ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Փորձութիւնը մարդկային կեանքին անբաժան փորձառութիւնն է. սակայն Աստուած մարդուն նաեւ կարողութիւնը եւ զօրութիւնը կու տայ, իր ծանրութեան չափին եւ տարողութեան չափին համեմատ՝ որ փորձութիւններու դէմ դնէ։ Մինչեւ այն ատեն, որ «Չար»ը՝ Սատանան այս աշխարհի իշխանն է, փորձութիւնները մարդուն բաժինը պիտի ըլլան։
Charles Grandison Finney (1792-1875թթ.) աւետարանիչին օր մը կը հարցնեն. «Արդեօք սատանան գոյութիւն ունի՞»։ Ան կը պատասխանէ. «Դէ՛մ դիր Սատանային, այն ատեն կը զգաք անոր թոյնին մահացու ուժը»։ Ուստի, մարդ մը եթէ Սատանայէն տակաւին չէ փորձուած՝ այդ կը նշանակէ, որ տակաւին Սատանային դէմ չէ դրած։ Պէ՛տք է Սատանային թշնամի դառնալ՝ ընդդիմանալ եւ այդ պարագային պիտի տեսնուի անոր հնարամտութեան, մարդու դէմ թակարդներ լարելու փորձերը կեանքի մէջ։
Փորձութիւնը մարդուս վրայ կը յարձակի օձի նման։ Կը պատմուի, թէ անհատ մը ժամանցի համար օձերով կը զբաղէր, եւ կը խորհէր, որ եթէ այդ օձերը մարզէր եւ ընտելացնէր՝ կրնար յաղթահարել որեւէ դժուարութիւն։ Ան շարունակաբար կը ներարկուէր հակաօձային թոյներու շիճուկով մը՝ որպէսզի օձին թոյնը իր վրայ չազդէ։ Սակայն, տակաւ առ տակաւ, աստիճանաբար, օձը մեծցաւ, եւ այդ անհատը, որ կը պարծենար իր կարողութիւններով, կը պարծենար ուժով՝ այդ թունաւոր օձին դժբախտ զոհը դարձաւ…
Սիրելի՜ բարեկամներ, մեղքին՝ փորձութեան հետ խաղալ եւ կամ կատակել չ՚ըլլար։ Փորձութիւնները քայլ առ քայլ, օձի թոյնին նման, մարդը կը տապալեն։ Քրիստոնէութիւնը խաղադաշտ մը չէ, քրիստոնէութիւնը պատերազմադա՛շտ է։ Առաքեալը կը զգուշացնէ. «Եւ այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէսզի չար բաներու ցանկացող չըլլանք, ինչպէս անոնք ցանկացան։ Ոչ ալ կռապաշտ եղէք ինչպէս անոնցմէ ոմանք, ինչպէս գրուած է.- Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու, եւ ելան խաղալու։ Եւ պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան, եւ մէկ օրուան մէջ քսաներեք հազար հոգի ինկան։ Եւ Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին եւ օձերէն ջարդուեցան։ Եւ տրտունջք չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտունջ ըրին, եւ սատակիչէն ջարդուեցան։ Բայց այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի, որոնց դարերուն վերջը հասաւ, խրատ ըլլալու համար գրուեցաւ։ Ուստի, ան որ կը սեպէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ, որ չըլլայ թէ իյնայ։ Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ չէ պատահած, բայց Աստուած հաւատարի՛մ է՝ որ ձեզ պիտի չթողու ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիլ, հապա փորձութեան ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլանք համբերել». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 6-13)։
François Marie Arouet-Voltaire (1694-1778թթ.) կ՚ըսէ. «Աստուած մեզ ստեղծեց Իր պատկերին նմանութեամբ եւ մենք ալ կ՚ուզենք փոխադարձել այդ բարիքը»։ Բայց այսօր մենք կ՚ուզենք զԱստուած յարմարցնել մեզի, փոխանակ մենք Անոր յարմարիլ ու նմանելու։
Արդարեւ, աշխարհի վրայ կա՛յ միշտ փորձութիւն, բայց մարդ պէ՛տք է պայքարի եւ հեռանայ ամէն չարէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024