ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՄԷԿ ՁԵՌՔՈՎ ԱՂՕԹՔ
Այժմ, մենք կը պատրաստուինք ներկայ գտնուելու յեղափոխական վտանգաւոր համագումարներէն մէկուն, որ տեղի պիտի ունենայ տարածաշրջանի երկիրներէն մէկուն մէջ, ուսումնասիրելու համար՝ թէ իրենց ժողովուրդները ի՛նչ դժուարութիւններ կը կրեն եւ սերունդներէ ի վեր ի՜նչ կ՚երազեն:
Ահաւասիկ այն պատուիրակութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն զանազան զարգացած երկիրներ բոլոր առումներով՝ իրենց քաղաքականութեամբ եւ ձգտումներով: Անոնք կը հպարտանան իրենց աշխատանքներով եւ համագումարի դահլիճ կու գան՝ լուրջ դէմքերով ու խոժոռուած ճակատներով, որպէս ապացոյց իրենց գիտակ ըլլալուն՝ պատմական իրադարձութիւններուն եւ խոր ու ընդհանուր մտածողութիւն ունենալնուն: Ահաւասիկ համագումարի նախագահը կարօտով կ՚ողջագուրուի եւ կը ձեռնուի անոնց հետ, լրագրողներու, հաղորդագրողներու եւ նկարողներու հոծ բազմութեան մը մէջ: Կարճ բարի գալուստի խօսքէ մը ետք, կը խնդրէ դահլիճը դատարկել ու կը մնան միայն պատուիրակութեան նախագահները, որովհետեւ նիստերը գաղտնի պիտի ըլլան ու շա՜տ կարեւոր:
Դռները գոցուեցան, վարագոյրները վար իջան, իսկ պատուիրակութիւններու նախագահները սեղանին վրայ իրենց տեղերը առին՝ իրենց կուրծքերուն վրայ թաշկինակ մը ունենալով… Մի քանի վայրկեան ետք, եւ ահա սեղանը ծածկուեցաւ ամաններով, բաժակներով ու սափորներով: Ապա սկսան մօտենալ մատուցողներն ու խոհարարները՝ իրենց ձեռքերուն վրայ ունենալով բրինձի, հաւի, միսի, ձուկի, կանաչեղէնի, խորովածի, խարտալի եւ քավիարի ափսէները, ինչպէս նաեւ այլ տեսակներու նախուտեստներ: Երբ ներկաները ամբողջացուցին սեղանին վրայ եղածները կրծելն ու սպառելը, եւ քիչ մը ետեւ գացին իրենց աթոռներուն վրայ, իրենց բաճկոններուն եւ վերնաշապիկներուն կոճակները քակեցին՝ որպէսզի իրենց փորերը իրենց բնական դերը ստանան քննարկումներուն մէջ, նիստի նախագահը կանգնեցաւ եւ թաշկինակը տակաւին իր կուրծքին վրայ, ու ըսաւ.
-Եւ հիմա պիտի քննարկենք երրորդ աշխարհէն ներս սովի խնդիրը:
Ժողովականները աւարտելէ ետք այս խնդիրին մասին քննարկումը՝ իր բոլոր կողմերով, տնտեսական, շուկայական եւ քաղաքական առումներով, անոնք հանդէս եկան շարք մը առաջարկներով եւ յանձնարարականներով, ինչպէս նաեւ մի քանի յանձնաժողովներ ձեւաւորեցին, որպէսզի այս առաջարկներն ու յանձնարարականները ուսումնասիրեն: Ապա օրակարգի երկրորդ նիւթին անցան:
Երեք ժամ անցնելէ ետք, առանց որ նիստի նախագահը յաջողի դասաւորել նստելու տեղերը քննարկումներու սեղանին շուրջ, ինչպէս նաեւ սպառնալէ ետք իւրաքանչիւր անհատի, որ ատրճանակ կը պարզէր՝ վռնտելու զինք ժողովներու դահլիճէն, ստիպուեցաւ պատուիրակութիւններու նախագահներու թիւին չափով աւելի փոքր սեղաններ բերել՝ քան կեդրոնական քննարկումներու սեղանը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին սեղան մը, առանձին բարձրախօս մը, առանձին մոխրաման մը, իր առանձին պատկերացումները ունենալէ ետք, առանց իսկ գլուխը բարձրացնելու եւ նայելու իր գործընկերներուն, նիստի նախագահը կանգնեցաւ ու ըսաւ.
-Եւ հիմա… պիտի քննարկենք արաբական միութեան խնդիրը:
Այս նիւթին մասին լայնածաւալ ուսումնասիրութիւն մը կատարելէ ետք, իր բոլոր պատմական, մտաւոր, իսլամական եւ քրիստոնէական հարթութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ ժողովականները շարք մը առաջարկներ ու յանձնարարականներ կայացուցին, եւ մի քանի յանձնաժողովներ կազմելէ ետք՝ այս առաջարկներն ու յանձնարարականները սերտելու համար, օրակարգի յաջորդ նիւթին անցան:
Իւրաքանչիւր պատուիրակութեան նախագահ քննարկումներու սեղանին վրայ իր տեղը առնելէ ետք, եւ անոր դիմաց իր թղթածրարները, փաստաթուղթերը, առաջարկներն ու հարցադրումները, առնչուած՝ անցեալին, ներկային ու ապագային, նիստի նախագահը կանգնեցաւ եւ իւրաքանչիւր ներկայի բերանին կպչուն ժապաւէն մը դրաւ՝ ականջէ միւս ականջ հասնող, ու ըսաւ.
-Իսկ հիմա պիտի քննարկենք արաբական աշխարհէն ներս ազատութեան խնդիրը:
Այս խնդիրին վերաբերեալ անկեղծ, խորունկ եւ համապարփակ քննարկումներ ունենալէ ետք, ժողովականները ներկայացուցին շարք մը առաջարկներ ու յանձնարարականներ, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ յաւելեալ առաջարկութիւններ եւ յանձնարարականներ ներկայցնել որոշեցին:
Համագումարը աւարտելէ ետք իր օրակարգին բոլոր կէտերը, աւարտական նիստը կայացուց պատուիրակութիւններու անդամներուն, լրագրողներու եւ վերահսկողներու ներկայութեամբ… Համագումարի նախագահը հետեւեալ համատեղ յայտարարութիւնը կատարեց.
-Ներդաշնակ, իրերհասկացողութեան, խորաթափանց ոգիով եւ պատասխանատուութեան մթնոլորտի մէջ, համագումարը իր նիստերը կայացուց այս թուականէն այս թուականը: Ժողովը իրեն ներկայացուած բոլոր խնդիրները ուսումնասիրելէ, իր ստացած բոլոր հաշուետուութիւնները վերանայելէ, իր ձեռքերուն մէջ եղող բոլոր առաջարկներն ու յանձնարարականները քննարկելէ, նայելէ, զննելէ եւ կայացնելէ ետք առաջին, երկրորդ եւ տասներորդ որոշումները կը յայտարարէ… Ի վերջոյ, կը բացայայտէ օտար երկիրներու թշնամական մտադրութիւնները արաբ ժողովուրդին նկատմամբ, որպէսզի յետամնաց, բաժնուած, անօթի մնայ, տառապելով վերջ չունեցող մղձաւանջի մը տակ. մղձաւանձ՝ մտահոգութեան, սովի, յուսահատութեան, որպէսզի ան իր սայթաքումէն չկանգնի ու չմասնակցի այս աշխարհին մէջ իր եւ մարդու ճակատագիրի կերտումին: Հետեւաբար, յետ այսու, պիտի չարտօնենք ո՛չ Ամերիկային, ո՞չ Ռուսաստանին, ո՛չ Եւրոպային եւ ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ օտար երկրի մը, ինչ ալ ըլլան անոր ուժն ու ազդեցութիւնը, որ խաղայ այս ժողովուրդի ապահովութեան, ազատութեան եւ արժանապատուութեան հետ, որովհետեւ այդ մե՛ր մասնագիտութիւնն է…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 32
Վաղարշապատ