ԵՐԿՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

Յի­սուս այս ա­ռա­կը պատ­մե­լէ ա­ռաջ կը հարց­նէ. «Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը»։ Ար­դա­րեւ պատ­մուածք­նե­րու նպա­տակն է՝ դիւ­րին հասկ­նա­լի դարձ­նել գա­ղա­փար մը, սկզբունք մը եւ կա­րե­ւոր է խօ­սակ­ցու­թեան մաս­նա­կից ը­նել ա­մէն ա­նոնք, ո­րոնք կը հե­տաքրք­րուին եւ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նեն խօս­քին, խօ­սուած­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ միա­կող­մա­նի եւ եր­կար խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը այն­քան ար­դիւ­նա­ւոր եւ նպա­տա­կա­յար­մար չ՚ըլ­լար, քան խօ­սակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցե­լու ա­ռիթ տրուած մի­ջա­վայ­րի մը մէջ կա­տա­րուած­նե­րը։

Խօ­սակ­ցիլ, ար­դէն կը նշա­նա­կէ փո­խա­դարձ խօ­սիլ, ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ ար­ժէք ըն­ծա­յել մարդ­կա­յին մտքին եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, մա­նա­ւանդ վե­րո­յի­շեալ ա­ռա­կի պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին Յի­սու­սի գոր­ծե­լա­կեր­պը ա՛յս է՝ մա­սնա­կի՛ց ը­նել լսող­նե­րը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով իր խօս­քե­րուն կը սկսի հար­ցու­մով մը.

«Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը»։­

Ու­րեմն այս ընդ­հա­նուր խորհր­դա­ծու­թե­նէն ետք՝ մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը դարձ­նենք ա­ռա­կին։

«Մարդ մը եր­կու զա­ւակ­ներ ու­նէր։ Ա­ռա­ջին զաւ­կին գնաց ու ը­սաւ.- Տղա՛ս, այ­սօր այ­գի գնա՛ աշ­խատ­նե­լու։ Ա­նի­կա պա­տաս­խա­նեց, ը­սե­լով.- Կ՚եր­թամ, հայ­րիկ։ Բայց չգնաց։ Ա­պա հայ­րը միւս զաւ­կին գնաց եւ նոյ­նը ը­սաւ։ Երկ­րորդ զա­ւա­կը պա­տաս­խա­նեց.- Չե՛մ եր­թար։ Բայց յե­տոյ զղջաց ու գնաց։

«Արդ, այս եր­կու­քէն ո՞ր մէ­կը իր հօ­րը կամ­քը կա­տա­րած ե­ղաւ» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 28-31)։­

Եր­կու որ­դի­նե­րուն ա­ռա­կին ա­ռա­ջին մասն է այս, որ հար­ցու­մով մը կը վեր­ջա­նայ, ինչ­պէս սկսած էր հար­ցու­մով մը. «Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը»։­

Ե­կէ՛ք, ու­րեմն սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, մենք ալ մե­զի հարց­նենք նոյն հար­ցու­մը եւ խոր­հե­լով, դա­տե­լով ջա­նանք պա­տաս­խա­նել հար­ցու­մը եւ յայտ­նել մեր կար­ծի­քը այս մա­սին։

Մա՛րդ թող չը­սէ, թէ կար­ծիք մը չու­նի այդ մա­սին, եւ կամ մա՛րդ չմտա­ծէ, որ ան­կա­րե­ւոր է իր կար­ծի­քը։ Իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի կար­ծի­քը կա­րե­ւոր է եւ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ, քա­նի որ մարդ բա­նա­ւոր էակ մըն է, կը խոր­հի, կը մտա­ծէ, կը դա­տէ եւ ո­րո­շում մը կու տայ։

