ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչո՞ւ միշտ թէ՛ Աստուածաշունչը եւ թէ՛ եկեղեցւոյ հայրերը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն մարդու շրթներուն, լեզուին:

Պատասխան. Մարդուն բերանէն է որովհետեւ որ դուրս կու գան զինք յատկանշող, իր ինքնութիւնը յայտնող խօսքերը, արտայայտութիւնները: Արդարեւ, մարդ իր շրթունքներուն, իր բերանին պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ, որպէսզի իր սայթաքումին, իր անկումին պատճառ չդառնայ:

Իմաստունը կը գրէ. «Մարդ իր բերանին պտուղէն կը կշտանայ ու իր շրթունքներուն արդիւնքէն կը գոհանայ: Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են, անոնք, որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ՚ուտեն» (Առ 18.20-21): Իմաստունին այս խօսքերէն յստակ կը դառնայ ընթերցողին, որ մարդ իր բերանէն, իր շրթունքներէն, իր լեզուէն կրնայ քաղցր ու հասուն պտուղ, դրական արդիւնք եւ կեանք շահի, ունենայ, միաժամանակ կրնայ դառն պտուղ, ժխտական արդիւնք եւ մահ շահի, ունենայ: Առ այդ, մարդ պարտաւոր է մեծ զգուշութիւն ցուցաբերել իր լեզուին, իր շրթունքներուն եւ բերանին:

Յակոբոս առաքեալ լեզուի մասին կը գրէ. «Նոյնպէս ալ լեզուն. թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ: Գիտէք թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել: Լեզուն ալ կրակ է: Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա: Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմնին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ:

Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր: Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՚օրհնենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբը ստեղծուած են: Այսինքն՝ նոյն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը: Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրներս: Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բխէ՞: Կարելի՞ բան է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ տայ կամ որթատունկը՝ թուզ: Նմանապէս կարելի չէ որ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բխի» (Յկ 3.5-12):

Հետեւաբար, այնքա՜ն ուշադիր պէտք է ըլլանք մեր լեզուներուն, մեր բերաններէն ու շրթունքներէն դուրս եկած խօսքերուն, բառերուն, որովհետեւ ատոնք են, որ հանդերձեալին մէջ պիտի դատեն մեզ: Մարդ պէտք է մաքուր պահէ իր բերանը եւ զայն օգտագործէ միմիայն զԱստուած օրհնելու եւ փառաբանելու համար: Առաքեալին խօսքերը յստակ են. նոյն բերանէն պէտք չէ որ թէ՛ օրհնութիւն եւ թէ՛ անէծք դուրս գայ:

Մեր օրերուն մեր բերաններուն պատճառով մեղքի մէջ յայտնուելու ամենէն տարածուած երեւոյթներէն մէկը Աստուծոյ անունը տեղի-անտեղի գործածելն է, Աստուծոյ անունով երդուիլն է: Արդարեւ, Աստուած Սինա լերան վրայ երբ Մովսէսին Տասնաբանեայ պատուիրանները տուաւ, երրորդ պատուիրանը հետեւեալն էր. «Տիրոջ, Քու Աստուծոյդ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես, որովհետեւ Տէրը Իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ» (Ելք 20.7):

Յակոբ Պատրիարք Նալեանը այսպէս կը բացատրէ այս պատուիրանը.

* Եթէ ոեւէ մէկը թեւթեւաբար, առանց վախի եւ լիրբ երեսով ըլլայ, Աստուծոյ ահեղ անունէն չերկնչի, պարապ, զուր եւ սուտ տեղը զԱստուած վկայ կանչէ ու երդում ընէ, այդպիսով Աստուծոյ ահեղ անունը ունեայն եւ սին համարած կ՚ըլլայ ու զԱստուած իր ստութեան վկայ կոչած կ՚ըլլայ:

Արդարեւ, Աստուծոյ անունը երեք կերպով զուր տեղ գործածած կ՚ըլլանք. սիրտով, բերանով եւ գործով:

Սիրտով սին ու դատարկ կ՚ընեն Աստուծոյ անունը սուտ քրիստոնեաները, որոնք թէեւ մկրտութիւն ունին, սակայն մկրտութեան շնորհը չունին, այլ՝ միայն արտաքնապէս իրենք զիրենք քրիստոնեայ ցոյց կու տան, մինչ ներքնապէս յափշտակող գայլեր են:

Բերանով ունայն ու դատարկ կ՚ընեն Աստուծոյ անունը այն մարդիկը, որոնք չարաչար կ՚երդնուն, կ՚ուխտեն եւ չեն կատարեր, ինչպէս նաեւ վարդապետները որոնք վարձք ստանալու համար կը քարոզեն եւ սուտ ու փուճ առակներ կը դնեն Ս. Գիրքին եւ նշանաւոր սուրբերու վրայ: Տակաւին, առանց ջերմեռանդութեան եւ սառն սիրտով աղօթողները, որոնց բերանը աղօթքի է, սակայն սիրտը՝ տան ու տեղին, շահելու եւ դիզելու, ուրիշներուն տունը աւերելու, շնութիւն եւ պոռնկութիւն մտածելուն վրայ է:

Երրորդ՝ մարդիկ գործով դատարկ եւ ունայն կ՚ընեն Աստուծոյ անունը, ինչպէս կեղծաւորները, որոնք կեղծաւորութեամբ կը յիշեն Աստուծոյ անունը եւ ո՛չ թէ սիրտի սրբութեամբ: Աստուած այսպիսի մարդոց կ՚ըսէ, թէ այս ժողովուրդը շրթունքներով կը պատուէ զիս, իսկ իրենց սիրտերը Ինձմէ հեռու են:

Իսկ Պետրոս Շանշեանցը իր «Ուսումն պարտուց» աշխատութեան մէջ Աստուծոյ անունը զուր տեղ գործածելուն մասին, այսպէս կը գրէ.

* Մեր խօսակցութիւններուն մէջ Աստուծոյ անունը երդումով յիշելով, ուրիշներուն հաւատքը գրաւելու փոխարէն՝ մեր խօսքերը աւելիով կասկածի կ՚ենթարկենք, որովհետեւ իւրաքանչիւր առողջ դատողութեան տէր մարդ, անպայման կը մտաբերէ, որ Աստուծոյ հրամանը անպատուողը, Աստուծոյ անունը վայրապար եւ առանց երկիւղի յիշողը, անտարակոյս աւելի դիւրութեամբ եւ անխնայ կը խաբէ իր եղբայրը, սուտ խօսելով եւ պատրուակելով: Տարապարտ երդումը մեծ անպատուութիւն է երդուողի համար, որովհետեւ ինքնին կը յայտնէ, որ պատուաւոր մարդը չի՛ կրնար հաւատալ իր խօսքին: Իսկ ան, որ երկիւղած է, միշտ այս խօսքերով կը բաւարարուի՝ այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ, ու կը զգայ, որ իրմէ աւելի բան չեն պահանջեր, այլ՝ կը հաւատան ու կ՚ընդունին անոր բոլոր ըսածները:

Աստուծոյ անունը, որ իւրաքանչիւր քրիստոնիայի համար պէտք է շնորհակալութեան յայտարար ըլլայ՝ երջանկութեան ժամանակ, յոյս՝ վտանգի ընթացքին, խոնարհութիւն՝ ապաբախտութեան ժամանակ, սէր եւ հաւատք՝ կեանքի բոլոր հանգամանքներուն մէջ, այս պաշտելի անունը, որ օգնութեան աղաղակ պէտք է ըլլայ առ Ամենակալն Աստուած եւ մեր թօշնած շրթներուն վրայ վերջին հառաչանք՝ մեր հոգեվարքի վայրկեաններուն, երբ Աստուած մեզ Իր մօտ կը կանչէ, այս սուրբ անունը երբ մենք առանց զգացողութեան, առանց յարգանքի եւ առանց մտածելու կ՚արտասանենք, ինչքա՞ն արդեօք կ՚անարգենք եւ ինչքա՞ն կը մեղանչենք Աստուծոյ դէմ: Ինչքա՞ն կ՚անարգենք այս սուրբ անունը, երբ սովորական կերպով կ՚արտասանենք զայն մեր տղայական իւրաքանչիւր սնոտի խօսակցութիւններուն ժամանակ: Բան մը հաստատելու կամ մերժելու համար, մեր Փրկիչին հրամանին հետեւելու եւ այո կամ ոչ ըսելով բաւարարուելու փոխարէն, շատ անգամ թեթեւամտաբար կը կրկնենք - Աստուած վկայ, որ այսպէս է, Աստուած վկայ, որ այսպէս չէ, եւ այլն. մինչ այդ, մեր սիրած մարդուն անունը տալը անպատուութիւն կը համարենք: Պարտաւոր ենք ուղիղ կերպով խոստովանիլ, որ այսպիսի վատ սովորութիւնը մեծ անարգանք է Աստուծոյ համար եւ երրորդ պատուիրանին մէջ յիշուած պատիժին ենթարկուած են ո՛չ միայն պատուիրանազանցները, այլ՝ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ անունը ի զուր տեղ եւ առանց յարգանքի կը յիշեն:

Այս վատ սովորութենէն, այսինքն՝ Աստուծոյ անունը վայրապար յիշելէ հեռանալու եւ ուղղելու համար, պէտք է՝

ա) Աշխատիլ հեռանալ բոլոր առիթներէն, որոնք մեզ կը մղեն դէպի այս մեղքը, ինչպիսիք են՝ կռիւը, վատ ընկերութիւնը, չար սովորութիւնը, եւ այլն, ու ընդհակառակը, ընկերանալ առաքինի եւ իմաստուն մարդոց, որոնք անաչառապէս կը յանդիմանեն ու կը զգուշացնեն մեզ, երբ այսպիսի մեղքերու մէջ կ՚իյնանք եւ չե՛նք զգար մեր անկումը:

բ) Լաւ մտածել, որ այսպիսի մեղքերու մէջ իյնալով, օգուտ չքաղելէն բացի, մեր հոգին եւս կը կորսնցնենք:

գ) Միտքին մէջ միշտ ունենալ Աստուծոյ մեծութիւնը եւ արժանաւոր յարգանքը, որ պարտաւոր ենք տալ Անոր՝ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, որովհետեւ մեր թեթեւամիտ արարքը առաւելաբար սովորութեան հետեւանք է, քան թէ դատողութեան:

Այս բոլոր հանգամանքները իմանալով, պարտաւոր ենք ուրեմն մեր մանկութենէն վարժուիլ գեղեցիկ սովորութեան, այսինքն՝ Աստուծոյ անունը, Անոր նախախնամութիւնը, Անոր պաշտամունքը, առանց մտածելու եւ առանց զգալու, ի զուր ու վայրապար երբեք չյիշել: Երբ մանկութեան տարիներէն այսպիսի բարի ունակութիւն ունենանք, վստահաբար ապագային Աստուծոյ անունը յիշելը միա՛յն կը վառէ ու կը զարթնեցնէ մեր երեւակայութիւնը վսեմ գաղափարով եւ պատիւի ու սիրոյ զգացումով: Բարեպաշտ սովորութեամբ սնած եւ մեծամեծ ձիրքերու տէր մարդիկ, գեղեցիկ կատարելութեան հասնելով երբեք չե՛ն յիշեր Աստուծոյ անունը՝ առանց երկիւղածութեան եւ յարգանքի: Նշանաւոր աստղագէտ՝ Նիւթոնին մասին կը պատմուի, թէ առանց խոր մտածութեան, առանց ոտքի կանգնելու եւ գլխարկը հանելու՝ Աստուծոյ պաշտելի եւ սուրբ անունը բնաւ չէր արտասաներ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 66

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2023