ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՉԸԼԼԱԼ ԿԵԱՆՔԻՆ

Կեան­քին նկատ­մամբ ան­տար­բեր ըլ­լալ՝ «կեան­քին պար­տուիլ» կը նշա­նա­կէ։ Մինչ­դեռ կեան­քը իր ամ­բող­ջու­թեամբ ծնուն­դէն մին­չեւ մահ, պայ­քա՛ր մըն է տե­ւա­կան։ Հոս, յատ­կա­պէս չգոր­ծա­ծե­ցինք «ան­վերջ» բա­ռը, քա­նի որ խնդրա­կան եւ վի­ճե­լի է, թէ այդ պայ­քա­րը մա­հուը­նէ ետք ալ կը տի­րէ՞ թէ ո՛չ, խնդրա­կան է, եւ այն ինչ որ յայտ­նի չէ եւ յստակ, պէտք է խու­սա­փիլ վճռա­կան խօ­սե­լէ ա­նոր մա­սին…։

Մեր ներ­կայ խորհր­դա­ծու­թիւ­նը այս մա­սին չէ, եւ ու­րեմն այս շե­ղու­մէն ետք դառ­նանք մեր նիւ­թին. ան­տար­բեր չըլ­լալ կեան­քին մասին, որ կը նշա­նա­կէ՝ անդ­րա­դառ­նալ իր գո­յու­թեան, անդ­րա­դառ­նալ իր շրջա­պա­տին, անդ­րա­դառ­նալ իր նման­նե­րուն, եւ գիտ­նալ, թէ միշտ «ու­րիշ» մը կայ իր կեան­քին մէջ։ Եւ անդ­րա­դառ­նալ գո­յու­թեան կ՚եր­ջան­կաց­նէ մար­դը, քա­նի որ ա­ւե­լի ա­պա­հո՛վ կը զգայ ինք­զինք ան։ Ու­րեմն մարդ՝ թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ հա­ւա­քա­պէս պէտք չէ՛ ան­տար­բեր ըլ­լայ, ո­րուն բնա­կան հե­տե­ւանքն է՝ յու­սա­հա­տու­թիւն, յու­սալքու­թիւն։ Այս ի­մաս­տով մարդ պէտք չէ սար­սա­փի եւ փախ­չի մու­թէն, խա­ւա­րէն, քա­նի որ ի վեր­ջոյ լո՛յս է ա­մէն խա­ւա­րի վեր­ջա­բա­նը։

Մարդ կրնայ Աս­տու­ծոյ սի­րոյն դէմ զա­նա­զան կեր­պե­րով մե­ղան­չել -ան­տար­բե­րու­թեամբ-, որ կ՚ան­տե­սէ եւ կամ կը մեր­ժէ նկա­տի առ­նել աս­տուա­ծա­յին սէ­րը, եւ կ՚ու­րա­նայ ճշմար­տու­թիւ­նը։ Մինչ­դեռ ճշմար­տու­թիւ­նը ու­րա­նալ մե՛ղք է, սխալ է։ Աս­տուա­ծա­յին սէ­րը մեր­ժող մար­դը կ՚ան­գի­տա­նայ Ա­նոր կան­խա­հա­ճու­թեա­նը եւ կը ժխտէ, կ՚ու­րա­նայ Ա­նոր զօ­րու­թիւ­նը։ Ան­տար­բե­րու­թեան ու­րիշ մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է՝ ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը։

Ա­պե­րախ­տու­թիւնն ալ մեր­ժում մըն է ճշռար­տու­թեան։ Ուս­տի մարդ, ա­պե­րախ­տու­թիւն ցոյց տա­լով զանց կ՚ը­նէ կամ կը մեր­ժէ ճանչ­նալ ճշմար­տու­թիւ­նը, զոր օ­րի­նակ՝ աս­տուա­ծա­յին սէ­րը եւ տալ Ա­նոր սէր, ան­կեղծ սէր՝ փո­խա­նա­կե­լով Ա­նոր սի­րոյն։