Սխալ կամ ճիշդ, ա­մէն կար­ծիք ար­ժէք մը կը ներ­կա­յաց­նէ, բա­ժին ու­նի ժշմա­րի­տը եւ ու­ղի­ղը գտնե­լու մէջ։ Ուս­տի, տար­բեր կար­ծիք­ներ, զա­նա­զան գա­ղա­փար­ներ պի­տի ըլ­լան՝ որ­պէս­զի ա­նոնց մէ­ջէն ճշմար­տու­թեան լոյ­սը յայտ­նուի։ Հա­պա ե­թէ մէկ կար­ծիք ըլ­լայ, մէկ գա­ղա­փար, եւ այդ մէկն ալ սխալ ըլ­լայ, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ճշմար­տու­թեան յայտ­նու­թիւ­նը։ Ուս­տի սխալ­ներ պի­տի ըլ­լան՝ որ­պէս­զի ա­նոնց բաղ­դատ­մամբ եւ հա­մե­մա­տու­թեամբ շի­տա­կը, ու­ղի­ղը եւ ճշմա­րի­կը յայտ­նուի, ե­րե­ւան գայ։ Ու­րեմն՝ ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, այս հար­ցու­մը ո՜ր­քան կա­րե­ւոր եւ նոյ­նիսկ անհ­րա­ժեշտ է ճշմար­տու­թեան հա­մար…։

Ան­շուշտ ա­սի­կա Յի­սու­սի խօս­քե­րուն հա­մար խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ՛, քա­նի որ Ա­նոր ա­մէն մէկ խօս­քը ճշմար­տու­թի՛ւն է, ի­մաս­տու­թիւն՝ որ ան­վի­ճե­լի է մար­դոց կող­մէ։ Բայց Յի­սուս իր այս հար­ցու­մով կ՚ու­զէ օ­րի­նակ ըլ­լալ, տի­պար ըլ­լալ մար­դոց՝ որ ընդ­հան­րա­պէս ի­րենք զի­րենք ի­րա­ւա­ցի, ար­դար եւ ճշմար­տու­թիւ­նը խօ­սող, ճշմար­տու­թեան թարգ­ման կը նկա­տեն։

Մար­դիկ ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու, թէ ան­կա­տար, թե­րի ա­րա­րած­ներ են, ընդ­հան­րա­պէս ե­սա­մոլ են ի­րենց մտքին ու մտա­ծո­ղու­թեան, գի­տե­լիք­նե­րու եւ գի­տու­թեան տե­սա­կէ­տով։

Ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել փոր­ձե­ցէք սի­րե­լի­նե՜ր, ընդ­հան­րա­պէս երբ ո­րե­ւէ նիւ­թի մը, տե­սա­կէ­տի մը գա­ղա­փա­րի մը շուրջ կը խօ­սին մար­դիկ, շա՜տ հա­զուա­դէպ է, որ ա­նոնք սկսին ի­րենց խօս­քին այս հրա­շա­լի՜ հար­ցու­մով. «Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը»։

Չեն հարց­ներ, քա­նի որ միայն ի­րենց կար­ծի­քը ճշմար­տու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, եւ այ­դէպս կը կար­ծեն՝ ի­րենք զի­րենք կը խա­բեն, կար­ծե­լով, թէ ա­մէն մարդ ի­րենց պէս միա­միտ է եւ պի­տի խա­բուի, պի­տի հա­ւա­տայ ի­րենց ան­հիմն ու կաս­կա­ծե­լի, տա­րա­կու­սե­լի կար­ծիք­նե­րուն։ «Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը»։ Այս հար­ցու­մը իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ՝ յար­գանք մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կաց մտքին, մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ բարձր ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան։ «Կար­ծիք» ու­նե­նալ ա­մէն մար­դու ի­րա­ւո՛ւնքն է, սե­փա­կան ար­ժէ­քը, ան­հա՛տ ըլ­լա­լու, ա՛նձ ըլ­լա­լու, մա՛րդ ըլ­լա­լու կա­րե­ւո­րա­գոյն ու անհ­րա­ժեշտ ազ­դա­կը…։

