ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 2 - ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ…
Հայրս ճիշդ էր երբ կ՚ըսէր. «Միայն փիւսկիւլլիւ չես, ծայրն ալ պոնճուխ մը կախուած է»։ Յետոյ Հայաստան տարբեր ձեւի արտայայտութիւն մը լսեցի՝ «Քայլող փորձանք»… Այո՛, ուրկէ կու գան զանազան, զարմանազան այս փորձանքները եւ պտտահողմի նման կը փաթթուին ինծի… Թերեւս բոլորին ալ կը պատահի, բայց ես շատ լուրջ կ՚ընդունիմ, աւելի ճիշդը կեանքը հետաքրքրական պէտք է դարձնել, երանգ տալ…
Տակաւին երկու ամիս չէ եղած ուսանելու երթալս Հայաստան, փորիս աջ կողմը ցաւ մը եւ հետն ալ ոտքս կը քաշուի։ Քիչ մը դիմացայ եւ արդէն անտանելի էր, օգնութեան հասաւ Հրաչը՝ զարմիկս, դիմացի սենեակս կ՚ապրէր, համալսարանէն եկած էր եւ ամէն օր կը հանդիպէր հարցնելու համար, թէ ինչպէ՞ս եմ։ Չհասաւ հարցնելու, երբ տեսաւ դէմքիս սրտաճմլիկ արտայայտութիւնը. «Ի՞նչ ունիս, լաւ չես»։
-Այստեղս կը ցաւի եւ երթալով աւելի կը ցաւի, ոտքս ալ կը քաշուի, սիրտս կը խառնուի, բան մը կ՚ըլլամկօր…
-Ո՞տքդ ալ կը քաշուի, ասի կուրաղիք է, կեցիր տղաներէն մէկը կանչեմ։
Տղաներէն մէկը չէ, չորս-հինգը մէկէն եկան, բոլորը բժշկականի ուսանողներ, միայն բացատրութիւններէս հաստատեցին Հրաչին կասկածը, շատ արագ շտապ օգնութիւնը եկաւ եւ տասնհինգ հոգինոց թափօրով՝ հասանք Հանրապետական հիւանդանոց։
Ցաւս մոռցած կը մտածեմ. «Այս որքա՜ն սիրուած եմ, կարծես մեծ գերդաստանի մը անդրանիկ զաւակը պիտի լոյս աշխարհ գայ, բոլորը եկած են… Ի՜նչ լաւ է հոս հիւանդանալը… Ուզածիդ չափ շփացիր Անուշ…»։
Ի՜նչ շփանալ… Չտեսածս տեսայ…
Տղոց մտահոգութիւնը ուրիշ էր, անշուշտ։ Հիւանդանոցներուն պայմաններուն լաւ ծանօթ էին, յետոյ պատասխանատու կը զգային իրենք զիրենք աղջիկներուն նկատմամբ, այսինքն սփիւռքէն եկած ուսանողուհիներուն, մանաւանդ տարիքով ալ փոքր էի, նոր եկած էի, յամենայնդէպս, ինչու չէ, ամէն բանի մէջ լաւը պիտի գտնես, փորձանքիս մէջ թող շփանայի…
Շփանայի՞…
Վիրահատութիւնը քսան րոպէ է ըսին… Ի՜նչ քսան րոպէ, մէկ ժամը անցաւ, երկուքն ալ անցաւ, երեքին կը մօտենայ… Ամբողջովին չեն մարեցուցած, տեղային թմրեցուցած են։ Տեղայինը ո՞րն է, ուրեմն պէտք եղածին չափ չեն «տեղայնացուցած» որ ամէն բան կը զգամ…
Բժիշկները կը խօսին, կը խնդան, իրենց փորը չէ բացուածը…
Տեսայ յոյս չկայ իրենցմէ, սկսայ երգել, նոր սորվեր էի.
«Աչերիդ մէջ
Ցողն արցունքի
Ինձ ասում ես
Գնա, գնա»։
Բայց ես երգեցի
«Աչերիս մէջ
Ծով արցունք է
Ձեզ չեմ ասում
Մորթէ՛, մորթէ՛»։
Ցաւը սկսաւ թեթեւնալ, վստահ աւելի «տեղայնացուցին», ինչ որ է, քիչ մը խօսեցայ, քիչ մը խնդացի, քիչ մը երգեցի, երեք ժամուան մէջ ամբողջ կեանքս՝ ծնած արաբական քաղաքէս մինչեւ հայրենասիրութեամբ տոչորուած Հայաստան ուսանելու գալս պատմեցի։
-Չէ՞ որ քսան րոպէ ըսիք, ինչո՞ւ այսքան երկար կը տեւէ։
-Կուրաղիքդ չենք գտնում։
Յետոյ գտան, բորբոքած, մեծցած, գացեր ողնայարիս տակը պահուըտեր է, չ՚ուզեր բաժնուիլ ինձմէ, բայց ես մեծահոգաբար այդ վիրահատութեան սենեակին զոհասեղանին դրի կուրաղիս ու չհաւատացի այդ դժոխքէն դուրս գալուս։ Արդէն կէս-գիշերը անցած էր։
Չորս հոգինոց սենեակ մը տարին զնս։
Անկիւնի անկողինը պարապ էր։
Ցաւերու մէջ, ուժասպառ, չեմ յիշեր ինչպէս փոխադրուեցայ անկողին եւ մէկ բան կը մտածէի. «Ճիշդ նոյն օրը՝ դեկտեմբերի 17-ին, ծնողքս Ամերիկա կ՚երթային եղբօրս քով, հիմա օդին մէջն են, ես ալ տեսակ մը օդին մէջն եմ, բայց ուրիշ պարագաներու տակ»։
Աչքերս կը բանամ անուշ ժպիտով տիկին մը.
