ՊՂՏՈՐ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ
Լիբանանի մէջ քաղաքական լուծումներու հեռանկարները կը շարունակեն մնալ աղօտ։ Վերջին օրերուն հրապարակ հանուած՝ երկխօսութիւն կայացնելու ուղղեալ երկրի խորհրդարանի նախագահին կոչերը եւ առաջարկները տեղ մը օդին մէջ մնացին, երբ լսելի դարձաւ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահին՝ Սամիր Ժաաժայի շատ աւելի վճռական ձայնը։ Ան կտրականապէս մերժեց այս իշխանախումբին հետ երկխօսութեան սեղանի շուրջ նստելու առաջարկները, նաեւ հաստատեց, որ իրենք պատրաստ չեն զիջումներ կատարելու եւ վճռած են երթալ մինչեւ վերջ։ Այդ մինչեւ վերջ մօտեցումը, բնականաբար, կը նշանակէ, որ Լիբանանի ներկայ պատկերը պիտի շարունակէ տեւել։
Ի դէպ, երկրի քաղաքական վերնախաւը՝ համայնքային ղեկավարներ, կուսակցապետներ կամ քաղաքական գործիչներ, բոլորն ալ լուծումներուն հենքը կը կապեն նոր նախագահ մը ընտրելու օրակարգին հետ։ Որքա՛ն ճիշդ է այդ մօտեցումը՝ տակաւին պարզ չէ, սակայն բոլորն ալ կը վախնան պարզ կամ սովորական գործունէութիւն յառաջ մղելէ։ Թերեւս այդ մէկը անմիջապէս կ՚առընչուի որոշակի բայց կարեւոր գործերու, որոնք կրնան ձեւով մը Լիբանանի քաղաքացիներու կեանքը հեշտացնել։ Վախը, անշուշտ, կապ ունի այդ բարեկարգչական աշխատանքներու կատարման ընթացքին մեծ «ականներ»ու դէմ յանդիման մնալու հետ, ինչ որ կրնայ աւելիով արժեզրկել նոյն այդ վերնախաւի կարգ մը ազդեցիկ դէմքերը։
Ելեկտրականութիւնը, անշուշտ, պերճանք մըն է այդ պարագային, անկէ առաջ կայ դեղամիջոցներու, սովորական հացի, վառելանիւթի կամ նոյնիսկ «արգելափակող» դրամատուներէն կոկիկ գումարներ ստանալու իրաւունքի խնդիրները։ Այդ բոլորը կը շարունակեն անդամալուծել Լիբանանի միջին խաւի քաղաքացիին կեանքը եւ կը մեծցնէ անորոշութիւնը եւ ահը՝ առօրեայի հունին մէջ։ Լիբանանի ներկայ իրականութիւնը կը պարունակէ ներքին պայթումի առաջնորդող ազդակներ եւ այդ հարցերու անլոյծ մնալը մօտաւոր ապագային ալ կրնայ նոր որոգայթ մը դառնալ՝ կերպով մը տանելի դարձած կարգավիճակին համար։
Այսօր յստակ է, որ կան երկու բեւեռներ, որոնք կը ձեւաւորեն Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքը։ Առաջինը՝ «Հիզպուլլահ»ն է իր դաշնակիցներով, ուժական ներկայութեամբ, տարածաշրջանային կարողականութեամբ ու մանաւանդ՝ վերջին տարիներու փորձառութեամբ։ Երկրորդը՝ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնն է, որուն փորձառութիւնը կու գայ հինէն, իսկ քաղաքական յառաջատար դիրք մը գրաւելու ներուժը փոխկապակցուած է Լիբանանի մէջ նախապէս տեղի ունեցած խորհրդրանական ընտրութիւններու արդիւնքներով, երբ «Լիբանանեան ուժեր»ը կարողացաւ խորհրդարան հասցնել իր թեկնածուները։
Այս երկու ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծողը նախկին նախագահ զօրավար Միշել Աունի գլխաւորած «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնն է, որուն երիտասարդ առաջնորդը՝ նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ վերջին ժամանակներուն մեծ խուսանաւումներ կատարեց եւ «Հիզպուլլահ»էն երես թեքելով անցաւ ընդդիմութեան կողմը։ Ան յայտարարեց, որ զօրավիգ է նախագահական թեկնածու Ժիհատ Ազհուրին։