Գաղ­ջու­թիւ­նը, ընդ­հա­նրա­պէս, որ կ՚են­թադ­րէ վնա­սա­կար չէ­զո­քու­թիւն, մարդս ան­շար­ժու­թեան եւ ամ­լու­թեան կը մատ­նէ եւ ան­տար­բե­րու­թեան մէկ կերպն է։ Ար­դա­րեւ ան­կողմ­նա­կալ ըլ­լալ՝ չէ­զոք ըլ­լալ չի՛ նշա­նա­կեր. ան­կողմ­նա­կալ մար­դը ար­դար մա՛րդ է, բայց չէ­զոք՝ բնա­ւո­րու­թեամբ գաղջ մար­դը ան­շարժ, եւ ան­շար­ժու­թեամբ վնաս պատ­ճա­ռող մէկն է։ Գաղջ, այ­սինքն ան­շարժ, ա­նաշ­խատ մար­դը կը վա­րա­նի, կ՚ան­տե­սէ, կը յու­լա­նայ պա­տաս­խա­նել կամ փո­խա­դար­ձել աս­տուա­ծա­յին սի­րոյն։

Ա­մէն մութ եւ խա­ւար պատ­մու­թեան վերջ­նա­բանն է լոյ­սը եւ լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ուս­տի կեան­քին վեր­ջը՝ մա­հը տրտմու­թիւն, ող­բեր­գու­թիւն չէ՛, այլ՝ ու­րա­խու­թիւն։ Անշուշտ, որ մահը «կորուստ» մըն է, եւ ամէն  կորուստ տխուր է եւ տրտմութեան պատճառ կը դառնայ, սակայն հետեւանքը մի՛շտ ուրախութիւն։

Մա­հուան խորհր­դա­նիշ գե­րեզ­մա­նին քա­րը կրնայ գլո­րիլ եւ մե­ռած մար­դը, ան­կեն­դան մար­դը վե­րա­կեն­դա­նա­նալ։ Եւ ան, որ կեան­քի մէջ կ՚ապ­րի միայն տխրու­թիւն, տրտմու­թիւն եւ ա­նոնց վրայ չի տես­ներ, չ՚անդ­րա­դառ­նար յոյ­սին լու­սա­ւոր ծիա­ծա­նին, ի­րա­պէս, ա­նոր կեան­քը կը լե­ցուի միայն ցա­ւով, սար­սա­փով եւ խա­ւա­րը կը պա­տէ ամ­բողջ հո­գին. վա՜յ ա­նոր, ի­րա­պէս վա՛յ ա­նոր, քա­նի որ ան կորսն­ցու­ցած է իր յոյ­սը՝ կեան­քի լոյ­սը եւ ու­րա­խու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ, Յի­սուս ա­մէն ա­տեն, ա­մէն պա­րա­գա­յի, միշտ նոյն խօս­քը կ՚ը­սէր. «Քա­ջա­լե­րուէ՛»։ Ան վստա­հու­թիւն ու­նէր Հօր եւ ի զուր չէր այդ վստա­հու­թիւ­նը եւ կ՚ու­զէր, որ ա­մէն մէկս ու­նե­նանք նոյն վստա­հու­թիւ­նը Ի­րեն նկատ­մամբ։ Ան ան­սահ­մա­նօ­րէն յոյս ու­նէր, որ ա­մէն նե­ղու­թիւն պի­տի ոչն­չա­նայ եւ ու­րա­խու­թիւ­նը տի­րա­կան պի­տի ըլ­լայ վեր­ջա­պէս։

Ան որ յոյս չու­նի՝ ան հե­ռո՜ւ է լոյ­սէն։

Յոյ­սը նա­խա­տի­պարն է լոյ­սին, ո­րուն մէ­ջէն կը ճա­ռա­գայ­թէ պայ­ծառ ու յստակ։ Ուս­տի այս ի­րո­ղու­թեան գի­տակ­ցու­թիւնն է, որ եր­ջա­նիկ կ՚ը­նէ մար­դը։

Լոյ­սը եւ յոյ­սը ան­բա­ժան ու­ղե­ցոյց­ներն են մար­դուն՝ որ նպա­տակ ու­նի հաս­նե­լու ե­րա­նու­թեան։ Ար­դա­րեւ ան­ցա­ւոր կամ ժա­մա­նա­կա­ւոր եր­ջան­կու­թիւն­նե­րը պէտք չէ ըլ­լան մար­դուն վերջ­նա­կան նպա­տա­կը, այլ մա­նա­ւանդ ան պէտք է նպա­տակ ու­նե­նայ ե­րա­նու­թիւ­նը։

