ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐԸ
21-րդ դարու բաց հասարակութիւններու շուքին տակ դիւանագիտական ծառայութեան առընթեր նոր առաքելութիւն կը ստանայ դիւանագիտական խողովակներով փոխանցուած տեղեկատուութեան հասկացողութիւնը: Ներկայ տեղեկատուական յորձանուտին մէջ կը գերիշխեն մեծ ուժերը (մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որ հաղորդակցութեան թեքնոլոժիներու ոլորտի գերուժն է), այնուհետեւ դժուար է պատկերացնել զանազան պետութիւններու դասական դիւանագիտութեան տեղեկատուութեան եղանակի դրսեւուրումներու արդարացիութիւնը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, ԱՄՆ 5 միլիառ մարդու հեռախօսակապերը կը լրտեսէ օրական դրութեամբ, ինչ որ մեծ բաց կը յառաջացնէ իր դիւանագիտական հաղորդակցական կառոյցին եւ միւս պետութիւններու կառոյցներուն միջեւ: Հետեւաբար, եթէ կ՚ուզենք դիտարկել ներկայ համընդհանուր դիւանագիտական տեղակատուութեան բովանդակութիւնն ու ոճը, պէտք է զատորոշել երկու մակարդակ.
ա) ԱՄՆ-ի դիւանագիտական տեղեկատուութեան փոխանակումը իր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս աշխարհին հետ իր կապը:
բ) Միւս երկիրներու դիւանագիտական տեղեկատուութեան փոխանակումը (նոյն երկրի դիւանագիտական մարմիններու եւ միւսներու միջեւ):
Առաջին առանցքին մէջ կ՚իյնայ ԱՄՆ-ի աւելի քան յիսուն երկրի մէջ ունեցած ռազմակայաններու հաղորդած դիւանագիտական տեղեկատուութեան շրջանառութիւնը, ինչ որ նոր ձեւ մը հաղորդեց աշխարհի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն:
Այս նոր աշխարհի բովանդակութեամբ նորակազմ ուժերը ունին երկու ճանապարհ, այսպէս ըսած, արդիականացնելու իրենց դիւանագիտական տեղակատուական տինամիզմը։ Առաջինը՝ ԱՄՆ-ի մեթոտաբանութեան որդեգրումն է (նոյնինքն նոր կառուցուած աշխարհի միջազգային յարաբերութիւններու ամերիկեան տեսութիւններու ալ վրայ): Այստեղ հարկ է նշել, որ ամերիկեան մեթոտաբանութիւնը ուղղակի թեքնոլոժիի օգտագործման առընթեր յաճախ կ՚առաջնորդէ երկրի ներգրաւումը նոյնիսկ ամենաչնչին մանրամասնութիւններուն մէջ (օրինակ՝ Արաբական ծոցի երկիրներու բարձրաստիճան խորհրդատուները ամերիկացիներ են, իսկ անվտանգութեան համակարգը՝ ամերիկեան): Երկրորդը՝ բոլորովին նոր գծի ու մօտեցման որդեգրումն է, ինչ որ ցարդ անկարելի եղած է իրագործել՝ առանց օգտուելու թեքնոլոժիք բարեմասնութիւններէն ու ընթացքէն (հաւանաբար, Հիւսիսային Քորէայի օրինակը միակն է աշխարհին մէջ՝ առանց մեծ արդիւնքներու):
Արդարեւ, դիւանագիտական տեղեկատուութեան ու անոր առարկան՝ տեղեկութեան առաքելութեան ներկայ աշխարհի պրիսմակէն նայելով պիտի նկատենք, որ ինչքան ալ նոյն այդ փոխանակման տեսաբանական ու գիտական մօտեցումը (որուն հետ սերտօրէն աղերսուած է լրատուական ահռելի զարգացումն ու անկէ բխած յորդառատութիւնը) հիմնուած էր ազգային շահու պահպանման ու որեւէ պետութեան անվտանգութեան ապահովման, իսկ ներկայիս իմաստազրկուած է այդ մէկը՝ եթէ նուազագոյն համադրումի մէջ չըլլայ ԱՄՆ-ի համակարգին հետ կամ ամենաչնչին չափով օգտուողը չըլլայ անոր ծառայութիւններէն:
Տեղեկութիւն ու տեղեկատուութիւն ստեղծելու ուրուագիծը միակողմանիօրէն Արեւմուտքէն կու գայ, ինչ որ յաճախ կը պարունակազրկէ պարզ լուր ու տեղեկութիւն փոխանցելու ոճը հարաւ-արեւելեան երկիրներուն մօտ: Միեւնոյն ժամանակ, ազգային անվտանգութեան պահպանման ու տեղ մը կազմումի համակարգը չի բանիր, եթէ ընդհանրականին մասը չըլլայ:
Գերմանացի ընկերաբան մը գուշակեց, որ դիւանագիտական տեղեկութիւններու եւ դիւանագիտական գրականութեան անտեսանելի բոլոր համաձայնութիւններու կամ խօսակցութիւններու հասանելիութիւնն ու բացայայտուածութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ ազատ մետիայի, ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան ու նոյնինքն դիւանագիտութեան աւարտին: Հարկ է նշել, որ «Ուիքիլիքս»ի բացայայտումները կարելի է փորձարկում համարել դիւանագիտութեան մէկ ճիւղին (հանդիպումներու եւ ժողովներու ատենագրութիւններն ու խօսակցութիւնները) հրապարակայնութիւնն ու հասանելիութիւնը ապահովելու, ինչ որ կրնայ լաւ նախադէպ մը համարուիլ եւ նոր շունչ մը բերել քաղաքական աշխարհին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան