ՃԱԿԱՏԱԳՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

«Ճակատագրապաշտութիւն», «fatalisme» կը նշանակէ՝ անհատներու կեանքի ճշդորոշում՝ նախքան ծնունդը, յղութեան օրէն սկսեալ՝ նախասահմանուած՝ որոշադրուած, որ է՝ «déterminisme»։

Արդարեւ, ճակատագրապաշտութիւնը հաշտեցնել մարդուն «ազատ կամք»ի վարդապետութեան հետ, դժուարին հարց մըն է։ Բայց սա ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ եթէ աստուածային արարչագործութեան եւ ստեղծագործութեան լայն անկիւնէ մը նայուի՝ «ծրագիր»ի մը գոյութիւնը անվիճելի՛ է։ Աստուած ամբողջ ստեղծագործութիւնը կատարեց «նպատակ»ի մը համար եւ նպատակի մը հասնելու համար նախապէս ծրագիր մը պատրաստել բնական է ե՛ւ անհրաժեշտ։ Ապա ուրեմն, ընդհանրապէս «ճակատագիր» ըսուածը կրնանք բացատրել ծրագրի մը լայն շրջանակին մէջ փոքր շրջանակ մը՝ ծառայելու համար մեծ եւ լայն շրջանակին՝ ծրագրին կատարման։

Երբեմն կ՚ըսեն, որ եթէ «ճակատագիր» կայ, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կ՚աղօթենք, արդէն պիտի պատահի այն՝ ի՛նչ որ «գրուած» է նախապէս։

Բայց եթէ ընդունինք, որ «ճակատագիր»ը ստեղծագործութեան ծրագրին փոքր մէկ մասն է, միաժամանակ, պէտք է ընդունիլ, որ աստուածային ստեղծագործութիւնը տակաւին չէ՛ վերջացած, չէ՛ կատարեալին հասած եւ թէ անոր ընթացքը կը շարունակէ։ Եւ եթէ ծրագրին ընթացքը տակաւին իր վերջաւորութեան հասած չէ, ապա ուրեմն կարելի է, որ անոր վրայ փոփոխութիւններ կատարուի, ինչպէս եւ ճակատագիր անուանուած իրողութեան վրայ։

Արդարեւ, բնութիւնը տեւապէս բարեփոխութեան ընթացքի մը մէջ է. ընթացք մը՝ որ կարելի չէ ուրանալ, քանի որ այդ ընթացքին ականատես են եւ վկայ մարդիկ՝ որոնք գիտեն ուշադրութեամբ դիտել իրենց շուրջը՝ բնութիւնը, ընկերային կեանքը, մարդկութեան յառաջդիմութիւնները եւ այլն։

Մարդը թէեւ ներքնապէս նոյն «մարդ»ն է, բայց արտաքնապէս բարեփոխուած է. «հին մարդը» վերածուած է «նոր մարդի» եւ թէ պիտի շարունակուի տակաւին այս ընթացքը։

Ուրեմն, աստուածային-բնական ընթացքը կ՚ընթանայ միշտ դէպի լաւագոյնը, միշտ դէպի լաւը եւ կատարեա՛լը։ Այս իմաստով եթէ խորհինք, աղօթքը կարեւոր դեր կը խաղայ մարդկային կեանքին մէջ։ Եւ եթէ մարդ խոր խորհի, թափանցէ ճշմարտութեան, հոն պիտի տեսնէ, որ բնութիւնը տեւական փոփոխութեան մէջ է եւ այս ճշմարտութիւնը կը հերքէ՝ կը ջրէ «ճակատագիր» հասկացողութիւնը։

Ճակատագրապաշտ ըլլալ կը նշանակէ մարդկային արժէքներ՝ դատելու, որոշելու, բարին հետապնդելու ազատութիւնը ուրանա՛լ։ Կերպով մը, պատրուակ գտնելու միջոց մըն է պարտութիւններու, անյաջողութիւններու անիկա. մերժել քաջութիւնը, ի՛նչ որ պատուիրած է Յիսուս։

Վերջապէս, «ճակատագիր»ը պէտք չէ՛ շփոթել «Աստուծոյ կամք»ին հետ։

Աստուծոյ կամքը միշտ բարի՛ է, բայց ճակատագիր ըսուածը, ընդհանրապէս յուսահատական եւ ո՛չ-բարի։ Երբեմն կրնայ մարդուս կամքը չհամաձայնիլ Աստուծոյ կամքին, այն պատճառով, որ մարդուս «բարի»ի ըմբռնումը կրնայ ներհակ ըլլալ «բարի»ին էութեան։ Այն պարագային, անշուշտ, չի կատարուիր մարդուն կամքը. բայց ասիկա «ճակատագիր»ով բացատրել սխալ է եւ թերահաւատութեան նշան։

Մարդ, իր ազատ կամքով պատասխանատո՛ւ է իր բոլոր արարքներուն, ինչ որ կարելի չէ եւ անիմաստ՝ բացատրել այդ պատասխանատուութեան արդիւնքը «ճակատագիր»ի պատրուակով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024