկ թուղթով մը, իսկ եթէ այդ նպատակով բարակ լաթ կը գործածեն, այդ լաթը պէտք չէ սենեակին մէջ պահել, որպէսզի օդը չապականի, այլ՝ դուրս կը տանին եւ կը լուան:
Բացի այս բոլորէն, սենեակը պէտք է այնպէս պահել, որ օդին մէջ փոշի չըլլայ: Իսկ փոշի անպատճառ կ՚ըլլայ, երբ սենեակին մէջ գորգեր փռած են ու փափուկ կարասիք դրած են, երբ պատուհաններէն եւ դռներէն վարագոյրներ կախուած են, երբ սենեակին մէջ հագուստի կտորներ թափ կու տան, կամ երբ սենեակը չոր աւելով կ՚աւլեն:
Ուրեմն, մանկանոցը պէտք է ազատ ըլլայ այս բոլոր փոշի պարունակող առարկաներէն, -այն պէտք է պարզ կահաւորուած ըլլայ: Փոքրիկ մանկիկին շատ բան հարկաւոր չէ. փոքրիկ մահճակալ մը, սեղան-պահարան մը, վաննա մը, պարզ սեղան մը, որու վրայ մի քանի անհրաժեշտ իրեր դրուած ըլլան, երկու աթոռ, յետոյ մահճակալ մըն ալ մօր կամ ծծմօր ու դայեակին համար, եւ բաւարար է: Յատակին ո՛չ փռուածք, ո՛չ վարագոյրներ, ո՛չ ալ պատերուն գամած գորգեր, եւ այլն:
Բայց ինծի կ՚ըսէք.- դուք հարուստ ընտանիքներու մասին կը խօսիք, իսկ ի՞նչ ընեն աղքատները, որոնց տան յատակին նոյնիսկ տախտակամած ալ չկայ, առաստաղէն հող կը թափի եւ պատերէն աւազ, ուր ձէթի ճրագ կամ ծուխ տուող լամբ կը վառի ու թոնիրն ալ կը ծխայ…
Այսպիսի պայմաններու մէջ, անշուշտ, հնարաւոր է մանրակրկիտ մաքրութիւն պահպանել, սակայն այդտեղ եւս կարելի է չարիքը մաքրութիւնով պակսեցնել: Յաճախ մաքրել սենեակին օդը, աւլած ժամանակ ջրջնկել եւ թաց աւելով սրբել, փռուածքը դուրս տանիլ թափ տալու, եւ այլն. իսկ ամառը, տաք օրերուն, ինչքան հնարաւոր է, երեխան դուրսը պահել: Գիւղացիներուն համար մխիթարութիւն մը կայ, այն որ, գիւղերուն մէջ օդը մաքուր է եւ երեխաները դեռ վատասերուած չեն, առողջ կը ծնին, առողջ ալ կը զարգանան շնորհիւ այն բանին, որ բնութեան գիրկին մէջ կ՚աճին:
Օրօրո՞ց, ճօճա՞ն թէ՞ մահճակալ. օրօրոցին գործածութիւնը բոլորովին պախարակելի է. ան ուղղակի անտանելի բանտ մըն է երեխային համար: Առհասարակ, անոր վրայ բորբը (փոքրիկ անկողին) կը նետեն, եւ վրան փոքր էակը կը պառկեցնեն, կը փաթթեն, կը պարուրեն եւ յետոյ պինդերով ինչքան ուժ ունին, կը սեղմեն, կը տափակցնեն խեղճին թեւերը, կուրծքը, փորը, ոտքերը:
Ճօճանը (ճղճորը) գրեթէ նոյն բանն է:
Օրօրոցը երկաթէ շինուած կ՚ըլլայ, կամ խսիրէ ու ծառի ճիւղերէ գործուած: Հարուստները կրնան շատ սուղ եւ գեղեցիկ օրօրոցներ գնել, բայց աղքատին համար բաւարար են հասարակ փայտէ օրօրոցները: Աւելի յարմար կը գտնենք պարզ երկաթէ կամ փայտաշէն փոքրիկ անկողինները, որոնց մէջ երեխան կրնայ ազատ պառկիլ եւ շարժուիլ առանց վար իյնալու: Ասոր համար բաւական է, որ մահճակալը ճաղերով պատուած ըլլայ: Փայտէ անկողինը շատ արժան է եւ կարելի է ամէն տեղ շինել: Շատ յարմար են նոյնպէս զամբիւղները: Օրօրորցը թէ մահճակալը գետնէն պէտք է նուազագոյնը 11/2 արշին բարձր ըլլան: Բորբը լաւ է ձիու մազով, թեփով, չորցած փիլիկով, ծովաբոյսով, տերեւներով, ու նոյնիսկ դարմանով լեցնել: Անոր վրայ թաղիք (քեչէ) կը փռեն կամ եափունջու կտոր, փափուկ հագուստով կը ծածկեն, իսկ ասոր վրայ պարուր կը դնեն: Օրօրոցի վրայէն պէտք չէ հաստ հագուստ ծածկել, այլապէս երեխային շունչը կրնայ կտրուիլ. անհրաժեշտ է կա՛մ մէկ կողմը բաց ձգել, կամ ծածկոցը կիսէիէ կամ ուրիշ թափանցիկ կտորէ մը կարել, որ օդափոխութիւնը չարգիլէ: Թափանցիկ կիսէիէ վարագոյրը երեխան կը պաշտպանէ թէ՛ ճանճերէն ու մոծակներէն, թէ՛ մասամբ քամիէն ու լոյսէն: Աւելորդ է խօսիլ, թէ ինչքան վտանգաւոր է երեխան ծոցը առնել: Բացի այն, որ մայրը քունի մէջ կրնայ ուղղակի խեղդել զինք, երեխան վատ օդ կը շնչէ ուրիշի ծոցին մէջ, ուրիշին քրտինքն ալ վնասակար է անոր:
