ՄԻ՛ ՅՈԳՆԻՔ… ՄԵՆՔ ՄԵԶ Կ՚ՈՉՆՉԱՑՆԵՆՔ
Մեր դժբախտ վիճակին վրայ ծիծաղելու համար պայման չէ ունենալ Պարոնեան կամ Օտեան. մեր քաղաքական կեանքն ու անտրամաբանական անցուդարձերը երգիծանքի մեծագոյն աղբիւր են՝ միշտ լեցուն անակնկալներով եւ ինչպէս արեւելահայ մը պիտի ըսէր՝ «բոց»երով: Մեծագոյն երգիծանքը այն է, որ ամբողջութեամբ իրարու հակառակ ու թշնամի ըլլալով, նոյն նպատակները հետապնդել կը փորձեն՝ ստեղծել ազատ ու անկախ Հայաստան մը. այլ խօսքով կ՚ուզեն ստանալ հինգ պատասխանը, սակայն կը վիճին գիտնալու համար, թէ երե՞քը պէտք է գումարել երկուքին՝ թէ երկուքը երեքին: Վստահաբար ուրիշ մը պիտի գայ եւ առաջարկէ մէկը չորսին գումարել եւ իր դէմը գտնէ ո՛չ թէ մէկը չորսին, այլ չորսը մէկին գումարող մը եւ ահաւասիկ խառնարան մը՝ որ կը կոչուի հայկական քաղաքականութիւն:
Հանդիսատեսի մը պէս կը հետեւիմ լրատուական քաոսին. մին Մոսկուայի մեծագոյն հրապարակներէն մէկուն վրայ կեցած կը պահանջէ վարչապետի հրաժարականը, ուրիշ մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, իր ննջարանէն, կը փորձէ «առաջնորդել» հայրենիքի փրկութեան համար մղուող պայքար մը. ուրիշ մը Յունաստանի իր հանգիստին մէջ «Կեցցէ՜ Նիկոլ վարչապետ» մը կը բարձրացնէ. ամէ՛ն տեղէ ձայն կը բարձրանայ, մէկը միւսին հակոտնեայ. մին կ՚աստուածացնէ վարչապետը, իսկ ուրիշ մը զինք «բոզ» կը կոչէ. մին կը պատուէ ոստիկանը, իսկ ուրիշ մը զանոնք դաւադիր կը կոչէ. անցեալին նմանատիպ պայքարներ կը կոչուէին «սեւ»ի եւ «սպիտակ»ի կռիւ, այդ բոլորը նմանեցնելով ճատրակի ռազմախաղին, սակայն այսօր կը տեսնենք, թէ այդ բոլորը բազմապատկուելով դարձած է բազմերանգ:
Այս բոլորին մէջ պէտք է ընդունինք, որ մենք պայքարիլ չենք գիտեր, որովհետեւ մեր մօտ պայքարի հասկացողութիւնը խառնուած է հակառակութեան, թշնամութեան ու ոխի հետ: Մեր հասկացողութեամբ գիտակից մարդու պայքարը կ՚ըլլայ հետեւեալ ձեւով. Սեդրակը կը հաւատայ, որ պէտք է երկուքը երեքին գումարել եւ այդ իր համոզումը կը փորձէ հաստատել տրամաբանական ապացոյցներու եւ հիմքերու վրայ՝ տէր եւ պաշտպան դառնալով իր համոզումներուն. միւս կողմէ Սարգիսը կը հաւատայ, թէ երեքը պէտք է գումարել երկուքին եւ կու տայ իր տրամաբանական պատճառները եւ այդտեղ տրամաբանութիւնն ու խելքը կը պայքարին. սակայն մեր քաղաքական իրականութեան մէջ կը պակսի այդ հասունութիւնը. Սեդրակը կը հայհոյէ Սարգիսին, Սարգիսը՝ Սեդրակին եւ առանց տրամաբանական պատճառներու եւ հիմքերու երկուքը կը դառնան թշնամիներ, որովհետեւ իրենց համոզումներուն ետեւ հաստատուած բացատրութիւն մը կամ հիմք մը չունին:
Քաղաքական պայքարը այսօր վերածուած է երգիծանքի. դժբախտաբար այդ բոլորը մեր ժողովուրդին մէջ սպաննեց նաեւ պայքարը ղեկավարներու հանդէպ. այսօր ունինք անողնաշար ժողովուրդ մը, որ առանց խորհելու պատրաստ է նախատել ու անպատուել կաթողիկոսը, վարչապետը, նախագահը, եկեղեցականն ու քաղաքական գործիչը. գաղափարներու տարբերութիւնը ամօթ բան մը չէ. համոզուած ենք, որ երկիր մը բարելաւելու համար հարկաւոր են իրար հակառակ կարծիքներու գոյութիւնը, որպէսզի այդ պայքարին