-Ուրկէ՞ ես աղջի ճան, անունդ ի՞նչ է։
-Անուշ, Երուսաղէմէն։
-Ես ալ Եգիպտոսէն, 48-ին ներգաղթած ենք։ Անունս Մարի է։
-Շատ ցաւ ունիմ, մամաս կ՚ուզեմ, տիկին Մարի, ինծի փաթթուկ մը ըրէ հաճիս։
Ա՜խ, մայրս քովս ըլլար…
Բայց տիկին Մարին շատ հոգատար էր։ Ինք ալ լեղապարկը անգին քարերով նուիրած էր։
Ձեւով մը լուսցաւ։
Տիկին Մարիին տղան եւ հարսը եկան այցելութեան, խօսքի մէջ գիտցայ, որ Նորք Մարաշ կ՚ապրին։
-Ամմօ Կայծակը, թանթիկ Արփինէն կը ճանչնա՞ք։
-Կայծակին ո՞վ չի ճանաչում։
Երկու ժամ ետք ամմօ Կայծակին տղան՝ Արամը ուտելիքներով, անուշեղէններով եւ ընկերոջ հետ քովս էին արդէն։
Շունչ մը առի։
-Անուշ ճան, մի քանի օր յետոյ, որ դուրս գաս, ուղղիղ մեր տուն կ՚երթանք, այդպէս է պապայի մամայի որոշումը։ Առանձին պէտք չէ մնաս, հոգատարութեան պէտք ունիս։
-Հիմա ալ կրնամ երթալ…
Արամը ամէն օր համով ճաշերով եւ ինչ բանի որ կարիք ունէի առած կ՚այցելէր։
Հիւանդանոց գալու ժամանակ շատ արագ գիշերանոցս, խալաթս, հողաթափս եւ անշուշտ ակռայի վրձին եւ այլն հասցուցած էի պզտիկ պայուսակի մը մէջ հետս բերել։
Գիշերանոցս, խալաթս եւ հողաթափս բաց եւ գոց նարնջագոյնի խառնուրդ՝ շատ գեղեցիկ էին։ Հանել տուին ըսելով, որ հիւանդանոցին տուած գիշերանոցը պէտք է հագուիմ։ Ծալեցի քովի դարակս դրի հետս տարած տոպրակի մը մէջ։ Տոպրակները շատ յարգի էին այն ատեն։ Բայց հողաթափս, որ չէր վրիպած մաքրողին աչքէն, բնականաբար մահճակալիս տակը մնաց։
-Էս չստիկը ինծի տուր։
-Չեմ կրնար, ես ի՞նչ պիտի հագուիմ։
-Իմը քեզ կու տամ։
-Չեմ ուզեր, յետոյ առողջ չէ մէկը միւսին հողաթափը կամ կօշիկը հագուի։
Առողջ չըլլալը քիթէս եկաւ։ Առտուները հողաթափս թրջուած կը գտնէի եւ աղտոտ։ Երկու-երեք օր ետք պատահական ի՜նչ տեսնեմ… Մաքրող կինը գետին սրբելու աղտոտ դոյլին մէջ կը խոթէ-կը հանէ հողաթափս։ Խելքս պիտի թռցնէի։
-Ի՞նչ կ՚ընես…
-Իյա՜, առողջութիւնից էիր խօսում, բա չլուամ մաքուր-մաքուր հագնես։
Անկիրթ կնիկ, այդ աղտոտ ջուրը գլուխէդ վար պէտք էր թափէի, որ մաքուր-մաքուր չհասկցած մաքրութիւնդ ընէիր։
Գիշերանոցիս եւ խալաթիս ճակատագիրն ալ փայլուն չեղաւ։ Չեմ գիտեր ջուրը խոթեց-հանեց թէ ոչ, բայց դարակէս անհետացեր էին։
Կ՚երեւի լուալու տարեր էր, որ մաքուր-մաքուր հագուիմ։
Չէ՞, որ մաքրութիւնը առողջութիւն է…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
•շարունակելի…
Երուսաղէմ, 2024