Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
Տ. ՇԻՐՎԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄԻՒՐԶԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան երէկ ենթարկուած է գործողութեան մը։ Մասնագէտները երիկամունքի փոխպատուաստման յաջող վիրահատութեան մը ենթարկած են տէր հայրը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ ան ներկայիս բժշկական հսկողութեան ներքեւ, հիւանդանոցի մէջ կը բոլորէ իր ապաքինման շրջանը։ Մասնագէտները շփումներու սահմանափակում հաստատած են, ուստի այս փուլին կարելի չ՚ըլլար վիրահատեալ տէր հօր այցելութեան փութալ։
Այս առթիւ արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանին, նաեւ մեր բարոյական զօրակցութիւնը կը յայտնենք երէցկին Նարօտ Միւրզեանին, որ այս բարդ շրջանին բոլորանուէր զոհողութիւնով կը խնամէ տէր հայրը:
Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024