մէջ իւրաքանչիւր համոզում թրծուի եւ ստանայ աւելի յստակ դիրքորոշում. պէտք է նուազագոյն գիտակցութիւնը ունենալ, որ Ա. Խումբի առաջնորդը «բոզ» կոչելով Բ. խումբը չի՛ զօրանար. ո՛չ ալ հակառակը. այդ քայլին կը դիմեն բոլոր անոնք, որոնք տակաւին չունին գիտակցութիւնը, թէ ի՛նչի համար պայքար կը մղեն. անոնք պարզապէս կը հետեւին եւ կը կրկնեն այն բոլորը՝ ինչ կը լսեն, առանց հաստատ դիրքորոշում մը ունենալու: Սակայն պէտք չէ մեղադրել ժողովուրդը, որ նոյն բանը կը տեսնէ նաեւ պետական մակարդակի վրայ. այսօր ազգային ժողովի մէջ իւրաքանչիւր խմբաւորում իր նպատակներն ու համոզումները հետապնդելու փոխարէն զբաղած են ցեխարձակումով եւ եթէ քիչ մը չամչնան, պատրաստ են իրարու մազ փետել:
Մեր համոզումը այն է, որ ներկայ իշխանութիւնը սիրող ո՛չ մէկ հայ իրաւունք ունի ապրելու հայրենիքէն դուրս. եթէ Յունաստանի մէջ ապրող մեր հայորդին կը հաւատայ, որ Հայաստանը ներկայ իշխանութիւններու օրով իր բարձրագոյն վերելքը կ՚ապրի, ապա պատճառ եւ իրաւունք չունի շարունակել մնալ Յունաստանի մէջ. նոյնն է պարագան սփիւռքի մէջ ապրող բոլոր հայերուն՝ որոնք սէր կը տածեն ներկայ իշխանութիւններու հանդէպ. եթէ Յունաստան ապրող մեր հայորդիին կարծիքով՝ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ իր կատարեալ բարձրութեան մէջ կը գտնուի, սակայն ինք չ՚ուզեր վերադառնալ հայրենիք՝ կը նշանակէ այդտեղ կայ սխալ մը:
Հիները ունէին խօսք մը. «Կին չունեցողին համար կնիկ ծեծելը դիւրին է». նոյն վիճակը կ՚ապրին բոլոր անոնք, որոնք հայրենիքէն հեռու հայրենիքը փրկել կը փորձեն. տակաւին մի քանի օրեր առաջ ամերիկաբնակ հայորդի մը կ՚ըսէր, թէ Հայաստան Փաշինեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանը յառաջդիմեց ու զարգացաւ. մեր Հայաստանի մէջ ապրիլը բախտաւորութիւն կը նկատէր... քաղաքավարութիւնը չարտօնեց, որ ըսեմ «եթէ այդպէս է մի քանի տասնեակ տուներդ ծախէ եւ վերադարձիր Հայաստան...»:
Մերօրեայ քաղաքական կեանքը այսպիսին է. պարզապէս «պազար» մը, ուր ամէն մարդ իր նեխած ապրանքը կը փորձէ ծախել: Մեր հայրենիքը թշնամիներու պէտք չունի. մենք ուրիշը չե՛նք յոգնեցներ. մենք մեզ կամաց կամաց կը ջարդենք ու բնաջինջ կ՚ընենք. թող իրենք չյոգնին:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս խուլերը կը հասկնան այն բառերը՝ որոնք երբեք լսած չեն:
Պատասխան. Խուլերը բառերը չեն լսեր, սակայն զանոնք կը հասկնան տարբեր ձեւերով. ինչպէս օրինակ՝ ձեռքերու շարժումով եւ կամ շրթներու շարժումները կարդալով. այդ բոլորը հասկնալու մէջ կ՚օգնէ նաեւ գրաւոր նիւթը: Ժեստերու լեզուն կ՚ապահովէ բառերու տեսողական հասկացողութիւնը, ինչ որ մեծապէս կ՚օգնէ, որպէսզի անոնք հաղորդակցութեան մէջ ըլլան օգտուելով դէմքի արտայայտութիւններէն: Գրաւոր նիւթը կ՚օգնէ, որպէսզի անոնք ճանչնան ու հասկնան բառերը. անոնք մեծ մասամբ կը գործածեն շուրթերը կարդալու մեթոտը, ինչ որ թոյլ կու տայ հասկնալ այդ բառի հնչիւնն ու կառուցուածքը եւ առանց լսելու պատկերացում մը կ՚ունենայ այդ բառին շուրջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան