ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Է.
ՍԻՖԻԼԻՍ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ: Հիւանդին սպառնացող վտանգը: Ընտանիքին սպառնացող վտանգը: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը ժառանգներուն վրայ (վիժում, երեխաներու մահացում): Ժառանգական սիֆիլիսի արատաւոր երեւոյթները: Վատասեռումը եւ անոր նշանները: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը երկրորդ սերունդին վրայ: Սիֆիլիս ունեցողը կրնա՞յ ամուսնանալ, եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ: Ֆուրնիէի հինգ պայմանները: Սիֆիլիսը բուժելի հիւանդութիւն է: Բժշկութեան փրկարար ազդեցութիւնը: Բժիշկին դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ:
Մենք այս ախտի իսկութեան հետ ծանօթացանք:
Հիմա խօսինք այն դերի մասին, որ ան ամուսնութեան մէջ կը կատարէ:
Մեծ մասնագէտ մը, որու անունը գիտութեան մէջ հռչակուած է եւ որ սիֆիլիսի վերաբերեալ խնդիրներուն մէջ հեղինակութիւն է, Փարիզի փրոֆ. Ֆուրնիէն, շարք մը հատորներ գրած է այս հիւանդութեան մասին, եւ անոնց մէջ նաեւ ամուսնութեան խնդիրը շօշափած է:
Մենք այստեղ ընդարձակօրէն կ՚օգտուինք անոր հսկայ փորձնականութենէն եւ զարմանալի լուրջ հայեացքներէն:
Սիֆիլիսոտ մարդը, ամուսնական լուծին տակ մտնելով, մեծ պատասխանատուութիւն յանձն կ՚առնէ թէ՛ իր կնոջ եւ թէ՛ իր սերունդին առջեւ:
Ֆուրնիէի համաձայն, իւրաքանչիւր սիֆիլիսոտ, մանաւանդ ու գլխաւորաբար այնպիսիները, որոնք վատ կերպով բժշկուած են կամ ամբողջութեամբ չեն բժշկուած՝ թէ՛ հիւանդութեան լրջութիւնը չհասկնալով, թէ՛ ուղղակի ոչինչ նկատած ըլլալով, այդպիսիները պէտք չէ վստահութեամբ ամուսնանալու ելլեն մինչեւ այն ատեն, երբ խուսափած ըլլան իրենց անձին սպառնացող վտանգէն, եւ թէ իրենք կը դադրին վտանգաւոր ըլլալէ կնոջ, սերունդին, հասարակութեան:
Այս չորս կէտերը, կէտ առ կէտ բացատրենք.
Ա. Հիւանդին սպառնացող վտանգը.
Սիֆիլիսի երրորդական երեւոյթները1 շատ յաճախ այն անձերուն կը պատահին, որոնք անբաւարար կերպով կը բժշկուին, եւ ընդհակառակը, անոնք հազուագիւտ են այն անձերուն վրայ, որոնք կանոնաւոր եւ երկար բժշկութեան չեն ենթարկուած:
Թէ երկրորդական երեւոյթները ի՛նչքան յաճախ կը պատահին, այդ մասին զարմանալիօրէն պերճախօս է Ֆուրնիէի վիճակագրութիւնը:
Ան երկրորդական սիֆիլիսի 4800 դէպք սերտած է, որոնք հետեւեալ կերպով դասաւորուած են.
Ուղեղային, ողնուղեղային եւ ջղային սիֆիլիս (ուղեղի, ողնուղեղի եւ ջիղերու հիւանդութիւններ, սիֆիլիսէն յառաջացած) 1857 դէպք.
Մաշկի հիւանդութիւններ՝ 1451 դէպք, Ոսկորներու՝ 519 դէպք, Քիթի, բերանի, կոկորդի, լեզուի սիֆիլիս՝ 860 դէպք։
Մնացածը ուրիշ գործարաններու եւ մարմինի մասերու սիֆիլիսն է: Աչքի կ՚իյնայ ջղային հիւանդութիւններու սոսկալի թիւը: Այս պատճառով սիֆիլիսը ջղային յօրինուածքի թոյն կը համարուի, եւ սկզբնապատճառ ջղային հիւանդութիւններու մեծագոյն մասին:
Վստահօրէն կարելի է ըսել, որ ուղեղի սիֆիլիսը ամենէն սարսափելին է, որովհետեւ անդամալուծութիւն, կուրութիւն, խլութիւն, ընկնաւորութիւն, խելագարութիւն եւ մահ կը յառաջացնէ:
Ուղեղային սիֆիլիսը ամենէն վտանգաւորն է, եւ մեծ մասամբ անբուժելի: Այսպէս, Ֆուրնիէն 100 հիւանդէն յաջողած է միմիայն 22-ը բժշկել, 19-ը մեռած են. իսկ 59-ը թէեւ կ՚ապրին, բայց անբուժելի արատներով. թեւերու, ոտքերու լուծութիւն, կամ խելապակասում, եւ այլն, որ մահուան չափ ծանր են:
Իւրաքանչիւր սիֆիլիսոտ, որ մտադրած է ամուսնանալ, լուրջ կերպով պէտք է մտածէ այդ խնդիրին մասին, իմանայ, որ բժշկութեան մէջ փրկութիւնը, եւ որ եթէ չբժշկուի կամ բժշկութիւնը անբաւարար ըլլայ, ապագային ան հիւանդութեան սոսկալի ուժը կը զգայ:
Ահաւասիկ երիտասարդ մը. ան առանց կանոնաւոր կերպով բժշկուած ըլլալուն՝ կ՚ամուսնանայ. վեց ամիս ետք յանկարծ որեւէ մէկ ուղեղային հիւանդութիւն կը յառաջանայ, ու ան կը մեռնի, իր կինն ու փոքրիկ երեխան սոսկալի դրութեան մէջ ձգելով:
Նշանաւոր գծագրիչ մը, որ իր սիֆիլիսը ընդհնարապէս առանց բուժումի ձգած էր, կ՚ամուսնանայ եւ երեխայ մը կ՚ունենայ: Մի քանի տարի ետք դէմքի սիֆիլիս կը սկսի, զայն եւս չի՛ բժշկեր. խոցերը դէմքը կ՚ուտեն, կը քրքրեն, կ՚ոչնչացնեն քիթն ու վերի շրթունքը, քթածակերուն մէջ կը մտնեն, ներսի ոսկորները, քիմքը, կոկորդը, եւ այլն, կը կրծեն: Այս ողորմելի մարդը ուղղակի զազրելի ու զզուելի հրէշ մը կը դառնայ, որ բոլորին մէջ սոսկում ու զայրոյթ կը յարուցանէ: Այսպէս, ան մի քանի տարի ալ քարշ կու տայ իր ողորմելի գոյութիւնը՝ Աստուծմէ մահ խնդրելով:
Ուրիշ գծագրիչ մը, մեծ տաղանդի ու մեծ ապագայի տէր, լաւ մը չբժշկուած կ՚ամուսնանայ: Սկիզբը, ամէն ինչ յաջող կ՚ընթանայ, ան կը հարստանայ ու որդի մը կը ծնի: Բայց այս բախտը երկար չի վայելեր. ան կը կուրնայ: Հետեւանքը՝ ընտանիքի սնանկացումը եւ կատարեալ աղքատանալն է:
Երիտասարդ մը, որ հակառակ Ֆուրնիէի կամքին, կ՚ամուսնանայ. պսակէն հազիւ երկու օր ետք, սաստիկ կարկամում մը (ընկնաւորութիւն) կ՚ունենայ, յետոյ շուտով վրայ կու գան ուղեղային ուրիշ երեւոյթներ, կաթուած, խելացնորութիւն եւ մահ:
Գրականութեան մէջ նմանօրինակ բազմաթիւ դէպքեր կան: Բաւականանանք այս մի քանի հատով, որ Ֆուրնիէի գիրքէն կը քաղենք2:
•շար. 15
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Սիֆիլիսը երեք շրջան ունի.
Առաջին շրջանի երեւոյթը միակ է, այն է սիֆիլիսական խոցը, որ դուրս կու գայ մարմինի այն կէտին վրայ, ուր թոյնը դպած է:
Այս առաջին արտայայտութենէն ետք երկու կամ աւելի ամիսներ ետք, զանազան ցաներ կամ դուրս տուածներ կ՚երեւին մաշկին ու յուզաթաղանթներուն վրայ (բերանին մէջ, լեզուին վրայ, կոկորդին ու քթին մէջ): Ասոնք զանազան կեղեր են, բիծեր, կամ ջրջրուկներ, որոնք երկրորդ շրջանը կը կազմեն: Այս բոլոր երեւոյթները կարճ թէ երկար միջոցի մը մէջ առանց որեւէ մէկ հետքի կ՚անցնին, որովհետեւ անոնք մակերեւոյթական են եւ նշանաւոր գործարանները չեն վնասեր: Առաջին եւ երկրորդ շրջաններուն միւս յատկանիշը այն է, որ անոնք վարակիչ են. այս բոլոր խոցերուն, ջրջրուկներուն հեղուկը (արտադրութիւնը) ուրիշի մը յուզաթաղանթին կամ մաշկին վրայ իյնալով (եթէ շա՜տ աննշան քերծուածք մը կամ ճեղքուածք մը նոյնիսկ կայ), անոր վրայ կը փոխադրէ վարակիչ թոյնը:
Երրորդ շրջանին մէջ հիւանդութիւնը աւելի խոր կերպով կը հարուածէ մարդուն, կը վնասէ անոր ամենէն նուրբ եւ ամենէն կարեւոր անդամները (օր. ուղեղը, ողնաշարը, ոսկորները, ներքին գործարանները, եւ այլն), հարիւր տեսակ հիւանդութիւններ յառաջացնելով, որոնցմէ շատերը անբուժելի են ու յաճախ կը սպաննեն հիւանդը (կաթուած, ողնուղեղի յառաջագնաց յարատեւ բորբոքում [որմէ անդամալուծութիւն]), ընդհանուր պալարիչ, խելագարութիւն, եւ այլն, եւ այլն:
Այս երրորդ շրջանին երեւոյթները վարակիչ չեն:
Տե՛ս իմ «Սիֆիլիս» գիրքը:
2 Syphilis et Mariage, Fournier.
Հարթակ
- 11/30/2024