ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ծուլութիւնն ու թուլակամութիւնը ի՞նչ կու տան մարդուն:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ» (Առ 19.15): Ծուլութիւնն ու թուլութիւնը, թուլակամութիւնը մարդը կը տգեղցնեն, իր ներկայութիւնը անցանկալի եւ տհաճ կը դարձնեն ընկերութեան մէջ:
Ծուլութիւնը մարդուն մէջ մտնելով, կամաց-կամաց կը սկսի մաշեցնել զինք թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս: Ֆիզիքապէս, որովհետեւ առանց աշխատելու մարդ չի՛ կրնար իր գոյութիւնը պահպանել: Հոգեպէս, քանի որ մարդս կը դատարկէ առաքինութիւններէ, որով մարդուն հոգին կը վերածուի անապատի մը, ուր ամէն տեսակի վայրի կենդանի (իմա՛ սատանան ու իր արբանեակները) կրնայ մտնել եւ աւերներ գործել:
Ծուլութիւնը աղքատութեան եւ թշուառութեան նախակարապետն է: Այլ խօսքով, ծոյլ մարդը իր ծուլութեան պատճառով ինքզինք թշուառութեան եւ կարօտութեան կը մատնէ: Ճիշդ է, երբեմն մարդիկ կը խղճան, օգնութեան ձեռք կ՚երկարեն, սակայն այդ բոլորը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրեն, քանի որ երբ մարդիկ հասկնան, թէ տուեալ մարդը ինքնակամ կերպով յայտնուած է այդ վիճակին մէջ, չեն շարունակեր օգնութեան ձեռք երկարել, այլ՝ կը փորձեն բացատրել անոր, թէ ինք կրնայ այդ վիճակէն դուրս գալ, եւ այս անգամ տարբեր ձեւով կը սկսին օգնել իրեն…:
Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Մարդը մարդ չի կրնար ըլլալ ձեռքերը ծալած, աչքերը շլմորուն, ոտքերը թափառաշրջիկ եւ... միայն բերանը բաց՝ դատարկ խօսքի որպէս հրաբուխ...։ Մարդը մարդ է, երբ իր ձեռքերուն կու տայ շարժում, երբ իր աչքերը կը յառէ նպատակակէտի մը, երբ իր ոտքերը կը քալեն նպատակասլաց գնացքով, երբ իր շրթները կը շարժին իմաստաւոր եւ շինիչ խօսքերով։
Գործօնութիւնը մարդուն ճշմարիտ ինքնարտայայտութիւնն է։ Անգործութիւնը, ծուլութիւնը, դատարկապորտութիւնը ժխտումն են մարդուն իսկութեան եւ կոչումին։ Կամաւոր անգործութիւնը անաստուածութեան ամենէն ակներեւ փաստն է։ Որովհետեւ, ինչ որ ունինք՝ կու գայ Աստուծմէ»: Հետեւաբար, մարդ պիտի աշխատի, պիտի տքնի, պիտի ձեռքերն ու միտքէ շարժէ, որպէսզի արդիւնքի հասնի, կարօտութեան ու թշուառութեան չմատնուի:
Առակաց 6-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր: Վասնզի անիկա թէեւ իշխան, ոստիկան կամ տիրող չունի, բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ եւ ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ: Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս: Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար, այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս» (Առ 6.6-10): Վերոյիշեալ համարներուն մասին մեր Սիրելի ընթերցողները կրնան կարդալ թերթիս 21 սեպտեմբեր 2022-ի համարին 2 եւ 3-րդ էջերը:
Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը ծուլութիւնը դասած են եօթ մահացու մեղքերու կարգին, զայն չորրորդ տեղը դնելով, հպարտութենէն, նախանձէն ու բարկութենէն ետք:
Մկրտիչ Վարդապետ Արծրունեանը իր՝ «Բացատրութիւն հրաժարման եւ զղջման բանից սրբոց հարց եւս եւ Յիշեսցուք, Աշխարհ ամենայն եւ Առաւօտ լուսոյ երգոց Սրբոյն Ներսիսի Շնորհալւոյ» աշխատասիրութեան մէջ, տպուած Երուսաղէմ 1854-ին, ծուլութեան մասին այսպէս կը գրէ.
«Ծուլութիւնը հոգիի մեղք է, որու համար կ՚ըսուի նաեւ յուլութիւն (մեղկութիւն) եւ պղերգութիւն (հեղգութիւն), այն է թուլնալ հոգեւոր եւ մարմնաւոր գործերու մէջ: Ծուլութիւնը մարդս թշուառ կը դարձնէ թէ՛ այստեղ եւ թէ ալ հանդերձեալին մէջ: Այստեղ՝ կը զրկէ մարմնաւոր վայելչութիւններէն՝ աղքատութեամբ տառապելով, իսկ այնտեղ՝ հոգեւոր եւ երկնաւոր փառքի Արքայութենէն: Որովհետեւ ըստ Սուրբ Լուսաւորիչի ըսածին. “Ծուլութենէն եւ անհնազանդութենէն բոլոր դժնդակութիւնները կը ծնին, ինչպէս նաեւ ապերախտութիւն՝ մեր Արարիչին երախտիքներուն նկատմամբ” (Յաճախ. Ժ.): Այդ պատճառով Իմաստունը կը յանդիմանէ յորդորելով, երբ կ՚ըսէ. “Գնա՛ մրջիւնին, ո՜վ վատ, ու նախանձիր անոր ճանապարհներուն…: Մինչեւ ե՞րբ պառկած պիտի մնաս, ո՜վ վատ, կամ ե՞րբ քունէդ պիտի արթննաս” (Առ 6.6,9): Որովհետեւ ով որ բնութեամբ ծոյլ է, թէեւ արթուն ըլլայ, կը համարուի քնացած ըլլալ, քանի որ ամէն տեսակի բարի գործերէ դադրած է՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարմնաւոր. օրինակ, ով որ կը ննջէ՝ մեռած կը համարուի. այդպէս ալ ծոյլն ու հեղգը հոգիով մեռած է. այդ պատճառով ծուլութիւնը մահացու մեղք կը կոչուի: Որովհետեւ մարդ ո՛չ թէ [միայն] հաւատքով պիտի փրկուի, այլ՝ բարի գործերով, առանց որու մեռած է հաւատքը՝ ըստ Առաքեալին (Յակ. Բ. 26):
Ծուլութեան հակառակ դրուեցաւ հոգիի եւ մարմինի արիութիւնը, եռանդ՝ հոգեւոր բաներու մէջ եւ աշխատասէր մարմանաւոր բաներու մէջ, արգելք ըլլալով ամէն տեսակի դժնդակութիւններու, որոնք սպրդելով կը մտնեն մարդու սիրտին մէջ հեղգութեան պատճառով. այն է բամբասանք: Քանի որ ծոյլ մարդը ինքն իր անձին վրայ չի դներ մեղքը, կը սկսի արարածները բամբասել, անոնց հետ նաեւ Արարիչին:
Ծուլութենէն նաեւ կը ծնին անպատկառ խաղերու մոլութիւնը, հետաքրքրութիւն, անզգուշութիւն, անխոհեմութիւն եւ չարախօսութիւն:
Խաղամոլութենէ յառաջ կու գան անհաւատարմութիւն, խաբէութիւն, գողութիւն, հայհոյութիւն, սպանութիւն եւ անձնասպանութիւն, եւ այլ չարաչար մեղքեր:
Հետաքրքրութենէն կը ծնին ստախօսութիւն, բանսարկութիւն եւ չարամտութիւն:
Անզգուշութենէն՝ հակառակութիւններ, կռիւներ եւ մեծամեծ վնասներ:
Անխոհեմութեան եւ չարախօսութեան բազմաթիւ մեղքեր կը հետեւին, որ այստեղ յարմար չէ մէջբերել:
Արդարեւ, այս բոլորին պատճառէն՝ ծուլութենէն հրաժարելով, պէտք է ամուր կերպով կառչիլ արիութենէն եւ հոգողութենէն, ինչպէս նաեւ մեծ ջանքով բարութեան գործեր գործել, աղօթքի ու հսկումի կենալ, որպէսզի արժանի ըլլանք Արքայութեան մէջ փառքը վայելելու» (Էջ 101-103):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 76
Վաղարշապատ