Մար­դուս «բա­նա­ւոր ա­րա­րած» ըլ­լա­լու եզրն է կար­ծի­քը եւ զայն յայտ­նե­լը՝ որ բնա­կան ար­դիւնքն է մտա­ծո­ղու­թեան, դա­տո­ղու­թեան եւ ընտ­րանք մը ը­նե­լու՝ սխալ կամ ճիշդ, բայց ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լու՝ որ մտքին ար­տար­դու­թի­ւը պի­տի ըլ­լայ։ Խոր­հե­լու եւ ո­րո­շե­լու ա­զա­տու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան բնա­կան հե­տե­ւանքն է։ Եւ ո՜ր­քան կա­րե­ւոր է հար­ցնել. «Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը»՝ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման եւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար ընդ­հա­նուր հա­սա­րա­կա­կան-ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ։ Իսկ ան­հա­տա­պէս, ո՜ր­քան կա­րե­ւոր է մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան պահ­պան­մա­նը հա­մար։

Եւ ար­դեօք քա­նի՞ հո­գի կը սկսի խօ­սիլ, Յի­սու­սի նման «Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը» հար­ցու­մը ուղ­ղե­լով իր խօ­սա­կից­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ խօ­սա­կի­ցին կար­ծի­քին յար­գանք ըն­ծա­յել, եւ կամ ա­ռիթ տալ, որ ան ալ իր կար­ծի­քը, գա­ղա­փա­րը յայտ­նէ՝ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, կեն­ցա­ղա­վա­րա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է, պայ­ման մը՝ փո­խա­դարձ քա­ղա­քա­վա­րու­թեան։

Եւ երբ Յի­սուս, որ ճշմար­տու­թիւնն իսկ է, ցոյց կու տայ խո­նար­հու­թիւ­նը հարց­նե­լու՝ թէ ի՞նչ է իր խօ­սա­կից­նե­րուն կար­ծի­քը, ա­պա ու­րեմն մար­դիկ՝ որ եր­բեք չեն կրնար ը­սել, թէ միայն ի­րենց խօս­քը ճշմա­րիտ է եւ ճշմար­տու­թիւն, ինչ­պէ՞ս չեն հարց­ներ. «Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը…»։­

Ուս­տի, փոր­ձենք սկսիլ մեր խօս­քին, մեր խօ­սակ­ցու­թեան սա «ոս­կի բա­նա­լի» հար­ցու­մով եւ ը­սենք. «Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը»։ Խօս­քը այն­քան ազ­դու եւ ար­դիւ­նա­բեր կ՚ըլ­լայ, որ­քան ար­ժէք կ՚ըն­ծա­յուի խօ­սա­կի­ցին մտքին, գա­ղա­փա­րին եւ կար­ծի­քին։ Խօս­քը այն­քան նպա­տա­կա­յար­մար կ՚ըլ­լայ՝ ո՛ր­քան մաս­նակ­ցու­թեան ա­ռիթ կը տրուի բո­լոր խօ­սա­կից­նե­րուն՝ խօ­սո­ղին հետ ո՛չ միա­յն խօսք ը­սո­ղին այլ՝ լսո­ղին, լսող­նե­րուն։

Եւ կար­ծիք­նե­րու, գա­ղա­փար­նե­րու, մտա­ծում­նե­րու փո­խա­նա­կու­թեամբ է, որ մարդ­կու­թիւ­նը կրնայ յա­ռա­ջա­նալ, հաս­նիլ լո՛յ­սին, իր վերջ­նա­կան նպա­տա­կին, ճշմար­տու­թեան՝ ո­րուն կո­չուած է իր ա­րար­չու­թեան օ­րէն իսկ։ Խոր­հե­լու եւ ար­տա­յայ­տե­լու ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ստու­գա­նիշն է՝ հոն ուր կայ ի­րա­ւուն­քի եւ ա­զա­տու­թեան վա­յե­լում՝ հոն կա՛յ ար­ժա­նա­պա­տուու­թի՛ւն…։

Մարդս մա՛րդ է իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թեամբ՝ իր միտ­քով, իր ի­րա­ւուն­քով եւ ա­զա­տու­թեամբ։ Մարդ այս պատ­ճա­ռով միա՛կ բա­նա­ւոր ա­րա­րածն է ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մէջ։

Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, սիրելի՜­ներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 31, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2015