ԱՏԱՓԱԶԱՐ «ԱՍՏՈՒԱԾԱՐԵԱԼ» ՔԱՂԱՔԸ
Անհետացած հայաքաղաքներէն մէկուն՝ Ատափազարի մասին այսօր կը պատմեն միայն գիրքերն ու թերթերը: Ներկայիս Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմուտքը եղած այդ բնակավայրը, ըստ պատմական աղբիւրներու, հիմնած են 14-րդ դարու վերջին Սեբաստիայէն գաղթած հայեր եւ իրենց առաջնորդի անունով զայն կոչած՝ Տօնիկաշէն։ Յետագային բնակչութիւնը շատցած է զանազան վայրերէ հոն գացած հայերու հաշւոյն։ Բարեշէն գիւղաքաղաքին մէջ հաստատուած են նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Գիւղաքաղաքը Ատափազար անունով կոչուած է 15-րդ դարու վերջին, որպէս բանուկ շուկայ: Հայերը հոս զբաղած են արհեստներով, առեւտուրով, շերամապահութեամբ, երկրագործութեամբ, զարգացած եղած են վաճառականութիւնը, արտածումը: Ատափազարին մէջ եղած է չորս եկեղեցի, ատոնց կից՝ նախակրթարաններ, մանկապարտէզներ։ Քաղաքը ունեցած է հարուստ տնտեսութիւն, ազգային բաղնիք, տպարան, այլ շինութիւններ:
1909 թուականին բացուած է տղաներու Կեդրոնական երկրորդական վարժարանը, 1912 թուականին՝ աղջիկներու դասընթացքը: Գործած են Կրթասիրաց ընկերութիւնը, Ընթերցասիրաց միութիւնը՝ հարուստ գրադարան-ընթերցարանով, երգչախումբ, թատերախումբեր, կուսակցութիւններ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ:
1910 թուականին լոյս տեսած է «Երկիր» թերթը (որ 1911 թուականին տպագրուած է Պոլսոյ մէջ), 1912 թուականին՝ «Բիւթանիա» շաբաթաթերթը։
Մինչեւ անցեալ դարու 1920-ականներ, քաղաքին մէջ մնացած հայերը ցրուած են աշխարհով մէկ, եւ պահպանուած է միայն յիշողութիւնը Ատափազարի, որ աշխարհ մը եղած է հոն ծնած եւ ապրած հայերուն համար: Իրենց հայրենիքը անոնք կոչած են «աստուածարեալ»:
1960 թուականին Փարիզի մէջ, երկար պատրաստութենէ յետոյ, լոյս կը տեսնէ «Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին» որու խմբագիրները՝ Արտաշէս Պիպերեան եւ Վարդան Եղիշեան, զանազան աղբիւրներէ առնելով կու տան Ատափազարի ամբողջական պատկերը՝ մաս առ մաս վերականգնելով «Բիւթանիայի թագուհին», ինչպէս իրենք անուանած են իրենց քաղաքը:
Զանազան ու բազում այդ աղբիւրներու, մէջ տեսանք նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը, որուն թղթակիցը Ատափազարի մէջ տեղի ունեցած այս կամ այն ձեռնարկին մասին տեղեկութիւններ հաղորդած էր եւ թերթն ալ օրին մանրամասն անդրադարձած էր Ատափազարի կեանքին:
Այս պատմագիրքը գանձարան մըն է, որ տարիներու հեռուէն մեր առջեւ կը բանայ դուռը պատմական ու հայաշունչ քաղաքին, ուր ոտք դրած են հայ եւ օտար շատ անուանիներ, այդ կարգին՝ նաեւ մեծանուն երաժիշտ Կոմիտասը: Կոմիտասի՝ Ատափազար այցելութիւններուն առանձնապէս կ՚անդրադառնանք: Իսկ այս անգամ պատմագիրքէն ներկայացնենք ատափազարցիի ընդհանուր նկարագիրը եւ քաղաքի կեանքէն որոշ դրուագներ.
ԱՏԱՓԱԶԱՐՑԻՆ՝ ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐ
Ասոր ապացոյցը այն իրողութիւնն է, որ երբ կիրակնօրեայ լսարանները շարունակուէին, լսարաններու գրադարանները միշտ պարապ կ՚ըլլային, որովհետեւ թէեւ մէկ կիրակին առնուած գիրքերը յաջորդ կիրակի ետ կը բերուէին, բայց փոխանակուելու եւ ձեռքէ ձեռք խլուելու համար: Նոյն ճակատագիրին կ՚ենթարկուէին նաեւ տուներու մէջ գտնուած գիրքերը բարեկամներու, դրացիներու եւ ազգականներու կողմէ: Բաւական էր որ գիտցուէր, թէ այսինչը այսինչ գիրքը ունի, ալ ուզող ուզողի: Շատեր իրենց հետ շուկայ կը տանէին գիրքեր՝ պարապութեան ձանձրոյթը ընթերցումով փարատելու համար: Բայց Պոլիսի թղթատարը գալու մօտ, այդ գիրքերը այլեւս դարանները կը դրուէին յաջորդ օրը շարունակելու համար անոնց ընթերցումը: Քանի որ թղթատարը քիչ մը ետք պիտի բերէր կարդալու ճոխ պաշար՝ պոլսահայ թերթերը, որոնք օրուան ազգային եւ քաղաքական խնդիրներու մասին պիտի տային նորանոր մանրամասնութիւններ:
Ատափազարցին, որ նախախնամութեան մէկ սխալով ինկած էր այս քաղաքը, փոխանակ իյնալու Ֆորէյն Օֆիս, իր գործին չափ կը հետաքրքրուէր նաեւ, օրինակի համար, ֆաշօտայի խնդրով, Անգլօպօէր կամ Ռուսօճաբոն պատերազմներով, անշուշտ աննկատ չթողելով ազգային խնդիրներն ալ: Ասոր համար էր, որ Պոլիսէն դուրս չկար հայաբնակ քաղաք մը, ուր պոլսահայ թերթերը ունենային այնքան սպասում, որքան ունէին Ատափազարի մէջ:
Մինչեւ իսկ Իզմիրի գրական պարբերաթերթը՝ «Արեւելեան Մամուլ»ը, Ատափազարի մէջ ունէր 40-50 բաժանորդներ:
Եւ ատափազարցին չէր կրնար համբերել, որ թերթերու գործակալը իր թերթը բերէ խանութը՝ հասնելէն, օրինակի համար, կէս ժամ ետքը: Ատոր համար էր, որ թղթատարը գալու մօտ, շուկայի հայերէն շատերը իրենց խանութներու հսկողութիւնը աշկերտներու կամ դրացիներու վստահելով, կ՚երթային կը խռնուէին թղթատարական շէնքին առջեւ, վայրկեան առաջ գործակալէն առնելու համար իրենց թերթերը:
Իսկ անոնք որոնք թերթի բաժանորդագրութիւն չունէին, կ՚երթային կը լեցուէին գործակալին սրճարանը, սպասելով որ այս վերջինը, իր ճամբուն վրայ, գայ եւ իւրաքանչիւր թերթէ մէյմէկ օրինակ ձգէ իր սրճարանը, որ այս իսկ պատճառով արժանացած է «օթլախարան» անունին:
Բոլոր հայ թերթերու Ատափազարի ցկեանս գործակալն էր Ստեփան Սափրիչեան, որ շուկայի մէջ ունէր նաեւ իր բաւական ընդարձակ սրճարան-սափրատունը, ազգայինճիներու եւ քաղաքագէտներու հաւաքատեղին, ուր կը ծեծուէին ու կը վճռուէին օրուան խոշոր ազգային եւ քաղաքական հարցերը:
Սափրիչեան աշխարհի ամենէն խելօքիկ մարդն էր: Մէկը չէր կրնար ըսել, թէ անոր բարկանալը տեսած է որեւէ պարագայի: Առնելիք ուզելու սովորութիւն չունէր թէ՛ իր յաճախորդներէն եւ թէ թերթերու բաժանորդներէն: Տային՝ կ՚առնէր, չտային՝ կը սպասէր որ խելք ընեն ու տան: Ասոր համար էր, որ ամէն թերթ, տարին մէկ-երկու անգամ, խմբագիրներէն մէկը կը ղրկէր, որպէսզի առկախ մնացած բաժնեգիները գանձէ եւ այդ առիթով ալ նոր բաժանորդներ արձանագրէ…
ԱՏԱՓԱԶԱՐՑԻՆ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԷՐ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԻ
Ընտանիքը սրբութիւն սրբոց էր ատափազարցիին համար եւ անոր պատիւը՝ վեր ամէն բանէ:
Երեք-չորս հազար ընտանիք ունեցող այս քաղաքին մէջ տասնեակ տարիներու ընթացքին չէր լսուեր ընտանեկան գայթակղութեան մը մասին: Իսկ թողուիլ, այսինքն ամուսնալուծուիլ բոլորովին անծանօթ էր ատափազարցիին:
Ատափազարցի կինը պարկեշտութեան տիպարն էր: Եթէ ինկած ըլլար նոյնիսկ անյարմար եւ անտանելի ամուսինի մը ձեռքը, «ի՞նչ ընեմ, խաչս է եղեր» կ՚ըսէր եւ համակերպելով ճակատագրին՝ անտրտունջ կը տանէր այդ խաչը:
Դրամօժիտը մուտք գտած չէր Ատափազար: Դրամօժիտով ամուսնանալը անպատուութիւն կը նկատուէր երիտասարդին, նոյնպէս տուն-փեսայ երթալը, եթէ առանձին մնացած չէր տղան:
Ատափազարցիին համար ամուսնութիւնը աղջիկ մը ներս առնել էր եւ ոչ թէ՝ մանչը դուրս տալ: Մանչը իր հօրենական տունը պիտի շէնցնէր: Աղջիկը էմանէթ էր: Ծնողները ջանք ու զոհողութիւն չէին խնայեր, օր առաջ իրենց զաւակներուն ոտքը կապելու համար: 25-28 տարեկանէ վեր, դեռ ամուրի մնացած երիտասարդ, դժուար էր գտնել Ատափազարի մէջ:
Կիները առհասարակ որչափ լաւ մայրեր էին, նոյնչափ ալ լաւ կեսուրներ:
Ատափազարցիներու տուներէն ներս չկար հարս ու կեսրոջ անսիրելիութիւնը, որ ընտանեկան խռովութիւններու գլխաւոր պատճառներէն մէկն է:
ԱՏԱՓԱԶԱՐՑԻՆ ՀՊԱՐՏ ԷՐ
Ատափազարցին այնքան հպարտ էր, որ իր այդ հպարտութիւնը զինքը ըրած էր քիչ մը պարծենկոտ եւ մեծխօսիկ: Ասոր համար էր որ իզմիտցի եւ պարտիզակցի հայերը ատափազարցին կը կոչէին «Բրդան Ատացի»:
Ատափազարցին հպարտ էր նոյնիսկ իր չքաւորութեան եւ կարօտութեան մէջ:
Ատափազարի չորս եկեղեցիները ունէին իրենց աղքատանոցները, որոնք թաղին կարօտ ընտանիքներուն յատկացուցած էին շաբաթական որոշ գումարներ: Բայց յետին չքաւորութեան մէջ գտնուողն անգամ կ՚ամչնար եւ չէր երթար իր բաժինը ստանալու: «Ժամէն ուտելը» նուաստութիւն կը նկատէր իրեն: Ուստի տեղի կ՚ունենար բոլորովին հակառակը: Երբ ինք չէր երթար աղքատանոց, աղքատանոցի պաշտօնեան կ՚երթար իր ոտքը՝ գրեթէ բռնի ընդունիլ տալու համար յատկացուած նպաստը:
Ահաւասիկ պզտիկ պատմութիւն մը, որ ցայտուն կերպով երեւան կը հանէ ատափազարցիին հպարտութիւնը.
Օր մը, ատափազարցի երիտասարդ մը, փողոցին մէջ ձին քառասմբակ վազցուցած ատեն, վար կ՚իյնայ ձիին վրայէն: Բնականաբար, հոն գտնուողները կը սկսին խնդալ վրան:
Երիտասարդը, սակայն ոտքի ելլելով եւ առանց այլայլելու, մէկ կողմէն վրան գլուխը կը թօթուէ եւ միւս կողմէն այդ խնդացողներուն դառնալով կ՚ըսէ ամենայն հանդարտութեամբ.
-Խնդալու ի՞նչ կայ, պէ՜, ես զաթէն վար տիջնայի…
Այս «զաթէն տիջնայի» ասացուածքը ուրիշ տեղեր ալ կը գործածեն, առանց գիտնալու, որ անոր ծննդավայրը եղած է Ատափազար եւ հոն է, որ պատահած է այս ծիծաղելի դէպքը:
ԱՏԱՓԱԶԱՐՑԻՆ ՀԻՒՐԱՍԷՐ ԷՐ
Անոր այս առաքելութիւնը կը հաստատէին ամէն անոնք, որոնք գէթ անգամ մը դուրսէն եկած այցելած էին Ատափազար, ըլլային անոնք առեւտրականներ կամ մտաւորականներ:
Ատափազարցիին համար պատիւ էր հիւր ունենալը եւ դուրսէն եկող հայ մը երբեք ինքզինք օտար չէր զգար Ատափազարի մէջ:
Բաւական էր որ ատափազարցիի մը հետ պզտիկ ծանօթութիւն մը ունեցած ըլլար մէկը եւ որեւէ պատճառով Ատափազար գար նոյնիսկ ընտանիքով: Ան, որչափ որ մնար մեր քաղաքը, հիւրը կը մնար ոչ միայն իր այդ ծանօթին, այլեւ անոր ազգականներուն եւ բարեկամներուն:
Հիւրը ձեռքէ ձեռք կը քաշէին Ատափազարի մէջ, այնպէս որ բոլորովին անծանօթ մէկը պէտք էր եղած ըլլար դուրսէն հայը, որպէսզի ձգէին որ պանդոկը մնար:
ՃՌԱՔԱՂ ՍՈՎՈՐՈՅԹՆԵՐ
ԴՐԱՑՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԵՐՕԳՆՈՒԹԻՒՆ
Ատափազարի մէջ դրացնութիւնը համազօր էր ազգականութեան: Թէ՛ ուրախութեան եւ թէ դժբախտութեան պարագաներուն, երբ ազգականներ հեռաւորութեան պատճառով չէին կրնար հասնիլ անմիջապէս, դրացիներն էին, որ կը կատարէին անոնց դերն ու պարտականութիւնները:
Տնական այն գործերը, որոնք կը պահանջէին շատ ձեռքեր, կը կատարուէին դրացիներու հաւաքական գործակցութիւնով, ինչպէս՝ կտաւ հենել, կորկոտ ծեծել, ապուրցու կտրել, մորթուած անասունի միսէն ձմեռուան համար ապուխտ, երշիկ եւ խարկուած միս (ղավուրմա) պատրաստել եւ այլն:
Նոյնպէս դրացի կիներ հերթով կ՚երթային հիւանդ կամ առանձին եղող տիկնոջ մը բոլոր գործերը կատարելու, տունը աւլել, մաքրել, օրուան կերակուրը եփել, պզտիկները խնամել եւ հիւանդը առանձին չձգելով՝ հիւանդապահուհիի պաշտօն կատարել:
ԱՆՁՐԵՒԱԲԵՐ ՀՐՈՒՇԱԿ
Երբ գարունը կամ ամառը երաշտը կը սպառնար արտերու եւ պարտէզներու ցանքերուն, ատափազարցի կիները ոտքի կ՚ելլէին, հրուշակով (հէլվա) ողոքելու համար բարի եւ մարդասէր Աստուածը, որպէսզի փութացնէ կենսատու եւ փրկարար անձրեւը:
Փողոցէ փողոց, կիները իրար գալով, տուներէն կը ժողվէին բաւականաչափ ալիւր, շաքար եւ իւղ, խոշոր կաթսայով հրուշակ եփելու եւ բաժնելու համար մասնաւորաբար աղքատ ընտանիքներուն, որպէս աստուածահաճոյ գործ:
Փողոցին մէջ բացօթեայ կը վառէին կրակը, վրան կը դնէին կաթսան եւ կը խառնէին ալիւրէ հրուշակը, շուրջը, ծունկի եկած՝ ողբաձայն երգելով «Տէր ողորմեա» եւ այլ շարականներ:
Պատահած է, որ հրուշակի կաթսան, հազիւ վար առնուած՝ վառուած կրակը կապոյտ եւ անամպ երկինքէն անձրեւն է, որ մարած է…
Պատրաստուած հրուշակէն մեծ քանակութեամբ կը տարուէր նաեւ թաղին դպրոցը, բաժնելու համար աշակերտներուն, անոնց «Տէր ողորմեա»ի երգեցողութենէն ետքը: Մեր բարեպաշտ մայրերը վստահ էին, որ Աստուած անպատճառ կը լսէ անմեղ մանուկներուն աղօթքը:
ՏՆՄՏԷՔ
Ընտանիք մը, եթէ նոր տուն շինէր եւ փոխադրուէր հոն, բոլոր ազգականները, դրացիները եւ բարեկամները իրենց անզանցառելի պարտականութիւնը կը նկատէին «բարով նստիք»ի երթալ, տանելով նոր տունին համար նուէր մը՝ համապատասխան երկու ընտանիքներու յարաբերութեան աստիճանին, ինչպէս նաեւ նուիրաբեր ընտանիքի նիւթական կարողութեան: Նուէրը կ՚ըլլար տնական կարասի մը կամ խոհանոցի առարկայ մը, պատի ժամացոյց, հայելի կամ պերճանքի լամբար մը, աթոռ, պղինձէ սան, պղինձէ կափարչաւոր պնակ (ղաբախլը սահան), սուրճի կամ օղիի սպաս եւ այլն:
Այս նուէրները կը կոչուէին «Տնմտէք»:
ԱՍՂԸ ՊՈՌԱԼ
Երբ շինուելու վրայ եղող տունի մը տանիքը տախտակապատուէր, կեդրոնը, ձողի մը վրայ կը հաստատէին տախտակէ շեղբերէ շինուած եւ խարիսխը վեր եռանկիւն մը: Ատիկա նշան էր, թէ հասած է բանուորներուն բացառիկ նուէր տալու ժամանակը:
Նուիրատուութեան դուռը կը բանար տանտէրը, որուն կը հետեւէին ազգականներն ու դրացիները:
Նուէրները կ՚ըլլային ընդհանրապէս կտաւեղէններ եւ հիւսներէն մէկը եռանկիւնիին քով կեցած բարձրաձայն կը յայտարարէր իւրաքանչիւր նուէրին որու կողմէ տրուած ըլլալը, մաղթելով անոր քսակին առատութիւն:
Մունետիկային այս յայտարարութիւնը կը կոչուէր թրքերէն բառով՝ ասղը պոռալ, անոր համար, որ նուէրները կը կախուէին եռանկիւնէն եւ կը մնային ցուցադրուած ուրիշներու եւս խթան ըլլալու համար:
ԼՈՐՏ ՔԻՉՆԷՐ ԱՏԱՓԱԶԱՐԻ ՄԷՋ
Ո՞վ միտքէն կրնար անցընել, թէ երբեմնի «Ծովերու թագուհի» Մեծն Բրիտանիոյ ամենանշանաւոր զաւակներէն մէկը կրնար օր մը Ատափազար գալ եւ մէկ շաբաթ հիւրաբար հոն մնալ: Իրողութիւն է սակայն: Պ. Գէորգ Շիրինեանի ինքնակենսագրականին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Նոյն տարին (1880) արձակուրդի օրերս անցընել կու գամ Ատափազար եւ վերադառնալու վրայ եմ: Տարիներ վերջը Օմտուրմանի եւ Թրանսվալի յաղթականն եղող Մ. Քիչնէր իբրեւ հիւպատոս Գասթէմունիի, Ատափազար կու գայ: Փառաւոր ընդունելութեամբ կ՚ընդունինք: Քիչնէր քաղաքս պիտի մնայ քանի մը օր, տեղեկութիւններ առնելու համար: Ես պիտի մեկնիմ հետեւեալ օրը: Առաջնորդ Սրբազանը իսկոյն ինձ համար հեռագրով 15 օրուան համար թոյլտուութիւն կը խնդրէ Ռոտոսթոյի թաղական խորհուրդէն, որ չի զլանար: Այս 15 օրուան միջոցին Մ. Քիչնէրի անբաժան թարգմանը ըլլալէս յետոյ կը դառնամ Ռոտոսթօ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024