ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՍԷՐԸ

Ի­րա­պէ՛ս հրա­շա­գործ է սէ­րը, յա­ճախ ան­կա­րե­լին կա­րե­լի եւ ե­րե­ւա­կա­յա­կա­նը ի­րա­կա­նու­թեան կը վե­րա­ծէ ան։

Սէ­րը, ար­դարեւ մեր կեան­քի ան­բա­ժան ու ան­հրա­ժեշտ զգա­ցումն է՝ կեան­քը ա­նով կը սկսի, ա­նոր զօ­րու­թեամբ կը շա­րու­նա­կուի եւ ա­նով կեան­քը կ՚ան­մա­հա­նայ՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի կը փո­խուի։

Թէ ի՞նչ է սէ­րը։ Սէ­րը զգա­ցում մըն է ան­շուշտ՝ ստեղ­ծող, խնա­մող՝ ուժ եւ զօ­րու­թիւն մը, որ սկիզբն է կեան­քին եւ պահ­պա­նո­ղը, յա­ւի­տե­նա­կա­նաց­նո­ղը ա­նոր։ Սէ­րը կեանքն իսկ է  իր ամ­բողջ ե­րես­նե­րով, ամ­բողջ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, ամ­բողջ էու­թեամբ։

Եւ սէ­րը ուժ է եւ զօ­րու­թիւն, հրա­շա­գործ կա­րո­ղու­թիւն, ըն­թացք տուող, ըն­թացք փո­խող ու­ղե­ցոյց մըն է ան։ Ը­սինք, զա­նա­զան մտա­ծող միտ­քեր, ա­մէն շրջա­նի բա­րո­յա­գի­տա­կան դրու­թիւն­ներ բա­ցատ­րած եւ մեկ­նա­բա­նած են սէ­րը։ Բայց սէ­րը պէտք չէ՛ շա՜տ հե­ռու­նե­րը, շա՜տ վեր տե­ղեր փնտռել. քա­նի որ ան զգա­ցում մըն է, եւ մար­դուս նե՛րսն է՝ սրտին մէջ, ե­րակ­նե­րուն մէջ շրջող ուժ մը եւ հրաշք­ներ գոր­ծող զօ­րու­թիւն մը։

Հո­գե­բա­նա­կա­նօ­րէն սէ­րը՝ մար­դուս բարձ­րա­գոյն զգա­ցում­նե­րէն մէկն է՝ որ զգա­ցու­մի ա­ռար­կա­յին նկատ­մամբ գնա­հա­տանք կ՚ու­նե­նայ որ­պէս բարձ­րա­գոյն ար­ժէք։ Ուս­տի այդ զգա­ցու­մը ու­նե­ցող մէ­կը կ՚ի­մաս­տա­ւո­րէ կեան­քը, յա­նուն այդ զգա­ցու­մին պատ­րա՛ստ է զո­հա­բե­րել՝ իր շա­հե­րը եւ նոյ­նիսկ իր ան­ձը։ Նուի­րա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րը մօր՝ զա­ւակ­նե­րուն, փո­խա­դարձ սե­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի, հայ­րե­նի­քի, բարձր ար­ժէք­նե­րու եւ մարդ­կու­թեան նկատ­մամբ, այս բո­լո­րը ան­շուշտ էա­կա­նօ­րէն տար­բեր զգա­ցում­ներ են, թէեւ այդ բո­լո­րը «սէր» են, բայց այդ բո­լոր տե­սակ­նե­րու հա­մար բնո­րոշ է հիմնա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը, թէ՝ սի­րոյ ա­ռար­կան «բարձ­րա­գոյն ար­ժէք» եւ «կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող գոր­ծօն» մըն է։ Ու­րեմն սէ­րը իր ընդ­հա­նուր էու­թեամբ եւ գոր­ծա­ծու­թեամբ ուժ մը, զօ­րու­թիւն մըն է՝ որ կը կար­գա­ւո­րէ ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քը։

Կը պատ­մուի, թէ հին ժա­մա­նակ­նե­րուն, կար կղզի մը՝ ո­րուն վրայ կ՚ապ­րէին մարդ­կա­յին բո­լոր զգա­ցում­նե­րը եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րը։

Ու­րա­խու­թիւն, տխրու­թիւն, ի­մա­ցու­թիւն, ո­ղոր­մու­թիւն, եղ­բայր­սի­րու­թիւն, ե­ւայլն վեհ զգա­ցում­նե­րու եւ բարձր ար­ժէք­նե­րու հետ միա­սին կ՚ապ­րէր նաեւ նուի­րա­կան, բա­ցար­ձակ եւ բարձ­րա­գոյն միակ սէ՛­րը։ Եւ բո­լորն ալ եր­ջա­նիկ կ՚ապ­րէին…։

Օր մը, զգա­ցում­նե­րը նկա­տե­ցին, որ կղզին հետզ­հե­տէ կը ծած­կուի ջու­րով եւ կը մնայ ջու­րին տակ։

Բո­լո­րը նստան ի­րենց նա­ւե­րը եւ լքե­ցին կղզին։

Սէ­րը, սա­կայն չէր ա­ճա­պա­րեր եւ կը սպա­սէր մին­չեւ վեր­ջին պա­հե­րը։ Երբ կղզին ամ­բող­ջու­թեամբ ջու­րին տակ մնաց եւ գրե­թէ բո­լո­րո­վին կոր­սուե­ցաւ, եւ այն ա­տեն սէ­րը հասկ­ցաւ, թէ այ­լեւս յոյս չկայ՝ թէ կղզին կը փրկուի, սկսաւ օգ­նու­թիւն կան­չել։

Մօ­տէն կ՚անց­նէր «Հարս­տու­թեան» շքեղ նա­ւը։

Սէ­րը ան­կէ խնդրեց փրկել զինք. սա­կայն «Հարս­տու­թիւն»ը ը­սաւ, որ նա­ւին վրայ ա՜յն­քան թան­կար­ժէք ի­րեր, ոս­կի եւ ար­ծաթ կայ, որ սի­րոյ հա­մար տեղ չկայ, եւ ու­րեմն չի՛ կրնար առ­նել զինք։

Այն ա­տեն սէ­րը դի­մեց «Գո­ռո­զու­թեան»։

­Գո­ռո­զու­թիւ­նը, նոյն­պէս կ՚անց­նէր ջրա­մոյն ե­ղած կղզիին մօ­տէն, բայց որ­պէս պա­տաս­խան ը­սաւ, թէ՝ իր ներ­կա­յու­թիւ­նը կը խախ­տէ Գո­ռո­զու­թեան նա­ւի վրայ տի­րող կա­նո­նա­կար­գուա­ծու­թիւ­նը եւ կա­տա­րե­լու­թիւ­նը։ Սէ­րը ար­գե՛լք մըն էր ի­րեն հա­մար։

Այ­նու­հե­տեւ, սէ­րը տես­նե­լով «Տխրու­թեան» նա­ւը՝ ա­ղեր­սան­քով, ա­ղա­չան­քով դի­մեց ի­րեն։

«Օ՜, Սէր», պա­տաս­խա­նեց Տխրու­թիւ­նը. «ես ա՜յն­քան տխուր եմ, որ պէտք է մի­նա՛կ մնամ»։­

Եւ Տխրու­թիւ­նը, կղզիին մօ­տէն իր նա­ւով ան­ցաւ ու գնաց, հե­ռա­ցաւ…։

Այդ մի­ջո­ցին կղզիին մօ­տէն կ՚անց­նէր «Ու­րա­խու­թեան» նա­ւը։ Ձայ­նեց Սէ­րը ի­րեն, բայց ան այն­քան ու­րախ էր, որ չլսեց ան­գամ Սի­րոյ ա­ղեր­սան­քը։

Յան­կարծ, սի­րոյ ա­կան­ջին ձայն մը հա­սաւ.

«Ա­րի՛, սէր, ես քեզ կը փրկեմ, ին­ծի հետ ե­կուր»։

­Սէ­րը, զար­ման­քով դէ­պի ձայն դար­ձաւ եւ տե­սաւ ա­լե­ւոր ծե­րու­նի­ մը, եւ ա՜յն­քան ու­րա­խա­ցաւ, որ նոյ­նիսկ մոռ­ցաւ հար­ցնել ա­նոր ա­նու­նը։

Եւ երբ սէ­րը եւ ա­լե­ւոր ծե­րու­նին ցա­մաք հա­սան, սէ­րը ի­ջաւ նա­ւէն, իսկ ծե­րու­նին շա­րու­նա­կեց իր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը։ Եւ ան­յայ­տա­ցաւ ա­նոր նա­ւա­կը։

Երբ բո­լո­րո­վին ան­յայ­տա­ցաւ ծե­րու­նիին նա­ւը, եւ ա­նե­րե­ւոյթ ե­ղաւ սի­րոյ տե­սա­դաշ­տէն՝ սէ­րը յան­կարծ սթա­փե­ցաւ, արթն­ցաւ. յի­շեց, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն իսկ չէր յայտ­նած ծե­րու­նիին։

Եւ սէ­րը դի­մեց ի­մա­ցու­թեա­նը։

«Ի­մա­ցու­թի՛ւն», ը­սաւ, «ը­սէ ին­ծի ո՞վ էր իմ փրկի­չը»։

«Ան Ժա­մա­նակն էր», պա­տաս­խա­նեց ի­մա­ցու­թիւ­նը։

«Ժա­մա­նա՞­կը», զար­ման­քով հար­ցուց սէ­րը. «յա­նուն ի՞ն­չի ան ին­ծի օգ­նեց»։­

Ի­մա­ցու­թիւ­նը նա­յե­ցաւ սի­րոյ շփո­թուած դէմ­քին եւ պա­տաս­խա­նեց.

«Միա՛յն ժա­մա­նա­կը գի­տէ, միա՛յն ան կը հասկ­նայ՝ ո՜ր­քան կա­րե­ւոր է սէ­րը կեան­քին մէջ»։

Եւ ա­ռաս­պե­լա­կան սէ­րը շա­րու­նա­կեց իր ըն­թաց­քը՝ կեան­քի ան­վերջ ճամ­բուն վրայ, միշտ ե­րախ­տա­պարտ զգա­լով ինք­զինք, ժա­մա­նա­կի նկատ­մամբ՝ թէեւ ա­լե­ւոր բայց միշտ ա­ռոյգ եւ կեն­սու­նակ ժա­մա­նա­կին…։

Իմ շա՜տ սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, սէ­րը կ՚ա­ճի ժա­մա­նա­կին մէջ, սէ­րը կը զար­գա­նայ կեան­քին մէջ եւ ու­րիշ ո՛չ մէկ զգա­ցում, դիրք կամ վի­ճակ կ՚օգ­նեն ա­նոր, բայց միայն ժա­մա­նա­կը՝ որ կ՚անց­նի ու կ՚եր­թայ անզ­գա­լա­բար եւ շատ ան­գամ չենք անդ­րա­դառ­նար նոյ­նիսկ, չենք հասկ­նար ա­նոր յարգն ու ար­ժէ­քը՝ ո­րուն մէջ կա՛յ միշտ սէ­րը…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 30, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015