Օրօրումը եւ օրօրոցի երգը իբրեւ քնացնող միջոց կը գործածեն բոլոր երկիրներու մէջ: Սարսափելի է տեսնել, ի՛նչպէս մայրերը կամ տան միւս երեխաները զօրաւոր կերպով կը թեքեն օրօրոցը մէկ կողմէն միւսը: Կարելի է հասկնալ, թէ ի՜նչ պիտի զգայ այն խեղճ մանկիկը այս սարսափելի տարուբերումին մէջ, ի՜նչպէս պէտք է ցնցուին անոր ուղեղն ու աղիքները: Քնացնելու այս միջոցը վերին աստիճանի վնասակար միջոց մըն է, որ ո՛չ մէկ սիրող մայր պէտք է թոյլ տայ: Ճշմարիտ է, օրօրած ատեն երեխան կը սկսի քնանալ, բայց այս քունը տեսակ մը ստիպողական քուն կը դառնայ, որ չի՛ կրնար բնական համարուիլ: Ասիկա տեսակ մը հիպնոսացում է, որ կը կատարուի միանուագ տարուբերումի եւ չղչիկներու չխչխկոցի ու երգի ազդեցութեան տակ: Երեխայ մը, որ օրօրոցի նանիկը սորված է, այլեւս չի քնանար առանց ատոնց ու սաստիկ լալկան կը դառնայ: Պէտք է երեխային որոշ ժամերու ծիծ տալ ու պառկեցնել հանդարտ տեղի մէջ. այն ատեն ան բնականապէս կը քնանայ:
Մանկիկին քունը. երեխայ մը, որ ազատ ձգուած է, գրեթէ միշտ աջ կամ ձախ կողքի վրայ կը քնանայ, եւ այս դրութիւնը պէտք է բնական համարել: Մէջքին վրայ պառկած երեխան երբեմն կրնայ ուղղակի խեղդուիլ քիթին կամ կոկորդին լորձունքներէն. երբեմն ալ կը պատահի, որ ան կը փսխէ, փսխածը կոկորդին ու շնչափողին մէջ կը մնայ, ներսէն կը լեցուի (Եւստախեան խողովակով) ականջը եւ կրնայ ականջին մէջ սարսափելի բորբոքում յառաջացնել: Այս եւ ուրիշ պատճառներով պէտք չէ ստիպել շատ ու քիչ կազդուրուած երեխաներուն անպայման մէջքի վրայ քնանալ, այլ պէտք է ազատ ձգել զանոնք, եւ անոնք բնազդումով կ՚ընդունին ամենէն յարմար եւ բնական դիրքը:
Բնական քունէն երեխան բնական կերպով ալ պիտի արթննայ: Անոր քունը այնքան խոր է, որ սենեակին մէջ եղած խօսակցութեան ձայնը անոր ականջը չի՛ հասնիր եւ չի՛ զարթնեցներ զինք: Սակայն, սենեակին մէջ պէտք չէ աղմուկ ընել. ան կրնայ քունէն վեր թռիլ ու վախնալ: Եթէ կարիք կայ անպատճառ արթնցնել զինք, այդ մէկը պէտք է մեղմ կերպով ընել:
Նորածին երեխան, մինչեւ մէկ ամսական հասակը, գրեթէ միշտ քնացած վիճակի մէջ է, ան կ՚արթննայ միայն ծիծ ուտելու համար: Այնուհետեւ կամաց-կամաց քունը կը պակսի, բայց դեռ 2-3 տարեկան մանուկը օրուան մեծ մասը քունի մէջ կ՚անցընէ: Պէտք է ցերեկն ալ քնացնել զինք: Աւելորդ է բացատրել, թէ ինչքան կարեւոր է հանգիստ եւ կազդուրիչ քունը մանկիկին համար: Փոքր երեխաները ամէն տեղ կը քնանան եւ բոլոր պարագաներուն, անոնք կը սիրեն մօր գիրկին մէջ քնանալ, բայց ատիկա պէտք չէ թոյլատրել: Թարմ օդը անոնց վրայ քնեցուցիչ ազդեցութիւն ունի. այս է պատճառը, որ անոնք գրեթէ միշտ զբօսանքի ժամանակ կը քնանան:
Գիշերը երեխաները յաճախ կ՚արթննան կա՛մ անօթութենէն կամ իրենց տակը թացուցած ըլլալուն պատճառով, եւ այլն: Սակայն, թէ՛ մայրերուն եւ թէ նոյնիսկ իրենց երխաներուն առողջութիւնը կը պահանջէ, որ գիշերները երկուքն ալ հանգիստ ըլլան: Ատոր համար լաւ է երեկոյեան ժամը 9-10 ծիծ տալ երեխաներուն: Այն ատեն բաւական կ՚ըլլայ գիշերը անգամ մը միայն վեր կենալ, կրկին ծիծ տալու համար: Գիշերուան ծիծ տալու ժամանակ պէտք է զայն ամանի վրայ բռնել, որպէսզի տակը չընէ, իսկ եթէ արդէն տակը ըրած է, պէտք է մաքրել ու չորցնել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 11
Վաղարշապատ