ՀԱՅՈՑ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ Զ. ԵՒ Է. ԴԱՐԵՐՈՒՆ
Ե. դարու Հայոց գրականութեան կրօնական ազդեցութիւնը ժամանակի պահանջքի բնական արգասիքն էր. տառերու գիւտով Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը կամեցան հայ ժողովուրդը կրօնապէս կրթել, քրիստոնէական բարոյական գաղափարները անոր մէջ հաստատել, եւ անոնք իրենց նպատակին հասան։ Արդարեւ, անոնց դաստիարակած սերունդն է, որ 451 թուականի պատերազմի մէջ իր կեանքը զոհեց իր ճշմարիտ կրօնի եւ ազգի ազատութեան եւ փրկութեան համար։
Հայ գրականութեան եկեղեցական-հոգեւոր բնաւորութիւնը Ե. դարէն յետոյ եւս շարունակուեցաւ, բայց ո՛չ այնքան իբրեւ հայ ազգի կեանքի ընդհանուր պահանջներու հետեւանք, որքան հայոց եկեղեցին պաշտպանելու համար քաղկեդոնականներու, նեստորականներու եւ նման հերետիկոսներու՝ քրիստոնէութեան կողմէ դատապարտուած վարդապետութիւններու հետեւողներու դէմ, որոնք կ՚աշխատէին իրենց հետեւողներ վաստկիլ հայ երկրի մէջ։
Սակայն ժողովուրդը կարելի չէր միմիայն կրօնական գրութիւններով գոհացնել. պէտք էր անոր հարցասիրութեան եւ հետաքրքրութեան եւս բանականութիւն տալ. այս իսկ պատճառով հայ գրականութեան շրջանակը հետզհետէ կ՚ընդլայնի։ Ժողովուրդի մտային լուսաւորութեան գործը եւ գրականութիւնը դարձեալ կը շարունակէ կեդրոնացած մնալ եկեղեցականներու ձեռքը։ Բայց նոյն եկեղեցականները կ՚աշխատին տալ նաեւ ժողովուրդին վիպական, փիլիսոփայական եւ գիտական աշխատութիւններ՝ միշտ ի հարկէ կրօնական գոյնով՝ ժողովուրդին միտքը լուսաւորելու համար։
Հայ գրականութեան այս կերպարանափոխութիւնը յայտնի է «հելլենական շրջան» անունով՝ որ կը սկսի Զ. դարու սկիզբները։
Երկրորդ Թարգմանիչներու կամ «հելլենաբան մատենագիրներ»ու պատճառով, արդարեւ, մեր առաջին թարգմանիչներու ընտիր լեզուն աղաւաղուեցաւ, մեծապէս ենթարկուելով յունարէնի ազդեցութեան, բայց անոր փոխարէն ան հարստացաւ նոյն շրջանին՝ թարգմանուեցան կամ գրուեցան գիրքեր, որոնք հայ ժողովուրդին տեղեկութիւն կու տային բնական երեւոյթներու, բոյսերու եւ կենդանիներու մասին՝ աշխարհի այլ եւ այլ մասերու, ինչպէս եւ փիլիսոփայութեան, քերականութեան, թուաբանութեան, աշխարհագրութեան եւ այլ գիտութիւններու մասին։
Այս կերպով, հայ միապաղաղ կրօնական գրականութիւնը պէսպէսութիւն եւ նոր գոյն ստացաւ, եւ հայ լեզուն ալ՝ նոր գաղափարներ արտայայտելու համար նորահնար բառերով ճոխութիւն եւ սեղմութիւն՝ խտութիւն։
Այդ շրջանին, հայոց դպրոցները երկու կարգի կը բաժնուէին։ Տարրական դպրոցները կը գտնուէին գիւղերու կամ քաղաքներու մէջ՝ քահանաներու հսկողութեան տակ։ Իսկ բարձրագոյն դպրոցները՝ վանքերու մէջ։
Տարրական դպրոցներու մէջ կ՚ուսուցանուէր գրել-կարդալ. նախ՝ սաղմոսը, ապա Աւետարանը եւ ապա Հին կտակարանի գիրքերը։ Կ՚ուսուցան-ւէր նաեւ առոգանութեան կանոնները, հռետորական եւ տրամաբանական նշանները, եւ այդ գիտութիւնը կը կոչուէր «իմաստութիւն երգողական տառերու»։
Այս գիտութիւնները կ՚աւանդուէին Ե. դարուն եւ շարունակուեցաւ աւանդուիլ նաեւ յաջորդ դարերուն։ Իսկ բարձրագոյն դպրոցները՝ վանքերու մէջ կեդրոնացած, եւ որոնց թիւը ժամանակի ընթացքին շատ բարձրացաւ, որոնցմէ դուրս եկան բոլոր հայ մատենագիրները։ Այս վանքերէն մանաւանդ նշանաւոր եղան Տաթեւի վանքը՝ Սիւնեաց վարդապետարանը։ Ըստ աւանդութեան՝ Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց այս դպրոցին մէջ ստացած էին Ս. Գիրքը մեկնելու իրաւունքը։ Նաեւ՝ Արշարունեաց վարդապետարանը, Սեւանի վանքը, Ժ. դարուն՝ Կամրջաձորի, Հոռոմոսի եւ Նարեկի վանքը. իսկ ԺԱ. դարուն՝ Սանահին եւ Հաղբատ վանքերը։ Այս վանքերու մէջ ուսում ստացան շատ նշանաւոր գրողներ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024