Ներկայ իրավիճակը այս է ու աւելի քան բացայայտ է, որ Լիբանանի ընդդիմութիւնը, որ բոլորուած է «Լիբանանեան ուժեր»ուն շուրջ, վճռական է իր մօտեցման մէջ։ Այդ մօտեցումը եթէ փորձենք ամփոփել կարճ տողերով, ապա պիտի տեսնենք, որ «Լիբանանեան ուժեր»ը, որ կը վայելէ առաւելաբար Սէուտական Արաբիոյ ու նուազ չափով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նեցուկը, այլեւս դէմ է երկրի «համաձայնական» իրավիճակի կամ ստեղծուած քոնսենսիւսային իրադրութեան շարունակման։
«Յանուն կեդրոնական պետութեան մը» խորագրով յառաջ տարուող այս պայքարին մէջ «Լիբանանեան ուժեր»ը ունի շատ տխրահռչակ անցեալ մը եւ կը համարուի երկրի կեդրոնական պետութիւնը «բզկտած» ու զայն իր նեղ համայնքային շահերուն ծառայեցուցած միաւոր մը, սակայն այսօր պատկերը բոլորովին այլ է։ Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ այն փաստը, որ «Լիբանանեան ուժեր»ը իր այս պայքարը կը տանի միանալով տարածաշրջանի այն ուժերուն, որոնք կը պահանջեն Իրանի ազդեցութեան նուազիլը ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ Սուրիոյ մէջ։
Միւս կողմէ, թիրախային այս պայքարը ունի արդարացի հիմնաւորումներ, որովհետեւ «Հիզպուլլահ» կորսնցուց իր «համարաբական» շապիկը եւ դարձաւ նեղ համայնքային օրկանական ուժ մը, որ կը փորձէ կերտել «շիի մինի-հանրապետութիւն» մը՝ իր լրացուցիչ բոլոր մակարդակի դրոյթներով։
Գոյութիւն ունի նաեւ այլ նրբութիւն մը, որ վերջին շրջանին տատանեցաւ, քրիստոնէական (Աունական) այն նեցուկն էր, որ «Հիզպուլլահ»ին թոյլ կու տար խօսիլ համալիբանանեան լեզուով մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի։ Այստեղ կը ծագի հարցում մը, թէ արդեօք «Հիզպուլլահ»-«Ամալ» լծակցութիւնը պիտի կարողանա՞յ նախագահի ընտրութեան նիստի մը գումարումը ապահովել եւ քրիստոնեայ ղեկավարներուն համար «Սուրիոյ մարդ» եւ հակառակորդ համարուող իր վճռական թեկնածուն՝ Սլէյման Ֆրանժիէն հասցնել նախագահի աթոռին։ Հարցը այստեղ միայն նախագահ ընտրելը չէ, այլ կայ աւելի խորքային ընկալում մը, ըստ որու քրիստոնեայ հատուածներ (նոյնիսկ Աունի եւ Պասիլի հետեւորդները) այլեւս չեն ուզեր վերջին նախագահ Աունի օրերու կարգավիճակով շարունակել խաղը։
Ճիշդ է՝ Պասիլ, որ «մասնակի» ապահարզան յայտարարեց եւ փորձեց հեռանալ «Հիզպուլլահ»էն, այժմ ալ կը շարունակէ բանակցութիւններ վարել, սակայն անոնց կարեւորագոյն կէտը այն է, որ Սլէյման Ֆրանժիէի ընտրուելէն ետք պէտք ունին յաւելեալ տեղական-տարածաշրջանային իրաւասութիւններու։ Այդ կերպով թերեւս Պասիլ նոր գնդակ մը նետէ քաղաքական դաշտին մէջ՝ իր կողմը հաւաքելով բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ Լիբանանի մէջ «լուծումներու լուծում»ը կը կայանայ համադաշնակցային պետութեան մը կերտման մէջ։
Ահա՛, այս մթնոլորտին մէջ է, որ «Լիբանանեան ուժեր»ը իր նախագահի բերնով ծանր հարուած մը կու տայ համաձայնութեան մասին խօսող բոլոր ձայներուն ու կը վերահաստատէ այն վարկածը, թէ ներկայիս երկրին մէջ լուծումներու փուլը տակաւին երեւելի չէ. իրավիճակ մը, որ առաւելաբար կը խօսի վատ բեմագրութիւններու հաւանականութեան մասին, անշուշտ, եթէ Սամիր Ժաաժայի խօսքերը ունին արտաքին նեցուկ եւ կամ կանաչ լոյս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան