ԻՍՐԱՅԷԼԱԿԱՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ
Մեր թուականէն 188 տարիներ առաջ՝ 1840 թուականին Դամասկոսի մէջ հրեայի մը կողմէ կը սպաննուի կաթոլիկ քահանայ մը եւ այդ դէպքը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի իսրայէլացի ժողովուրդին դէմ հալածանք մը ծնունդ առնէ. այդ հալածանքները երկար տարիներ կը շարունակուին՝ մինչեւ 1858 թուականը. այդ թուականին այլ դէպք մը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի սաստկանայ իսրայէլացի ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած հալածանքները եւ այս բոլորին լոյսին տակ վեց եսրայէլացի՝ ուսուցիչ ու վաճառական, կ՚որոշեն Փարիզի մէջ հիմնել «Իսրայէլական տիեզերական միութիւն»: Այս միութիւնը կը կազմուի ո՛չ միայն հալածանքներու պատճառով, այլ որպէսզի յաջողին սփիւռքի տարածքէն ներս ապրող իսրայէլացի ժողովուրդին մէջ պահեն իրենց դաստիարակութիւնը, կրթութիւնն ու աւանդութիւնները:
Այս նիւթը մեծապէս կարեւոր կը նկատենք հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, որովհետեւ նոյն սփիւռքը որ մենք ունինք այսօր՝ շատ աւելիով ունէին իրենք, սակայն ի՛նչ իմաստութեամբ յաջողեցան պահել մշակոյթ, լեզու, կրօն ու աւանդութիւնները եւ յաջողեցան ստեղծել իրենց նախահայրերուն երազը՝ մերօրեայ Իսրայէլը:
Մեր թուականէն 115 տարներ առաջ՝ 1909 թուականին մամուլի մէջ կը գրուէր հետեւեալը. «Համեստ սկզբնաւորութենէն՝ Իսրայէլական տիեզերական միութիւնը հետզհետէ զարգանալով, հիմա եղած է կրթական եւ բարեգործական հսկայ հաստատութիւն մը, որ Արեւելքի մէջ կը պահէ 150 վարժարաններ, 45 հազար աշակերտներու համար, բացի ուրիշ օգտակար գործունէութիւններէ»:
Մերօրեայ Իսրայէլը կը հաշուէ մօտաւորապէս ինն միլիոն, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ 1900-ական թուականներու սկիզբները իսրայէլացի ժողովուրդի թիւը հազիւ 700 հազար էր. նոյն թուականներուն հայ ժողովուրդի թիւը մօտաւորապէս 2 միլիոն էր: Ինչպէս մամուլը եւ գրականութիւնը, այնպէս ալ միութիւններու գոյութիւնը զարգացած է Պոլսոյ մէջ. օրինակի համար, 1800 թուականներուն Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ունեցած է «Վասն տնանկաց» միութիւնը, որմէ ետք հիմնուած է Պոլսոյ «Բարեգործական ընկերութիւն»ը, որոնց նպատակն էր օգնել աղքատ ընտանիքներուն եւ ուսման պայմաններ ստեղծել անոնց մանուկներուն համար:
Մեծ սփիւռք ունեցող հայ ժողովուրդը եւս փորձեց իսրայէլացի ժողովուրդի նմանութեամբ հիմնել ընդհանուր միութիւն մը՝ նոյն նպատակները հետապնդելով, սակայն ինչպէս միշտ՝ հայ ժողովուրդը այդ գաղափարին շուրջ եւս չի՛ կրցաւ մէկ ըլլալ. փոխանակ ամբողջ իրենց ուժը մէ՛կ կազմակերպութեան վրայ կեդրոնացնելու ծնունդ առին մի քանի հաստատութիւններ՝ որոնցմէ հազիւ մէկ երկուն տակաւին կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահել. անոնցմէ առաջինը հիմնուած էր Եգիպտոսի մէջ՝ 1906 թուականին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն (ՀԲԸՄ) անուան տակ. այս միութեան նպատակն էր ամէն կերպ աջակցիլ հայ ժողովուրդի զաւակներուն. այս միութիւնը սկիզբ առաւ Պօղոս Նուպար փաշայի եւ մեր ժողովուրդի կողմէ գրեթէ մոռցուած մշակութային գործիչ Երուանդ Աղաթոնի կողմէ: Այս միութիւնը Իսրայէլական տիեզերական միութեան նման ունեցաւ մեծ յաջողութիւններ. 1938 թուականին միութեան կողմէ հրատարակուած մէկ պարբերականին մէջ կը կարդանք. «Հ.Բ.Ը. Միութիւնը այսօր աշխարհի չորս ցամաքամասերուն մէջ ունի 192 մասնաճիւղեր՝ 10 հազար անդամներով։ Կը հովանաւորէ 142 վարժարաններ՝ 16.100 աշակերտներով»:
ՀԲԸՄ-ը կուսակցութիւն մը չէ. անոր հիմնադրութեան պատճառը՝ ինչպէս անունը կը յուշէ բարեգործութիւն է եւ կը հաւատանք, որ անուրանալի է անոր ունեցած դրական ազդեցութիւնը մեր սփիւռքի գաղութներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքէն ներս:
Երկրորդ մեծագոյն միութիւններէն մէկը հիմնուած է 1928 թուականին՝ «Համազգային հրատարակչական ու մշակութային միութիւն» անուան տակ. այնպէս ինչպէս ՀԲԸՄ-ի պարագային, այստեղ եւս կը տեսնենք մեծանուն հայեր. ինչպէս օրինակ, Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան. յատկանշական է, որ Համազգայինը եւս կը հիմնուի Եգիպտոսի մէջ (պէտք է յատուկ ձեւով անդրադառնալ Եգիպտոսի գաղութին մեր ազգային կեանքէն ներս ունեցած դրական դերին մասին):
Համազգայինը հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն նպատակ կ՚ունենայ սատարել հայ մշակոյթին, հայ դպրութեան. աշխատիլ հայ լեզուի եւ հայկական արժէքներու պահպանման գործով: Այս միութեան հիմնական նպատակներէն էր օժանդակել հայապահպանման բոլոր ճիգերուն, ազգային նշանակութիւն ունեցող աւանդութիւններուն:
Այսօր Համազգայինի հովանիին ներքեւ կը գտնուին բազմաթիւ դպրոցներ ու կառոյցներ, ուր հասակ առնող նոր սերունդը կը փորձէ ինքզինք աւելի մօտ զգալ իր արեան կանչին՝ իր հայութեան:
Նման կառոյցներ «անձեր»ու սեփականութիւնները չե՛ն, ո՛չ ալ կուսակցութեանց ձեռքը «գործիք»ներ են. նման հաստատութիւններ կը պատկանին բոլորին՝ մեր ազգին, հիմնուած այս կամ այն մեծանուն հայու զոհողութիւններով, պարզապէս բարձր պահելու համար հայու արժանապատուութիւնը: Մեր երազն է, որ մեր կազմակերպութիւնները եւս Իսրայէլական տիեզերական միութեան նման յաջողին ստեղծել ա՛յն Հայաստանը, որուն երազը ունէին մեր պապերը, որուն երազը ունինք այսօր մենք:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ աշխարհի մէջ ծառեր չըլլային:
Պատասխան. Եթէ աշխարհի մէջ ծառեր չըլլային, հետեւանքը աղէտալի կ՚ըլլար. ծառերը վճռորոշ դեր ունին պահպանելու եւ հաւասարակշռելու կենսոլորտը: Առանց ծառերու աշխարհի ջուրի շրջանառութիւնը կը խախտի եւ առիթ կու տայ եղանակներու փոփոխութեան. մթնոլորտին մէջ թթուածինի մակարդակը զգալիօրէն կը նուազի՝ ազդեցութիւն ունենալով մարդոց եւ անասուններու շնչառութեան: Ծառերը օգտակար են կլիմայի փոփոխութեան համար եւ անոնց չգոյութիւնը վտանգի տակ կը դնէ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող շատ մը տարրերու, ինչպէս նաեւ մարդու գոյութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024