ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Քսու մարդուն մասին խօուա՞ծ է Առակաց գիրքին մէջ:
Պատասխան. Այո՛: Իմաստունը այսպէս կը գրէ քսու մարդու մասին. «Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են ու անոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ՚իջնեն» (Առ 18.8):
Քսութիւնը մեղք է, եւ որպէս այդպիսին ներառուած է մեղքերու խոստովանութեան ցանկին մէջ: Բառարանները մեզի հետեւեալ բացատրութիւնը կու տան քսութեան մասին.
Զրպարտութիւն, բամբասանք:
Արդարեւ, քսութիւնը ընդհանրապէս մարդ կը կատարէ ուրիշմի մը բացակայութեան, եւ յաճախ ալ տուեալ անձին ներկայութեամբ, որով իր խօսքերը այնպէս մը կը ներկայացնէ, որ Իմաստունին ըսելով քաղցր պատառներու պէս մինչեւ փորին շտեմարանները կ՚իջնեն:
Մարդիկ ընդհանրապէս կը սիրեն քսու մարդոց խօսքերը լսել, որովհետեւ հաճելի կը թուի իրենց եւ հաճոյք կը ստանան այս խօսքերէն: Այստեղ մէկ բան պէտք է մատնանշել սակայն, որ այս պարագային թէ՛ քսու մարդը եւ թէ քսութիւն լսող սիրողները, բոլորն ալ Աստուծմէ հեռացած կեանքով է որ կ՚ապրին, ու Աստուած այդպիսիներուն կեանքին մէջ ներկայ չէ: Աւելին, այդպիսիները անգիտակ են Աստուծոյ օրէնքներուն եւ կամքին, եւ առ այդ այդպիսի ունայնութիւններով կը զբաղին ու կ՚ուրախանան:
Իսկ անոնք որոնք իրենց նմաններուն ետեւէն կը խօսին, ապա կը զրպարտեն, որովհետեւ անոնց ներկայութեան եթէ համարձակութիւն չունին խօսելու, ապա իրենց խօսքը զրպարտութեան ու բամբասանքի կը վերածուի: Անապատական հայրերէն՝ Հայր Մարկոս այսպէս կ՚ըսէ. «Ինչ որ եղբօրդ ներկայութեան չես կրնար ըսել ու զայն անոր բացակայութեան կ՚ըսես քսութիւն ու զրպարտութիւն է: Ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հետաքրքրասիրութիւն կամ մտահոգութիւն, որ աստուածպաշտութեան բարելաւման չի՛ ծառայեր, աշխարհիկ զբաղմունք է»:
Դարձեալ անապատական հայրերէն՝ Հայր Եսայիին կը հարցնեն, թէ ի՞նչ է քսութիւնը: Ան պատասխանած է.
«Այդ Աստուծոյ փառքին անգիտութիւնն ու ուրիշներուն նկատմամբ ատելութիւն ունենալն է»:
Քսութիւնը, այլ խօսքով զրպարտութիւնն ու բամբասանքը որոշակի առումով առընչութիւն ունին ոսկեայ կանոնին, այսինքն՝ գրեթէ նոյն սկզբունքի տակ կ՚իյնան, որովհետեւ չկա՛յ ոեւէ մէկը, որ ուզէ բամբասեն կամ զրպարտեն զինք, հետեւաբար, եթէ մարդ չ՚ուզեր որ բամբասեն ու զրպարտեն զինք, նախ եւ առաջ ինք պէտք չէ բամբասէ ու զրպարտէ: Այս առումով կ՚արժէ Թերթիս վաստակաշատ գրիչներէն՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանին հետեւեալ տողերը կարդալ.
«Կ՚ուզե՞նք որ մէկը մեզի իրաւացի թէ անիրաւ բամբասէ. ի հարկէ ո՛չ. ուրեմն մենք ալ չսիրենք ուրիշը բամբասել։ Կ՚ուզե՞նք որ մէկը մեր մասին որեւէ քսութիւն եւ զրպարտութիւն ընէ. բնականաբար ո՛չ. ուրեմն մենք ալ զգուշանանք ուրիշի մասին նոյնը ընելէ: Կ՚ուզե՞նք որ մէկը մեր աշխատութեան արդար վաստակը գողնայ կամ յափշտակէ. անշուշտ թէ ոչ. ուրեմն մենք ալ ուրիշին վաստակը իւրացնելու բաղձանքէն իսկ խորշինք եւ հրաժարինք։ Կ՚ուզենք որ մէկը մեր եւ մեր հարազատներուն պատուոյն յարձակի. անտարակոյս ո՛չ. ուրեմն մենք ալ ուրիշներուն պատիւը արատաւորելէ ինքզինքնիս զգոյշ եւ հեռու պահենք։
Մէկ խօսքով, քանի որ չենք ուզեր որ ուրիշին որեւէ մէկ անիրաւութեան եւ չարիքին նշաւակ ըլլալ, մենք ալ ուրեմն, ըստ կարելւոյն ջանա՛նք ուրիշի ինչեւէ նիւթական եւ բարոյական վնաս ու չարիք հասցնելէ»:
Հ. Առակաց 18.9-ին մէջ հետեւեալ նախադասութեան հանդիպած եմ. «Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է, շռայլ մարդուն եղբայրն է». անհասկնալի է, ինչպէ՞ս կրնայ ծոյլը շռայլ մարդուն եղբայր ըլլալ, չէ՞ որ շռայլութիւնը հարստութիւն կ՚ենթադրէ, իսկ ծուլութիւնը՝ աղքատութիւն: Կրնա՞ք բացատրել:
Պ. Այստեղ խօսքը բառացիօրէն պէտք չէ՛ ընկալել: Իմաստունը այստեղ երբ այս նմանութիւնը կը կատարէ, կը կատարէ այն հասկացողութեամբ, որ թէ՛ աշխատանք չսիրողը, այսինքն՝ իր գործին մէջ թոյլ եղողը, եւ թէ՛ ալ հարստութիւն ունեցողը եւ իր այդ հարստութիւնը շռայլօրէն օգտագործողը, իրականութեան մէջ իրենց ունեցած հնարաւորութիւնն է որ կը կորսնցնեն, այլ խօսքով՝ աշխատող մարդը, դադրելով աշխատանքէ կամ ծուլանալով իր աշխատանքին մէջ, իր ունեցած թանկագին ժամանակն է որ կը վատնէ, իսկ շռայլ մարդը՝ իր ունեցած հարստութիւնը: Երկուքի պարագային ալ ժամանակ կու գայ, երբ թէ՛ ժամանակը եւ թէ՛ հարստութիւնը կը փնտռեն, սակայն աշխատողը իր կորսնցուցած ժամանակը չի՛ գտներ, իսկ շռայլը՝ իր կորսնցուցած հարստութիւնը, վկայ անառակ որդին, որ իր հօրմէն ստացած հարստութիւնը շռայլօրէն վատնելէ ետք, խոզերու կերէն սկսաւ ուտել…
Ժամանակ ունի՞ս, ժամանակ տրուա՞ծ է քեզի, հետեւաբար լաւագոյնս օգտագործէ այդ ժամանակը քու հոգիիդ շինութեան ու փրկութեան համար, այլապէս վաղը կամ միւս օր կրնայ այսօրուան ունեցած ժամանակդ խլուի քեզմէ եւ դուն քեզ անդունդի եզրին գտնես:
Հարտստութի՞ւն ժառանգած ես, հարստացա՞ծ ես ճակտի քրտինքով, սակայն այս վաստակածդ հարստութիւնը քեզ կուրցուցած է եւ քեզ շռայլութեան գիրկը նետած, ապա լսէ՛, թէ Պօղոս առաքեալը իր աշակերտ Տիմոթէոսին ի՞նչ խրատ կու տայ՝ յորդորելու համար հարուստները.
«Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք: Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ: Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար» (Ա. Տմ 6.17-19). Առաքեալի այս խօսքին նախատիպարը կը գտնենք նոյնինքն Առակացի մէջ, երբ կը կարդանք. «Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է ու անոր երեւակայութեանը մէջ բարձր բերդի պէս է» (Առ 18.11):
Հետեւաբար, մարդ կոչուած է իր ունեցած ժամանակը լաւագոյնս օգտագործելու եւ ծառայեցնելու իր հոգիին փրկութեան համար, իսկ իր հարստութիւնը պէտք է օգտագործէ ու ծառայեցնէ հանդերձեալին մէջ ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար:
Հ. Առակաց 18.10-ին մէջ կը կարդանք. «Տիրոջ անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ՚ունենայ»: Կրնա՞ք բացատրել:
Պ. Թոյլ տուէք որ խօսքը տամ Ղպտի Եկեղեցւոյ Հայրերէն Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթիին: Ան կը գրէ.
«Տիրոջ անունին դիմելը աստուածային աշտարակէն ներս մտնել կը նշանակէ, ուր պահպանութիւն կը գտնէ ան՝ ով իր մէջ կ՚ընդունի Աստուծոյ ներգործութիւնը: Իսկ չարը, չապաշխարողը, Տիրոջ անունէն չ՚օգտուիր, որովհետեւ զայն իր անձին շինութեան համար չի՛ գործածեր, այլ՝ աշխարհիկ նպատակներ իրագործելու համար: Գործ Առաքելոցին մէջ կը կարդանք. “Քանի մը հրեաներ, որոնք շրջուն երդմնեցուցիչներ էին, մարդոցմէ չար ոգիները հանելու համար յանդգնեցան Տէր Յիսուսի անունը գործածել, ըսելով.
-Երդումով կը հրամայեմ ձեզի՝ այն Յիսուսին անունով, որ Պօղոս կը քարոզէ:
Այս բանը ընողները Սկեւա անունով հրեայ աւագ երէցի մը եօթը որդիներն էին:
Չար ոգին պատասխանեց, ըսելով.
-Յիսուսը գիտեմ, Պօղոսն ալ կը ճանչնամ. բայց դուք ո՞վ էք:
Եւ մարդը որուն մէջն էր չար ոգին, յարակեցաւ անոնց վրայ եւ մէկ առ մէկ բռնելով խոշտանգեց զանոնք, այնպէս մը՝ որ կիսամերկ ու վիրաւոր՝ փախան այդ տունէն” (Գրծ 19.13-16)»:
Որոգինէս կը գրէ.
-«Յիսուս» անունը փառաւոր է եւ արժանի՝ երկրպագութեան ու փառաբանութեան: Այն անունն է որ գերազանց է բոլոր անուններէն:
•շար. 60
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