ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԱԼԻԱ

Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, շաբաթավերջին մեկնեցաւ Անթալիա, ուր տեղւոյն Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց հայածէս կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը։ Իրեն կ՚ընկերանար Արթիւր Ուր. Դպիր Պաղտասարեան։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, տէր հայրը խօսեցաւ խրատական մը:

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին յիշուեցան ներկայ հաւատացեալներու ի Քրիստոս ննջած ազգականները։ Ապա տէր հայրը կատարեց փոքրիկ Արդեմի-Արթիւրի մկրտութիւնը։

Տէր հայրը նոյն երեկոյեան վերադարձաւ Հաթայ, իսկ Արթիւր Ուր. Դպիր՝ Իսթանպուլ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024