Նա­խա­պէս ը­սինք, որ չէ­զոք մար­դը ան­շարժ մարդ է՝ ամ­լու­թեան մատ­նուած է։ Չէ­զոք մար­դը, ա­հա­ւա­սիկ կը գո­հա­նայ ժա­մա­նա­կա­ւոր եր­ջան­կու­թեամբ եւ չ՚աշ­խա­տիր հաս­նե­լու ե­րա­նու­թեան։ Ան իր մէջ կը ներ­փա­կէ սի­րոյ մղու­մին մեր­ժու­մը, քա­նի որ ան­տար­բեր է ա­մէն գե­ղեց­կու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան, ա­մէն բարձր ար­ժէք­նե­րու, ո­րոնք վե՛ր կը բռնեն իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։ Ան­տար­բե­րու­թեան կերպ մըն է նաեւ հեղ­գու­թիւ­նը կամ ը­սենք, հո­գե­ւոր ծու­լու­թիւ­նը։

Հո­գե­ւոր ծու­լու­թեամբ, մարդ կ՚եր­թայ մին­չեւ իսկ մեր­ժե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը՝ որ կու գայ Աս­տուծ­մէ։

Մե­լա­մաղ­ձոտ մար­դիկ հո­գե­պէս տկար ան­հատ­ներ են եւ կը նա­խընտ­րեն միշտ տխուր ըլ­լալ։ Չէ՞ք խոր­հիր սի­րե­լի­ներ, որ ան­տար­բե­րու­թեան տար­բեր մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ըլ­լայ այս վի­ճա­կը մար­դուն։

Կը տես­նուի, թէ շատ մը տկա­րու­թիւն­նե­րու կամ մո­լու­թիւն­նե­րու խո­րը կը գտնուի ան­տար­բե­րու­թիւ­նը, որ ինք­նին ա՛խտ մըն է…։

Նե­ղու­թեան ու ցա­ւի մէջ ու­րա­խու­թեան պատ­ճա­ռը՝ մար­դուն ու­րիշ­նե­րու հա­մար նուի­րուե­լու, ա­նոնց օգ­տա­կար ըլ­լա­լու ազ­նիւ զգա­ցումն է։ Եւ ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ են ա­նոնք՝ որ բա­րո­յա­պէս կ՚ապ­րին այդ զգա­ցու­մը, եւ կը ծա­ռա­յեն ան­կեղ­ծօ­րէն, ա­ռանց ո­րե­ւէ ակն­կա­լու­թեան։ Տա­լը միշտ ա­ւե­լի եր­ջան­կա­բեր է քան առ­նե՛­լը։ Եր­ջա­նիկ է այն՝ որ կ՚ապ­րի թէ՛ տրտմու­թիւն եւ թէ ու­րա­խու­թիւն միա­ժա­մա­նա՛կ, եւ կրնայ ներ­դաշ­նա­կել զա­նոնք իր կեան­քին մէջ։

Եւ միայն վեհ ու ազ­նիւ հո­գի­նե­րու յա­տուկ է այս եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ ի­րա­կան եր­ջան­կու­թիւ­նը։

Միայն ու­րախ եւ ծա­ռա­յա­սէր հո­գի մը կրնայ ճշմա­րիտ սի­րով սի­րել «ու­րիշ» մը եւ ա­նոր միա­միտ ըն­կե­րու­թեան մէջ կը գտնէ ու­րա­խու­թիւ­նը, բերկ­րու­թիւ­նը։ Ու­րախ հո­գին միայն կը սի­րէ։ Ու­րախ սիրտ մը միայն կրնայ լա­ւա­տես ըլ­լալ, յոյ­սին վեր­ջա­ւո­րու­թեան լոյ­սը տես­նել, մու­թէն եւ խա­ւա­րէն չսար­սա­փիլ եւ սպա­սել լու­սա­ւո­րու­թեան։

Տրտմու­թիւնն ու ու­րա­խու­թիւ­նը միան­գա­մայն ապ­րե­լու զօ­րու­թիւ­նը եւ վեհ հո­գին ու­նե­ցող մը կրնայ ապ­րիլ կեանք մը՝ որ գի­տէ, թէ միայն ի­րեն հա­մար չէ՛, այլ նոյն կեան­քը ապ­րող­ներ կան իր ամ­բողջ շուր­ջը։

Տրտմու­թիւ­նը եւ ու­րա­խու­թիւ­նը հա­կա­սա­կան զգա­ցում­ներ չեն, այլ՝ կը բխին զգայ­նու­թեան նոյն մա­կար­դա­կէն, ամ­բողջ կեան­քի մը տե­ւո­ղու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 5, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2015